Սեպտեմբերի 15-էն 17 երկարող շաբաթավերջին, Պուէնոս Այրէսի մէջ գումարուեցաւ ՀՅԴ Ամերիկաներու եւ Աւստրալիոյ մարմիններու Ռայոնական ժողովը: ՀՅԴ Բիւրոյի կազմակերպած այս ժողովին կը մասնակցէին ՀՅԴ Ամերիկայի Արեւելեան եւ Արեւմտեան շրջաններու, Արժանթինի, Աւստրալիոյ եւ Գանատայի կեդրոնական կոմիտէներու ներկայացուցիչները:
Ռայոնական ժողովի օրակարգի վրայ էին հայրենի ու համահայկական հարցեր, Արցախի ներկայ ճգնաժամէն սկսեալ մինչեւ Հայաստանի ներքին թէ արտաքին մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ Սփիւռքի ընդհանուր իրավիճակն ու վերոյիշեալ երկիրներու հայ գաղթօճախներու դիմագրաւած անմիջական թէ հեռանկարային խնդիրները:
Յաջորդական նիստերու ընթացքին, համապարփակ քննարկման ենթարկուեցան օրակարգի բազմաբնոյթ կէտերը, ճշտուեցան հասարակաց մարտահրաւէրներն ու անոնց դիմակայման քայլերը: Ժողովը յատկապէս կանգ առաւ Ամերիկաներու եւ Աւստրալիոյ հայ գաղութներու առաջընթացի, երիտասարդութեան հայեցիութեան ու մարտունակութեան ոգիի խթանման, Հայ Դատի գործունէութեան շեշտակի ընդլայնման եւ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեան վերականգնման ծրագիրներուն վրայ:
ՀՅԴ Ամերիկաներու եւ Աւստրալիոյ մարմիններու Ռայոնական ժողովը իր եզրայանգումը կատարեց՝ վերանորոգ վճռակամութեամբ եւ ուժերու համադրուած լարումով, տուեալ շրջաններու կազմակերպական ներուժը կեդրոնացնելու Արցախի ճգնաժամի հանգուցալուծման, արցախահայութեան ինքնորոշման իրաւունքի կենսագործման եւ Հայաստանին սպառնացող դաւադրութիւնները ձախողութեան մատնելու առաջադրութեանց վրայ:
Վերջապէս, Ռայոնական ժողովը ողջունեց Սեպտեմբերի 16-ին կազմուած Արժանթինի Արցախի Բարեկամներու Խումբը (Artsakh Forum of Argentina), որ կու գայ աւելնալու տարբեր երկիրներու մէջ գործող Արցախի զօրակից բարեկամներու ցանցին վրայ:
Դիւան
ՀՅԴ Ամերիկաներու եւ Աւստրալիոյ մարմինների
Ռայոնական ժողովի
17 սեպտեմբեր, 2023 թ.
Պուէնոս Այրէս