Սոչիի մէջ ընդունուած յայտարարութիւնը ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման «նոր շունչ» կը բանայ։ Այս մասին, ըստ News.am-ի, ըսած է Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան՝ մեկնաբանելով Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն հանդիպման իբրեւ արդիւնք նախօրէին Սոչիի մէջ ընդունուած յայտարարութիւնը։
Անդրադառնալով այն հարցումին, թէ արդեօք փաստաթուղթը չ՝ընդգրկեր ընդհանուր ձեւակերպումներ, եւ արդեօք կ՝արտացոլէ՞ սպասումները, նախարարը ըսած է. «Նման տպաւորութիւն կրնայ ստեղծուիլ միայն առաջին հայեացքէն։ Որովհետեւ լրիւ գնահատական տալու համար անհրաժեշտ է դիտարկել փաստաթուղթը զուտ մասնագիտական տեսակէտէ, ոչ միայն փաստաթուղթը ինքը, այլեւ նախորդող իրադարձութիւնները, հանդիպումէն ետք ըսուածը, այդ շատ կարեւոր միջոցառման բոլոր մանրամասները։
Նախ՝ մենք շատ դրական կը գնահատենք հանդիպումը, անիկա շատ կարեւոր է։ Բանակցութիւնները եւ յայտարարութիւնը ինքը ցոյց կու տան, որ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը լուծուած չէ։ Այո, ոչ մէկ տեղ Ղարաբաղը նշուած է, բայց նշուած չէ նաեւ այն, որ հակամարտութիւնը լուծուած է։ Ռուսիոյ նախագահը նաեւ կը նշէ, որ ամբողջ շարք մը հարցերու վերաբերեալ չեն յաջողած, օրինակ, ընդհանուր յայտարար գտնել։ Բայց գործընթացը պէտք է շարունակուի։ Փաստօրէն, գլխաւոր շեշտը կը դրուի տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան պահպանման վրայ, եւ ժամանակի գործօնը նոյնպէս կ՝ընդգծուի, որ պէտք է աշխատիլ այդ ուղղութեամբ։
Այո, շատեր կը կարծէին, թէ հանդիպման ժամանակ պիտի ըլլայ հակամարտ6ութեան վերջնական լուծում։ Բայց ատիկա, ի հարկէ, միամիտ մօտեցում է, քանի որ ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութիւնը ամենաբարդերէն է, եթէ ամենաբարդը չէ մեր մոլորակին վրայ։ Մանաւանդ, եթէ համեմատենք յայտարարութիւնը եւ մինչեւ անոր ընդունումը շրջանառուող կարծիքները, կ՝երեւի ակնյայտ յառաջընթաց այն ուղղութեամբ, որ չարտօնուի Ղարաբաղի անեքսիան Ազրպէյճանի կողմէ եւ աւելի երկար կարգաւորման պատրաստութիւն ըլլայ, որ շատ կարեւոր է։ Ուստի, մենք կը կարծենք, որ հանդիպումը դրական եւ օգտակար էր, եւ անիկա ազրպէյճանա-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման «նոր շունչ» կը բանայ։ Մենք բարձր կը գնահատենք Ռուսիոյ Դաշնութեան միջնորդական առաքելութիւնը։ Մեզի համար Ռուսիան եղբայրական երկիր է, եւ ռուս ժողովուրդը եղբայր ժողովուրդ է։ Բայց ասիկա չի նշանակեր, թէ մենք դէմ ենք ոեւէ մէկուն, այդ մասին ըսուած է նաեւ Ստեփանակարետի հանրահաւաքին։ Ոչ ոք իրաւունք ունի նախատելու մեզի ասոր համար»։