Ա.Ա.
Ատրպէյճանի բռնապետական իշխանութիւնները, անտեսելով միջազգային ընտանիքին եւ որոշումներու մայրաքաղաքներուն արարողակարգային յայտարարութիւններն ու կոչերը, կը շարունակեն ճնշել ընդդիմութիւնը՝ կալանաւորելով իշխանութիւններուն քաղաքական ուղղութիւններուն հետ անհամաձայն լրագրողներ, կուսակցական գործիչներ, մտաւորականներ, ակադեմականներ եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։
Պաքուի իշխանութիւններուն համար մեղադրանք չի պակսիր։ Անոնք ոեւէ անձի կրնան շատ դիւրութեամբ ուղղել այնպիսի մեղադրանքներ, որոնք ոչ մէկ աղերս ունին իրականութեան հետ։ Ամէնէն դասական մեղադրանքները օտար դրամանիշերու գումարներ լուալու եւ թմրեցուցիչներու մաքսանենգութեան կը վերաբերին։ Սակայն վերջերս՝ յատկապէս Արցախեան երկրորդ պատերազմէն ետք, նկատառելի է նոր մեղադրանք մը՝ գործակցութիւն թշնամի հայկական ուժերուն հետ եւ անոնց հաշւոյն լրտեսութիւն։ Այս մեղադրանքը քարոզչական եւ հոգեբանական բաւական լուրջ բովանդակութիւն ունի եւ կրնան ատրպէյճանական ամբոխը լարել թիրախ ընտրուած անձին դէմ, մանաւանդ երբ նկատի առնուին հայերու հաշւոյն լրտեսութիւն կատարելու մեղադրանքը, որ չափազանց ծանր է եւ կրնայ մեղադրեալին ամբողջ գերդաստանը դուրս մղել ատրպէյճանական հասարակութենէն եւ զանոնք վերածել երկրին մէջ անբաղձալի տարրերու։
Երիտասարդ ազգագրագէտ Իքպալ Ապիլով ամիս մը առաջ ձերբակալուեցաւ՝ պետական դաւաճանութիւն եւ հայերու հաշւոյն լրտեսութիւն կատարելու ծանր մեղադրանքներով։ Ապիլովի կալանաւորումէն ամիս մը ետք կալանաւորուեցաւ երիտասարդ քաղաքագէտ Պահրուզ Մամետով, որ իր յօդուածներուն մէջ սուր քննադատութեան թիրախ կը դարձնէր Իլհամ Ալիեւի բռնատիրական վարչակարգը։ Երկու երիտասարդներն ալ Փրակայի պետական համալսարանէն ստացած են իրենց դոկտորականները եւ կ՛ապրէին Ատրպէյճանի մէջ։ Ապիլով, ծագումով թալիշ մըն է, կ՛ուսումնասիրէր երկրին փոքրամասնութիւններուն իրաւունքներու ձեռքբերման եւ ապահովման հոլովոյթները եւ անոնց կապուած խնդիրները, լուսարձակի տակ բերելով իշխանութիւններուն որդեգրած խտրականութեան քաղաքականութիւնը։Ապիլովի ուսումնասիրութիւնները եւ Մամետովի յօդուածները պատճառ դարձան, որ այս երկուքը մեղադրուին «հայերու հաշւոյն լրտեսութիւն կատարելու» յանցանքով եւ բանտ նետուին, որպէսզի լռութեան մատնուին։
Մամետովի մեծ մայրը՝ իր թոռնիկին անհետացումէն օրեր ետք ստացած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը, ուր կին մը ներկայացած է իբրեւ փաստաբան եւ յայտնած է, որ Պահրուզ Մամետով կը մեղադրուի հայերուն հաշւոյն լրտեսութիւն կատարելու մեղադրանքով։ Ձերբակալեալին մեծ մայրը նաեւ յայտնեց, որ ոստիկաններ խուժած են իրենց բնակարանը, զոր խուզարկած են՝ գրաւելով երիտասարդին համակարգիչը եւ այլ անձնական իրեր։ Փաստաբան ներկայացած կինը հաղորդած է, որ Մամետովի նկատմամբ պետական դաւաճանութեան մեղադրանք առաջադրուած է, որովհետեւ անոր համակարգիչին մէջ գտնուած են հայերու հետ կատարած նամակագրութիւններ։ Ան հայերու թելադրանքով հակապետական յօդուածներ սկսած է հրատարակել, ինչ որ պետական դաւաճանութեան համազօր յանցագործութիւն կը համարուի։ Մամետովի խնդիրը այն է, որ ան կը քննադատէր յետ պատերազմեան Ատրպէյճանը եւ կը գրէր, որ մարդիկ աւելի հարցեր եւ դժգոհութիւններ ունին՝ յետ պատերազմեան Ատրպէյճանի մէջ, ուր Արցախի գրաւման վերաբերեալ խանդավառութիւնը սկսած է չքանալ։Ան նաեւ եւրոպական լրատու աղբիւրի մը յայտնած էր, որ Արցախի ամբողջական գրաւումէն ետք, Ատրպէյճանի խաղաղութեան օրակարգը յաղթողի օրակարգն է, որ ամբողջութեամբ կ՛անտեսէ Ղարաբաղի հայերուն քաղաքական իրաւունքները՝ Հայաստանի ստիպելով,որ ընդունի խաղաղութեան ատրպէյճանական տարբերակը։Նման մեկնաբանութիւններ կատարող ատրպէյճանցի ակադեմականը ահա կը կալանաւորուէր եւ անոր դէմ կ՛արձակուէր «հայերու հետ գործակցելու եւ անոնց հաշւոյն լրտեսութիւն կատարելու» մեղադրանքը։ Խաղաղասիրական գաղափարներ ունեցող ատրպէյճանցի լրագրողը ահա թիրախը կը դառնար Պաքուի իշխանութիւններուն, որոնք իբրեւ թէ կը ջանան խաղաղութեան համաձայնագիր մը կնքել Հայաստանի հետ։
Միւս կողմէ, Ապիլովի դէմ ուղղուած մեղադրանքը կը պարունակէ ծիծաղելի դրուագներ, որոնք ակնյայտ ապացոյցներ են, թէ Պաքուի իշխանութիւնները կանխամտածուած քաղաքականութիւն կը վարեն՝ ընդդիմադիրներու ձայնը լռութեան մատնելու համար։ Ապիլով Թալիշի Ազգային Ակադեմիա կազմակերպութեան հիմնադիրներէն է։Ան «հայերու հաշւոյն լրտեսութիւն» կատարած է, երբ կազմակերպութեան ամսագրին մէջ հրատարակած է հայ պատմաբան Գառնիկ Ասատրեանի յօդուածները։ Ասիկա բաւարար «ապացոյց» է, որ Ապիլով վերածուի հայերու հաշւոյն լրտեսութիւն կատարող անձի մը։ Խորքին մէջ Ապիլովի յանցանքը այն է, թէ լուսարձակի տակ կը բերէ Ատրպէյճանի մէջ տառապող եւ փոքրամասնութեան մը ունեցած իրաւունքներէն զրկուած թալիշներուն հարցերը եւ խնդիրները։ Տեղին է նշել,որ թալիշները Ատրպէյճանի մէջ կ՛ենթարկուին ճնշումներու եւ զրկուած են սեփական լեզուով կրթութիւն ստանալու հնարաւորութենէն։
Ատրպէյճանի ամբողջատիրական վարչակարգը կը տառապի հալածախտէ։ Անոր այնպէս կը թուի, թէ բոլոր այլախոհները հայերու հաշւոյն լրտեսութիւն կատարող դաւաճաններ են, որոնք պէտք է կալանաւորուին։ Պաքուի իշխանութիւններուն համար Հայաստանի հետ խաղաղութեան համաձայնագիր կնքելու գործարքը ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ պահանջներու եւ նոր պահանջներու փաթէթներու ներկայացում, որպէսզի կնքուի համաձայնագիր մը, որ ըլլայ Ատրպէյճանի բոլոր շահերուն համահունչ պայմանագիր մը։ Այս ընթացքին ներքին մաքրագործման հոլովոյթը կը շարունակուի։