Հայրենիքի փրկութիւնը անյետաձգելի է – Բ.

Հայրենիքի փրկութիւնը անյետաձգելի է – Բ.

Ս. Մահսէրէճեան

Ճամբու քարտէսներու աճուրդ

«ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ ԱՅՍՊԷՍ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼ»

                Առանց մտահան ընելու նախորդ սիւնակին մէջ մեր մատնանշած՝ միջազգային եռեւեփումներուն ընդհանուր պատկերն ու անոնց ազդեցութիւնը նա՛եւ մեր հայրենիքին վրայ, եկէ՛ք, կեդրոնանանք Հայաստանի դիմագրաւած տագնապներուն վրայ:

                Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի հայուն համար, մէկ բան յստակ է ու անվիճելի, ի՛նչ որ ալ ըլլան այսօրուան իշխանաւորներուն ստապատիր հաւաստիքներն ու քարոզները: ԱՅՍ ԸՆԹԱՔԸ ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼ, ԱՆՅԱՊԱՂ ՊԷՏՔ Է ՍԱՆՁԵԼ ԳԱՀԱՎԻԺՈՒՄՆ ՈՒ ԱՐԳԵԼԱԿԵԼ ՆՈՐ ԿՈՐՈՒՍՏՆԵՐ: ԻՇԽԱՆԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆԸ ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ ՀՐԱՄԱՅԱԿԱՆ Է, հոգ չէ թէ կան հաւկուրներ, որոնք կը շարունակեն դաւանիլ, թէ «ժողովուրդին կողմէ ընտրուած իշխանութիւնը» պէտք է մնայ անհպելի, իրաւունք ունի ընելու այն՝ ինչ որ «երկաթէ մուճի մանտաթը» կը թելադրէ, ժամանակ տալ, որպէսզի իր ծրագիրները իրականացնէ, այսինքն՝ հայրենիքը… վերջնական կորուստի մատնէ:

Անմիջապէս ընենք կարեւոր շեշտադրում մը. իշխանափոխութիւնը լուծում չէ, այլ լուծման առաջին քայլը: Իշխանափոխութեան առաջադրանքը կը պարզէ ծիածանէն աւելի շատ գոյներ: Մէկ կողմէ՝ կայ ամէն բան օրէնքի եւ արդարադատութեան ճամբով, սահմանադրական կարգով իրականացնելու ուղին, իսկ միւս ծայրը կայ ի հարկին բիրտ ուժի դիմելու ընտրանքին դրօշը: Առաջին ուղին կտրեց բազմաթիւ հանգրուաններ, բայց չհասաւ յաջողութեան, իսկ երկրորդը (թէեւ որոշ չափով ամբոխահաճ) չէ փորձուած եւ անկէ պէտք է ամէն ձեւով խուսափիլ, որովհետեւ կրնայ երկիրը նետել քաղաքացիական պատերազմի մէջ:

                Անկախ ձեւէն, իշխանափոխութեան պահանջը ընդարձակ հող շահած է եւ կը հնչէ մասնաւորաբար բոլոր այն շրջանակներէն, որոնք նախանձախնդիր են հայրենիքի փրկութեան եւ գոյատեւման պահպանման: Այս լայն ճակատին մաս կը կազմեն խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական ընդդիմադիրները, կուսակցութիւններ, քաղաքական հին ու նոր համախմբումներ, մտաւորականներ ու արուեստագէտներ, զինուորականներ ու Եկեղեցին (Էջմիածին եւ Անթիլիաս), Սփիւռքի գերակշիռ հատուածը, նաեւ անոնք՝ որոնք այս կամ այն նկատառումով (ընդհանրապէս՝ յարգելի) իրենք զիրենք չեն ուզեր կապուած տեսնել իբրեւ ընդդիմադիր ճանչցուած միաւորներուն, սակայն համաձայն են որ օրհասական վիճակը պէտք է կասեցնել շուտով: Այս լայն ճակատէն դուրս կը մնան, հազար ու մէկ հաշիւով, իշխանութեան շեփորահարները, թէեւ սպասելի է, որ հոն ալ աչք բացողներ ըլլան: Փաշինեանի սկսած շարժումին միացածներէն շատեր այսօր արդէն լայն բացած են իրենց աչքերն ու ուղեղները, դարձած են իշխանութեան սուր քննադատներ:

                «Իշխանափոխութիւնը անձետաձգելի է» յայտարարող իւրաքանչիւր խմբաւորում եւ միաւոր՝ հրապարակ կու գայ փրկարար առաջադրանքներով, որոնց հասարակ յայտարարը կը կազմեն քանի մը պահանջներ. ամէն բանէ առաջ՝ բոլոր հայրենասէր ու հայրենապաշտպան ձեռքերու միացումը, մասնակի՝ կուսակցական կամ խմբակային հաշիւները մէկդի դնելը, ատելութեան մթնոլորտին՝ հանդուրժողութեամբ փոխարինումը:

                Հակառակ այս անկեղծ եւ նախանձախնդիր կեցուածքներուն, վէճ չվերցնող պահանջներուն, յիշեալ առաջադրանքները իրականութեան վերածող ՈՒԺը մարմին չի ստանար: Այդպէս էր 44-օրեայ պատերազմի նախօրեակին, անկէ անմիջապէս ետք, այդպէս է նաեւ այս հանգրուանին, երբ բոլոր տուեալները ցոյց կու տան, թէ ՄԹՆՈԼՈՐՏԸ ՀԱՍՈՒՆԱՑԱԾ Է:

«ՃԱՆԱՊԱՐՀԻ ՔԱՐՏԷՍ»-ՆԵՐ

                Դրսեւորուած կեցուածքներուն մասնիկաւոր պատկերի գլուխկոտրուկը (jigsaw puzzle) ցարդ կարելի չէ եղած լուծումի հասցնել ու յստակացնել համայնապատկերը, որովհետեւ հրապարակի վրայ են քանի մը «ճանապարհի քարտէս»ներ, որոնք թէեւ ունին բազմաթիւ հասարակաց գիծեր, սակայն միաձուլումի չեն հասած: Կրնանք մինչեւ իսկ ըսել, թէ կայ լուծման առաջարկներու՝ ճամբու քարտէսներու աճուրդ մը…: Անոնց միաձուլումը պիտի հասնի ամբողջական ճանապարհի քարտէսի մը՝ աշխատանքի համընդհանուր ծրագիր մը, որուն խորագիրը պիտի ըլլայ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՃԱՄԲՈՒ ՔԱՐՏԷՍԸ, իսկ անոր իրականացումը պիտի վստահուի ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ՎԱՐՉԱԿԱԶՄԻ ՄԸ:

                Հանելուկը լուծումէ քանի մը քայլ ետ կը մնայ, հեռու կը պահուի, որովհետեւ (եթէ մեր շուրջը դիտենք քննական աչքով) Հայաստանի մէջ եւ անոր շուրջ կուտակուած են բազում՝ դրսեցիներու «ճամբու քարտէսներ», որոնց հետ անցեալին շատ աւելի աղերս ունէր եւ կը ներդաշնակուէր մեր հայրենիքը, քան ներկայիս: Արտաքին ճամբու քարտէսները զիրար կը խաչաձեւեն, կը կտրատեն, Հայաստան դրուած է ընտրանքի աճուրդի դիմաց, ընտրանքներուն գումարը կ’երթայ ի վնաս Հայաստանի: Թուենք քանի մը հատը, իսկ մնացեալը դժուար չէ հետեւցնել:

ԹՈՒՐՔԻԱ ԵՒ ԱԶՐՊԷՅՃԱՆ ունին ՍԵՓԱԿԱՆ ՇԱՀԵՐԸ միաձուլող՝ միացեալ ճամբու քարտէսը, որուն գլխաւոր խորագիրն է համաթուրանական հին ծրագիրին իրականացումը, Օսմանեան կայսրութեան վերականգնումը: Անհրաժեշտ չենք նկատեր փաստերը ցանկագրել, սկսելով բազմաճիւղ պատերազմներէն, մինչեւ Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը զինուորական-քաղաքական-դիւանագիտական միաձուլման տանող քայլերը: Այս առաջադրանքին իրականացման համար, երկու «եղբայր երկիրներ»ուն միջեւ գործակցութիւնը առաջին հերթին կը նպատակադրէ վերջնականապէս կուլ տալ Արցախը, յետոյ պատառ-պատառ՝ Հայաստանը, սկսելով Սիւնիքէն, հասնելով Տաւուշ, Սեւան եւ ի վերջոյ՝ Երեւան: Չմոռնանք, որ հին-թուրանական ծրագիրին այլ արտայայտութիւններուն ականատես ենք Կիպրոսի, Սուրիոյ, Իրաքի մէջ, Յունաստանի ուղղութեամբ եւ այլ շրջաններու մէջ: Համաթուրանականութեան ճամբու քարտէսը Հայաստանի դիտանկիւնէն, նորութիւն չէ, սակայն եթէ հայկական եւ արտաքին գործօններ անցեալին յաջողած էին զայն զսպել, խափանել, այսօրուան աշխարհը տարբեր իրականութիւն կը պարզէ. այդ իրականութիւնները չտեսնելը, հրամցուած ընտրանքներով կոյր-կոյր տարուիլն ու թշնամիէն խաղաղութիւն մուրալը, անոր հեռաւոր ու մօտիկ անցեալի, մինչեւ այսօր շարունակուող բազմերես ոճիրներուն վրայ աչք փակելը, աւելի՛ն, ուղղակի եւ անուղղակի քայլերով անոր լծակից-կամակատար ըլլալը՝ սպառնալիք են հայկական ճամբու քարտէսի մը գոյառման: Եւ ՔՊ-ական իշխանութիւնը անվիճելի փաստեր հրամցուցած է, թէ «խաղաղութիւն պիտի բերենք»ով եւ «ապագայ կայ»ով գծագրուած ճամբու իր քարտէսին մէջ Հայաստանին ու հայութեան համար դրական նշոյլներ կարելի չէ փնտռել, այդ քարտէսին վրայ հոսող գետերուն եւ վտակներուն ջուրերը կը դարձնեն թշնամիին եւ անոր զօրակիցներուն ջաղացքները: Փաշինեանական խումբին կողմէ այս իրականութեան իրազեկման նշոյլները ցարդ գործնական շարժում չեն աւետեր:

ՌՈՒՍԻԱ ունի ի՛ր ճամբու քարտէսը. Խորհրդային միութեան մականը ժառանգած իրողական կայսրութիւնը մօտաւորապէս մէկ ու կէս տարիէ ի վեր ինքզինք դէմ յանդիման գտած է ուղղակի եւ յարաճուն յարձակումի: «Պաղ Պատերազմ»ին դադրեցումին յաջորդած՝ մեղմացումի փուլը մանր քայլերով վերականգնեց դարաւոր հակադրութիւններն ու մրցակցութիւնները, ստեղծեց նոր փոթորիկ: Անմիջականօրէն, ամէնէն տաք գօտին Ուքրանիան է, սակայն կան նաեւ Կովկասը, Կեդրոնական Ասիան, Արեւելեան Եւրոպան, չմոռնանք նաեւ Ափրիկէն ու այլ աշխարհամասեր (որոնք երբեմն դուրս կ’իյնան հայկական ռատարներէն): Ռուսական ճամբու քարտէսը կը պահանջէ, որ Մուսկուա, ԻՐ ՍԵՓԱԿԱՆ ՇԱՀԵՐՈՒՆ ՊԱՀՊԱՆՄԱՆ ՀԱՄԱՐ, հող-ենթահող չկորսնցնէ անցեալի եւ ներկայի իր ազդեցութեան գօտիներուն, ներառեալ Կովկասի մէջ: Այդ առաջադրանքէն մղում կ’առնեն, օրինակի համար, Արցախի մէջ ռուսական ուժերու առաքելութեան, կամ գոնէ որոշ ներկայութեան մը այս կամ այն ձեւով պահպանումը: Ըսինք՝ այս կամ այն ձեւով, որովհետեւ եթէ հայկական կողմը տեղ մը ընկրկում ցուցաբերէ, պարելով Արեւմուտքէն հնչող եղանակներու կշռոյթով, Ռուսիա արդէն իսկ որոշ փոխընտրանքներու հողը պատրաստած է, բաւական սերտ կամուրջներ ստեղծած՝ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ հետ (իսկ թէ յառաջիկայի զարգացումները ի՞նչ կրնան բերել՝ կարելի է խօսիլ այլազան մեկնաբանութիւններով): Նմանապէս՝ Հայաստանի մէջ իր ներկայութեան շարունակումը, որուն համար, ան ի գործ կը դնէ Հայաստանի հետ իր ունեցած բազմաբնոյթ կապերը (զօրակայան, սահմանապահ ուժեր, կորիզային կայանը եւ նոր հնոցներու ծրագիր, տնտեսական եւ առեւտրական կապեր՝ նկատի ունենալով, որ հայկական արտածումներու եւ ներածումներու մէկ գլխաւոր հասցէն կը հանդիսանայ Ռուսիան): Նոյն այդ ՍԵՓԱԿԱՆ ՇԱՀԵՐՈՒՆ թելադրանքէն, եւ ո՛չ միայն Հայաստանի շահերու երաշխաւորումէն կը բխին Հայաստանէն դէպի Նախիջեւան ու Ազրպէյճան ճամբաներու բացումը, այսինքն՝ հարաւէն պաշարումէ խուսափումը: Եւ ահա, Ռուսիա եւ Թուրքիա տեղ մը նոյն լեզուն կը խօսին, երբ Հայաստանի կը թելադրուի բանալ Թուրքիոյ հետ ճամբաները եւ առեւտուր զարգացնել: Արտակարգ իմացականութեամբ հանճար ըլլալու պէտք չկայ, թէ ի՛նչ պէտք է հասկնալ սահմաններու բացումը «երրորդ կողմերու քաղաքացիներու երթեւեկին համար» յայտարարութենէն: Յստակ է, չէ՞, որ Հայաստանի համար շատ յուսալի բան չկայ հոն, այլ թշնամիին կոկորդը տաքցնող, ախորժակը սրող… շիշ մը քոնիաք:  Եւ տարօրինակ չէ, որ արեւմտեան պատժամիջոցներուն եւ ծանօթ սեղմումներուն, պաշարումներուն դիմաց, Ռուսիա որոնէ արտաքին աշխարհին բացուելու նոր ճամբաներ, փորձէ անոնց հսկողութիւնը առնել իր հակակշիռին տակ, ի հարկին Հայաստանը դարձնէ իրեն դէմ ճշդուած արգելքներն ու պատժամիջոցները շրջանցող-անտեսող «կայան»ի, այս գետնի վրայ ալ գործակցութիւն ստեղծէ… ՆԱԹՕ-ի անդամ Թուրքիոյ (եւ անոր հովանին վայելող Ազրպէյճանի) հետ, ինչպէս կ’ընէ ուքրանական ցորենի, վառելանիւթի արտածումի եւ այլ համաձայնութիւններու ճամբով: Իսկ Արեւմուքը վերջերս քանի մը առիթներով Հայաստանի զգուշացում ուղղեց, որպէսզի հրաժարի Ռուսիոյ նպաստելու դերէն…: Եթէ պահ մը տարուինք յոռետեսական մեկանաբանութիւններով, այսինքն՝ Ուքրանիոյ մէջ եւ այլուր՝ ի վերջոյ նահանջներ կրելու Ռուսիոյ հաւանականութիւններով, կրնանք հետեւցնել, որ պատմութեան մէջ յաճախ կրկնուած յառաջդիմութիւններ-նահանջներ դրուագներուն մէկ նորացումը կրնայ հրամցուիլ նաեւ Հայաստանին: Ցարական կայսրութեան հզօրացման արշալոյսէն ասդին, Ռուսիա բազմիցս շարժած է դէպի հարաւ եւ արեւմուտք (նկատի ունենանք միայն կովկասեան եւ նախ՝ պարսկական, յետոյ՝ օսմանեան-թրքական տարածքները), յետոյ իր դիմաց գտած է Արեւմուտքի ուժերուն համախմբումը (19-րդ դար, Աշխարհամարտերէն առաջ եւ ետք), յաճախ նահանջած է եւ Հայաստանը անտեսելով՝ կամուրջներ նետած է Թուրքիոյ հետ: Տուժողը եղած է… Հայաստանը (չմտնենք պատմութեան տարբեր փուլերու ոլորապտոյտին մէջ): 

ԱՐԵՒՄՈՒՏՔԸ՝ Միացեալ Նահանգներ եւ Եւրոպա, ԻՐԵՆՑ ՇԱՀԵՐԷՆ ԲԽԱԾ՝ ունեցած են եւ ունին իրե՛նց ճամբու քարտէս(ներ)ը, որ եթէ մերթ ընդ մերթ ձեւափոխումի կ’ենթարկուի կամ տարբեր դիմագիծերով կը դրսեւորուի, ըստ էութեան՝ կը մնայ անփոփոխ: Այդ քարտէսները մերթ ընդ մերթ շօշափելի կամ ձեւական կերպով նպաստած են մեր հայրենիքին, սակայն հաշուեկշիռը յայտնի է, որովհետեւ ո՛չ անցեալին, ո՛չ ալ ներկայ փուլին Արեւմուտքի նաւերը չեն պատրասուիր բարձրանալու Հայաստանի լեռները: Մարդիկը յայտարարած են եւ իւրանչիւր քայլափոխի կը կրկնեն ու կը կրկնեն. «Հայե՛ր, ձեզ եւ ձեր սեւ ու կապոյտ աչքերը կը սիրենք, բայց Թուրքիան մեր դաշնակիցն է, Ազրպէյճանի վառելանիւթին կարիքը ունինք»…: Ընդհանուր պատկերը աչքի առջեւ ունենալու համար, անհրաժեշտ չէ 10-15 դար ետ երթալ՝ մինչեւ պարսկական-բիւզանդական մրցակցութեան կամ հայկական Կիլիկոյ փուլերը, կը բաւէ վերադառնալ գոնէ մինչեւ… 17-րդ դար, երբ սկսան ուրուագծուիլ հայկական արդի դիւանագիտութեան առաջին քայլերը՝ Էջմիածինի ժողով, Իսրայէլ Օրիի առաքելութիւններ (նախ Արեւմուտք, յետոյ՝ Ռուսիա եւ անկէ՝ Պարսկաստան): Մնացեալը ծանօթ եւ անմոռանալի, ուսանելի պատմութիւն է նաեւ այսօր (Օրիի արձանը կանգնած է վտանգուած Ջերմուկի մուտքին…): Արեւմուտքի շահերուն ակնոցով, Թուրքիա մը կամ Ազրպէյճան մը կրնան շատ աւելի «ժողովրդավարական» երեւիլ, քան «ժողովրդավարութեան պասթիոն Հայաստան»ը, զոր կը ծափողջունեն… բերանացի: Պէտք չէ մոռնալ, որ Արեւմուտքը այդքան ալ միատարր ճակատ չէ, կան ներքին մրցակցութիւններ (Բրիտանիա-Եւրոպա, Եւրոպա-Միացեալ Նահանգներ, Եւրոպական համայնքին անհատ երկիրներու միջեւ մրցակցութիւններ եւ այլ), սակայն տեղ մը հասարակ յայտարարը կը մնայ անփոփոխ, կը վերանորոգուի, նոր դիմակ կը կրէ պարբերաբար: Յստակ է, որ եւրոպական անհատ երկիրներու շահերը ընդհանրապէս կ’ուղղորդուին Ուաշինկթընէն (յաճախ անոր հլու կամակատարին վերածուելու գնով), սակայն նաեւ ենթակայ կը մնան գեր-մեծապետական շահեր ունեցող ու անանուն պահուող միաւորներու, որոնք որոշ սահմաններու եւ տարածքներու մէջ չեն սահմանափակեր իրենք զիրենք, մինչեւ իսկ ձեւեր եւ միջոցներ կը գտնեն հակառակորդ հռչակուածներու հետ գործակցութեան, ըսել կ’ուզենք՝ շահակցական հաշիւներ դասաւորելու: Այս ընդհանուր պատկերը տեսնողին համար, «սեփական շահերու հետապնդում» տարազումը արդէն կը ստանայ շա՜տ աւելի խորք ու տարբեր տարածք: Ու բացայայտ է, որ Արեւմուտքի շահերն ու հաշիւները այսօր դասաւորուած են այնպիսի ձեւերով, որ պաշտօնապէս հակառակորդ-մրցակից հռչակուած Ռուսիան պէտք է կրճատումի ենթարկուի Եւրոպայի, Կովկասի, Ասիոյ մէջ եւ այլուր, սակայն այս կամ այլ ոլորտին մէջ «տակից գործակցութիւնը» կը շարունակուի: Սա նորութիւն չէ: Այդպէս էր այն օրերուն, երբ խորհրդային բանակները մտան Աֆղանիստան, այդպէս էր՝ երբ կը մղուէին Վիեթնամի ու նախընթաց (Քորէա եւ այլուր) պատերազմները, այդպէս էր՝ երբ Հարաւային Ամերիկայի մէջ իշխանութեան կը բերուէին խունթաները, Քուպան կը դառնար կորիզային պատերազմի մը պատռոյգը, այդպէս եղաւ նաեւ Ծոցի պատերազմներուն (Իրան-Իրաք, Իրաք-Քուէյթ…), «Արաբական Գարուն»ի տեղափոխութիւններու (Թունուզէն Եգիպտոս, Իրաք, Սուրիա, Լիպիա, Եմէն եւ այլն), արաբ-իսրայէլեան հակամարտութեան փուլերուն:

ԻՐԱՆը ունի ի՛ր ՍԵՓԱԿԱՆ ՇԱՀԵՐՈՒՆ թարգմանը եղող ճամբու քարտէսը, որ նոր բովանդակութիւն եւ ձեւաւորում ստացաւ Շահին տապալումէն ետք եւ տարբեր փուլեր կերտեց նախ՝ Խումէյնիի, ապա նաեւ իրերայաջորդ կառավարութիւններու օրերուն: Իրան, որ որոշ ատեն հարկադրաբար կորսնցուցած էր կայսերական երկիր մը ըլլալու հանգամանքը, ահաւասիկ աւելի քան 40 տարիէ ի վեր աշխարհին կը յիշեցնէ իր ա՛յդ դիմագիծը: Կարեւոր գիծերէն մէկն է այն, որ Թեհրան կ’ուզէ մշակել եւ վարել իր սեփական ծրագիրները (զինում, կորիզային ուժանիւթ, ազդեցութեան գօտիներու վերականգնում եւ ծաւալում): Ան իր դիմաց կը գտնէ գլխագիր Արեւմուտքը՝ Ուաշինկթընի գլխաւորութեամբ (չանտեսենք Իրանի հարցով Ուաշինկթընի եւ եւրոպական կարգ մը երկիրներու միջեւ ի յայտ եկող տարակարծութիւնները): Արեւմուտքը իբրեւ լծակից-դաշնակից ունի Իսրայէլն ու Թուրքիան (նաեւ վերջինին պոչիկը՝ Ազրպէյճանը), հոգ չէ թէ վերջինները մերթ ընդ մերթ կը գործածեն բարեկամութեան եւ գործակցութեան դիմակները: Եւ ինչպէս որ Ռուսիոյ համար կենսական է հոս-հոն քանդել իրեն պարտադրուող պաշարումի օղակները, նմանապէս ալ Իրան կը ցանկայ, մի՛շտ իր հաշիւներէն ելլելով՝ քանդել Արեւմուքի ու անոր գործակից-դաշնակիցներուն պարտադրած պաշարումները, սեղմումները: Բացայայտ է, որ արցախեան 44-օրեայ պատերազմէն ետք, Իրանի դէմ պաշարման նոր օղակ մը ստեղծուեցաւ… Արցախէն խլուած հողատարածքին վրայ (անկախ անկէ, որ Ռուսիան ալ Թուրքիոյ հետ միացեալ կեդրոն ունեցաւ Աղտամի մէջ, վերը մեր մատնանշած՝ սեփական հաշիւներուն դիտանկիւնէն),  Պաքու-Թեհրան լարուածութիւնը ելեւէջներ կ’արձանագրէ, սակայն ճիգ կ’ըլլայ զայն պահելու (Արեւմուքի) հակակշիռին տակ, ճիշդ այնպէս՝ ինչպէս մասնագէտ հրշէջներ կ’ընեն երբեմն, այսինքն՝ հրդեհի հակամէտ անտառային գօտիներու մէջ կը ստեղծեն «հսկողութեան տակ պահուող» հրդեհներ: Հիւսիսէն ամբողջական պաշարումէ խուսափելու իր շահերուն դիտանկիւնէ՛ն է որ Իրան ոգի ի բռին դէմ կը կանգնի «Զանգեզուրի միջանցք»ի ծրագիրին եւ, բնականաբար, իր շահերը կը զուգորդուին Հայաստանի շահերուն: Անդին, Իրանի սեփական շահերն ու հաշիւները մօտիկ անցեալին զուգորդումի դաշտեր գտան մէկ կողմէ՝ Չինաստանի ու միւս կողմէ՝ Ծոցի երկիրներու հետ, որոնք աւանդաբար թշնամական-մրցակցային են եղած, ու Ծոցի երկիրները ընդհանրապէս շարժած են Արեւմուտքէն եկող նշաններով (շատ տարբեր չէ պարագան լարախաղաց Թուրքիոյ, որ ՆԱԹՕ-ի դաշնակից է): Հայաստանէն չխզուելու Իրանի տենդին դիմաց, թաւշեայ զգեստ կրողներուն իշխանութեան գալէն ետք, Արեւմուտքէն բացայայտ եւ քողարկեալ պատգամներ կը հասնին Երեւան, որպէսզի խզուի Իրանէն (Պոլթընէն մինչեւ Փըլոսի եւ այլք): Մինչդեռ, Թուրքիոյ հաշիւներէն բխող ճամբու քարտէսը կը պահանջէ, որ «Զանգեզուրի միջանցք»ը բացուի, Ազրպէյճան միանայ Նախիջեւանի ու Թուրքիոյ, եւ սա կը ստեղծէ իրանեան, ռուսական եւ թրքօ-ազերիական հաշիւներու խաչաձեւում, ինչ որ վերոյիշեալ ներդաշնակութիւնը կը դարձնէ ժամանակաւոր:

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ճամբու քարտէսը, ինչպէս նշեցինք, վերջին տարիներուն կը թուի կորսուած ըլլալ: Այս կորուստը չի համեմատուիր կատակերգական այն ժապաւէններուն, որոնք գործածեցին «Կորսուած Հայաստանի մէջ» կամ «Կորսուած եւ գտնուած Հայաստանի մէջ» խորագիրները…: Եթէ Ուքրանիոյ պատերազմին բռնկումէն ու 44-օրեայ պատերազմէն առաջ, Հայաստան ունէր որոշ ուղեցոյց եւ անոր հիմամբ՝ առաւել կամ նուազ չափով կը յարաբերէր, օրինակի համար՝ Մինսքի խումբին եւ այլոց հետ, վերջին տարիներուն, ըստ ամենայնի շատ բան կորսուած է եւ մատնուած՝ անորոշութեան: Եւ հարցը միայն այն չէ, որ Հայաստան դրուած է Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ ընտրութիւն կատարելու հարկադրանքին դիմաց, այլ նա՛եւ այն է, որ Երեւանի մէջ չկայ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՇԱՀԵՐԸ ԱՄԷՆ ԲԱՆԷ ՎԵՐ ԴԱՍՈՂ եւ այդ շահերէն մղում առող բազմակողմանի, համապարփակ ծրագիր մը, ճամբու քարտէս մը (նշեցինք որ կան մասնակի եւ յարգելի ծրագիրներ), հետեւաբար, ըստ ամենայնի ճիշդ են այն մեկնաբանութիւնները, որ Հայաստան դադրած է ԵՆԹԱԿԱՅ ըլլալէ, դարձած է ՍԵՌԻ ԽՆԴԻՐ, ձեւով մը՝ այս կամ այն ուժի ոտքերուն առջեւ նետուած գնդակ, կը թռի այն կողմը, ուր զինք կը նետէ տրուած հարուած մը: Ուրեմն, արդար են այն քննադատութիւնները, թէ Հայաստանի իշխանութիւններուն ճամբու քարտէսը կը ծառայէ բոլորին՝ թշնամիին թէ բարեկամ նկատուածներու շահերուն, բացի… Հայաստանի շահերէն: Պէտք չունինք ցանկագրելու: Տեղ մը արտասովոր խանդով կը վազեն դէպի Արեւմուտք, կը դաւանին, թէ ՀԱՊԿ-ին հետ պէտք է կապերը սահմանափակեն, մինչեւ իսկ՝ խզեն, կ’իյնան Ռուսիան մեր տարածքաշրջանէն վանելու ձգտող ուժերուն դաշտին մէջ, յետոյ կը յիշեն, թէ Ռուսիոյ հետ ունին դաշնակցային կապեր, կը մոռնան, որ քանի մը օր առաջ դրժած էին այդ իրականութիւնը, ունին տնտեսական եւ այլ ոլորտներու մէջ գործակցութիւն, շնորհակալութեան խօսքեր կը շռայլեն Մոսկուայի վարիչներուն: Ճամբու քարտէսի մը անյստակութիւնը, չըսելու համար՝ բացակայութիւնը, Երեւանը կը մատնէ այլ տեսակի այլանդակութիւններու, ինչպէս՝ Արցախը Ազրպէյճանի կազմին մէջ ճանչնալը, Հայաստանէն (Սիւնիք, Տաւուշ եւ այլուր) անվիճելի հողեր Ազրպէյճանին նուիրելու պատրաստակամութիւնը (իբրեւ յաւելուած՝ արդէն իսկ նուէր տրուածներուն եւ բռնագրաւուածներուն), Հայաստանի ապահովութեան համար երաշխաւորներու անտրամաբանական որոնումները (մինչեւ իսկ Ցեղասպանութիւն գործած, Արցախի դէմ ոճրագործներ արձակած եւ Ալիեւի ձեռքով նոր ցեղասպանութեան պատրաստուող Թուրքիոյ շալվարէն կախուիլը):

Եթէ մեր կարկինը քիչ մը աւելի տարածենք, կրնանք հակիրճ կերպով խօսիլ ՍԵՓԱԿԱՆ ՇԱՀԵՐ հետապնդող այլ՝ մեծ ու նուազ մեծ ուժերու, երկիրներու եւ խմբակներու մշակած ու հետապնդած ճամբու քարտէսներուն մասին, քարտէսներ՝ որոնց այս կամ այն գիծը կ’անցնի նաեւ Կովկասէն (Հնդկաստան, Չինաստան, արաբական աշխարհ եւ այլք), սակայն այս սիւնակին սկզբնաւորութեան նշեցինք, որ կանգ պիտի առնենք մեզի հետ անմիջականօրէն կապ ունեցողներուն վրայ, մնացեալին մասին հետեւութիւնները ձգելով ընթերցողի դատողութեան:

                Արդ, Հայաստան այսօր անյետաձգելի կարիքն ունի ՍԵՓԱԿԱՆ ՇԱՀԵՐԷ բխող ճամբու ամբողջական քարտէսի մը: Քարտէս՝ որ պիտի ըլլայ ԱԶԳԱՅԻՆ ՄԻԱՍՆՈՒԹԵԱՆ մարմնաւորումը եւ պտղաբերումի պիտի հասցէն հասունացած մթնոլորտը: Եւ այդ քարտէ՛սն է որ պիտի տայ պատասխանը այն հարցումին, թէ «այսօրուան իշխանութեան հեռացումը պահանջողները աւելի լաւ բան մը ունի՞ն»: Արդարեւ, առանց աւելի լաւ փոխարինողի մը՝ պայքարը ըստ էութեան պիտի շարունակէ դառնալ նոյն փակ օղակին մէջ:

Իսկ թէ ինչպէ՞ս պէտք է կազմել փոխարինող եւ փրկութիւնը ԳՈՐԾԻ ՃԱՄԲՈՒ ՄԷՋ ԴՆՈՂ ՔԱՐՏԷՍը՝ յաջորդիւ:

5-24 Յունիս 2023

Share