Հայրենիքի փրկութիւնը անյետաձգելի է

Հայրենիքի փրկութիւնը անյետաձգելի է

Ա. Ահաւոր փոթորիկներու ենթապատկերին առջեւ

Ս. Մահսէրէճեան

Նախաբանի պէս

            Այս եւ յաջորդելիք սիւնակներուն մէջ, ընթերցողս շռնդալի նորութիւններ պիտի չտեսնէ, ո՛չ ալ՝ անիւի կամ վառօդի գիւտը: Այս սիւնակներուն նպատակն է մօտաւոր  եւ, բնականաբար, ո՛չ լիակատար ուրուագծում մը կատարել այն իրադարձութիւններուն եւ անոնց գտած արձագանգներուն, մեկնաբանութիւններուն, արծարծուած անկեղծ առաջադրանքներուն, որոնք կը յուզեն Հայաստանն ու ողջմիտ՝ հայրենիքի լինել-չլինելուն հարցականներով մտահոգ հայը: Փորձ՝ առօրեայէն քիչ մը աւելի լայն ծիրի մէջ դիտելու կացութիւնը:

Խորքին մէջ, արձանագրուելիք մտահոգութիւններն ու առաջադրանքները երկար ատենէ ի վեր կը տողանցեն հայութեան քաղաքական կեանքին մէջ, հայրենի հողին վրայ եւ Սփիւռքի տարածքին: Յատկապէս 44-օրեայ պատերազմէն ասդին, Հայաստանի «գետնի վրայ» զարգացումները կը շարունակուին գահավէժ ընթացքով, արագօրէն իրարու յաջորդող փուլերով, որոնք մեր հայրենիքը կը տանին նորանոր կորուստներու: Ահազանգեր կը հնչեն, թէ պետութիւն ու հայրենիք կորստեան սեմին հասած են…: Ու թէեւ մեր նշումներն ու դիտարկումները առաւելաբար պիտի ընդգրկեն Հայաստանի ու հայութեան կեանքը, այսուհանդերձ, չենք կրնար, կարելի՛ չէ անտեսել այն դէպքերն ու աշխարհասասան զարգացումները, որոնք տեղի կ’ունենան մեր հայրենիքին անմիջակայ դրացնութեան մէջ եւ շատ աւելի հեռուները տարածուող հորիզոններու տակ: Փաստօրէն, աւելի քան մէկ տարիէ ի վեր շատ աւելի յստակ դարձած է, որ Գ. Աշխարհամարտ մը տեղի կ’ունենայ… մասնավճարներով: Նախորդ տասնամեակին, քիչ թէ շատ քողարկեալ այդ աշխարհամարտը հիմա կը մղուի բացայայտօրէն, դիմակները ընդհանրապէս վար առնուած են: Մեր անմիջական դրացնութեան մէջ համաթուրանական ծրագիրին վերաշխուժացումը, Իրանի շուրջ հիւսուող ճնշումները, անդին՝ Ուքրանիոյ պատերազմը, համայնավար կայսրութիւնը ժառանգորդ Ռուսիան նորանոր օղակներու մէջ սեղմելու ճիգերը (Ուքրանիան միայն մէկ օղակն է. երբ այս սիւնակներուն վերջին հպումները կը կատարէինք, միջազգային մամուլը ողողուեցաւ «Ռուսիան ներսէն պիտի պայթի»ի մեկնաբանութիւններով, ի լուր «Վակնէր» խմբակին ստեղծած փոթորիկին), Միացեալ Նահանգներու գլխաւորութեամբ՝ Չինաստանի դէմ շարժումները եւ նման «ակներեւ իրադարձութիւններ» (առանց անտեսելու ինքզինք հակասելու արտայատութիւնները) ձեւով մը շուքի մէջ կը ձգեն ո՛չ նուազ կարեւորութեամբ զարգացումներ, որոնք նշուածներուն բիրտ սաստկութիւնը չունին, սակայն կը շարժին նոյն հովերուն ազդեցութեամբ: Այս վերջիններէն կարելի է թուել Իրան-Սէուտական Արաբիա, հետեւաբար նաեւ Ծոցի երկիրներու եւ նոյն օղակին մէջ ինկող արաբական երկիրներու միջեւ մերձեցումի փորձերը, ափրիկեան եւ հարաւ-ամերիկեան երկիրներու հետ գործակցական կապերը խորացնելու Ռուսիոյ քայլերը, Արեւելեան Եւրոպայի մէջ հին վէրքերու վերաբացման փորձերը, նոյնինքն եւրոպացի դաշնակիցներու միջեւ հակադրութիւններն ու մրցակցութիւնները (որոնք կը զարգանան ամերիկեան շահերու ազդեցութեան թեր ու դէմ գիծերու վրայ), Ծայրագոյն Արեւելքի մէջ հին հակադրութիւններուն նոր շապիկ հագցնելու փորձերը…: Ասոնց զուգահեռ՝ յականէ-անուանէ թշնամի յայտարարուած երկիրներու եւ խմբաւորումներու միջեւ կը հաստատուին ու կը վերանորոգուին գործակցական կամուրջները, մաս մը՝ բացայայտ, ուրիշներ՝ «սեղանին տակէն»…

            Այս ու նման զարգացումներ պիտի կազմեն ենթապատկերը մեր դիտարկումներուն եւ քննարկումի փորձին: Պիտի չմտնենք այդ բոլորին մանրամասնութիւններուն մէջ, սակայն մտահան պիտի չընենք այդ բոլորը, նկատի ունենալով, որ երեւցող ու նուազ տեսանելի մրցակցութիւնները՝ առաւել կամ նուազ չափով՝ իրենց ներգործութիւնը ունին նա՛եւ մեր հայրենիքին վրայ: Հայաստան, որ մինչեւ քանի մը տարի առաջ ձեւով մը լուսանցքային դիրք ունէր տաք եւ յարատեւող տագնապներու բեմին վրայ, հիմա դարձած է կիզ-ա-կէտ մը, եւ այդ «կիզ»-ը ահաւոր կերպով կ’այրէ մեր հայրենիքը:

Բացայայտ է, որ աշխարհը ինկած է մեծ ու փոքր դաւադրութիւններու ալիքներու (դուք ըսէք՝ մրցակցութիւններու) գիրկը. հայրենի գետնի վրայ եղածները յաճախ մեզի ըսել կու տան, որ Հայաստա՛նն է դաւադրութեանց թիրախը, մինչդեռ Հայաստանը միայն մէկ օղակն է թիրախներուն, որոնք շարժման մէջ մտած են ու կը մտնեն պետական շահերու միջեւ մրցակցութիւններու հետեւանքով, իսկ եթէ երեւոյթներէն անդին նայինք, պէտք է տեսնենք, որ մղիչ ուժերը շատ աւելի վեր են անհատ պետութիւններէն, անոնք ըլլան արեւելեան թէ արեւմտեան, դաշնակիցներ թէ հակառակորդներ: Եւ այդ ուժերը՝ գեր-մեծապետական խմբաւորումներ են, բացառապէս շահակցութիւններու շուրջ կազմուած դաշնակիցներ եւ մրցակիցներ, որոնք իրենք զիրենք կը քողարկեն այս կամ այն երկիրի իշխանութեան կամ դաշինքին անուան տակ, սակայն խորքին մէջ, անոնք են երկիրներն ու դաշինքները ի՛սկապէս կառավարողները, շարժման մէջ դնողները կամ շարժումներ արգելակողները: Կը բաւէ միայն յիշատակել, որ նոյնինքն Ուքրանիոյ պատերազմին մէջ հրապարակաւ եւ սուր կերպով իրարու հակադրուողներ, բեմին այս կամ այն քուլիսին մէջ, ինչպիսի՜ գործակցութիւններ կը մշակեն ու կ’իրականացնեն, այնքան մը, որ մարդս երբեմն հարց կու տայ, թէ ուղղակի եւ անուղղակի զինեալ ճակատումի մէջ եղողներ ինչպէ՞ս կրնան գործակցութիւն տարածել՝ նմանապէս ուղղակի եւ անուղղակի միջոցներով: Հարց կը ծագի նաեւ, թէ խաղաղարար ճիգեր ինչո՞ւ կ’արգելակուին, կը ստեղծուի մինչեւ իսկ նստած ճիւղդ սղոցելու վիճակ…

Ինչպէս նշեցինք, մեր քննարկումներուն եւ դիտարկումներուն ընթացքին, մի՛շտ ալ ի մտի պիտի ունենանք մեծ ու փոքր կարկիններով կազմուած օղակներ, որոնք երբեմն կը թուին ունենալ նոյն կեդրոնը, բայց յաճախ շրջանակները իրար կը կտրեն, կը խաչաձեւեն, իսկ այդ խաչաձեւումներուն վրայ ինկող երկիրներ ու շրջաններ կը դառնան մեծագոյն տուժողները, վնասուողները:

Մեր Հայաստանը, կամայ թէ ակամայ, ցատկած ու նստած է օղակներու խաչաձեւման կէտերէն մէկուն վրայ: Սա… նորութիւն չէ: Հին դարերէ ի վեր, Հայաստան գտնուած է միջ-ցամաքային խաչմերուկի վրայ, մեր պատմութեան մէջ յաճախ հանդիպած ենք «կռուախնձոր» պատկերին: Այսօր ալ Հայաստանը կռուախնձոր-թիրախ մըն է, անմիջականօրէն՝ թուրք-ազերիական ախորժակներու, իսկ եթէ օղակը տարածենք՝ ռուսական, իրանեան, արեւմտեան եւ արեւելեան շահերու պատճառով: Յստակ շարժում կայ Ռուսիան Կովկասէն եւ այլ շրջաններէ վանելու, Իրանի պաշարումը աւելի եւս խստացնելու: Կռուախնձոր Հայաստանը անցեալին ծանր վնասներ կրած է նման վիճակէ, մատնուած է օրհասական կացութեան, լինել-չլինելու վտանգի դիմաց եղած է, սակայն նաեւ յաջողած է կտրել «Գորդեան հանգոյց»ներ եւ վերապրիլ, պետութիւն վերականգնել, հայապատկան հողերու վերատիրանալ, պետական կառոյցներ ստեղծել եւ այլն: Այսօր, դարձեալ կը գտնուինք օրհասական վիճակի մէջ, մեր հայրենիքը, հետեւաբար նաեւ ողջ հայութիւնը կը դիմագրաւեն լինելութեան մարտահրաւէրներ: Եթէ հաւատարիմ ենք վերապրելու մեր աւանդին, պարտաւոր ենք կտրել նաեւ այսօրուա՛ն «Գորդեան հանգոյց»ը եւ ապահովել հայրենիքին ու ազգին վերապրումը, գոյատեւումը:

Անյետաձգելի հրամայականներ

            Մեր առաջին տողերուն մէջ, նշեցինք, որ նորութիւններ պիտի չարձանագրենք: Վերի բաժինը ապացուցեց այդ հաստատումը:

            Յաջորդ հաստատումն ալ նորութիւն պիտի չըլլայ: Ինչպէս անցեալին, նոյնպէս ալ այսօր, յատկապէս 44-օրեայ պատուհասէն ասդին, Հայաստանէն մինչեւ Արցախ եւ սփիւռքեան մօտակայ ու հեռակայ ափեր, հնչած է եւ համապատասխան արձագանգներ գտած՝ անվիճելի ճշմարտութիւն մը, որ կրկին ու կրկին կը շեշտէ անյետաձգելի հրամայականները. ՀԱՅՐԵՆԻՔԻ ՓՐԿՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ՊԱՀՊԱՆՈՒՄԸ ԿԸ ԿԱՐՕՏԻՆ ՄԻԱՍՆՈՒԹԵԱՆ, ԲԱԶԿԻ ԵՒ ՄԻՏՔԻ ՈՒԺԻ ԿԵԴՐՈՆԱՑՄԱՆ, ԶԱՆՈՆՔ ՀԻՄ ԾԱՌԱՅԵՑՆՈՂ ԲԱԶՄԱՃԻՒՂ ԵՒ ՀԱՄԱՊԱՐՓԱԿ ԾՐԱԳԻՐԻ (կը մանրամասնենք աւելի ուշ):

            Այս մարտահրաւէրը եթէ 2020-ի Սեպտեմբեր-Նոյեմբերէն առաջ ունէր յստակ  «դիմագիծ» (էութիւնը նոյնն էր), անկէ ետք ստացաւ տարբեր եւ շատ աւելի ուժեղ հնչեղութիւն: Հնչեղութեան պատճառները բազմաթիւ էին եւ այդպէս ալ կը մնան: Նախ՝ պատերազմին ահաւոր վնասները՝ բանակին ու Արցախին հասած հարուածները, հողային կորուստներ, քանդումներ, փոշիացումներ, զուգահեռաբար, քաղաքական-դիւանագիտական նահանջներ եւ կորուստներ, առանց մոռնալու տնտեսական եւ ընկերային վատ հետեւանքները, որքան ալ որ իշխանութիւնները փորձեն հանրութիւնը համոզել, որ Հայաստան «աննախընթաց բարելաւումներ» կ’ապրի (մինչեւ իսկ եթէ որոշ տեղ բարելաւում կայ, յայտնի է, որ նժարին ո՛ր ափը վար կը քաշէ):

            Ամէն օր հնչող յիշեալ մարտահրաւէրները ստեղծեցին բարեշրջական՝ գործնական քանի մը ալիք, սակայն կառքը պահանջուածին չափ տեղէն չէ շարժած ցարդ, այն իմաստով, որ եղածը պահպանելու եւ կորսուածին վերատիրանալու հորիզոնները մատնուած են անորոշութեան եւ կը մնան վտանգի տակ: Գործնական ալիքներն էին Հայրենիքի փրկութեան շարժումն ու անոր յաջորդած հրապարակային համախմբումները, խաղաղ ցոյցերը, իշխանութեան ուղղուած՝ զգաստութեան եւ սխալ ընթացքէ ետդարձ ընելու հրաւէրները: Այդ ալիքները մերթ յուսատու նշաններ ի յայտ բերին, սակայն ծանօթ պատճառներով՝ տեղական եւ արտաքին ազդեցութիւններու բերումով՝ չհասան «բարեյուսոյ հրուանդան»: Հայրենիքի ճակատագիրով հետաքրքրուած ու անոր պահպանումին նախանձախնդիրներ մինչեւ այսօր ալ կը շարունակեն խաղաղ պայքարը (կ’ուզենք այստեղ շեշտը դնել պայքարին խաղաղ բնոյթին վրայ, որովհետեւ բո՛լորն ալ գիտեն, որ այլընտրանքը՝ քաղաքացիական կործանարար պատերազմն է, բո՛լորն ալ գիտեն, որ նախընթաց փորձերը ուրկէ՛ քաջալերանք ստացան…): Վերջին ամիսներուն, հրապարակ եկան նոր համախմբումներ, որոնց շարքին էր նահատակներ տուած ընտանիքներուն համախմբումը, քաղաքական, մտաւորական, արուեստի մարդիկ մէկտեղող մէկէ աւելի նոր միաւորներ եւ խմբաւորումներ, քուէահաւաքի նախաձեռնութիւն եւ այլն: Հոն կան խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական ընդդիմադիրներ, իրենք զիրենք քաղաքական որեւէ խմբակցութենէ կամ կուսակցութենէ հեռու պահողներ (յաճախ քննադատութեան սլաքներ ալ կ’ուղղուին ընդդիմադիրներուն հասցէին, անուղղակիօրէն լուսարձակներ հեռացնելով բուն յանցաւորներէն), մինչեւ իսկ այնպիսիներ, որոնք մինչեւ մօտիկ անցեալ կը յայտարարէին, թէ իրենք քաղաքականութեամբ չեն հետաքրքրուած, եւ սակայն, արդէն գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար՝ ահաւասիկ կ’առնեն ըստ էութեան ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ քայլեր: Եւ ի՛սկապէս, ինչպէ՞ս կարելի է երկրին ու ազգին ներկայ պայմաններուն մէջ հեռու մնալ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ, ա՛յդքան նեղցնել «քաղաքականութեամբ զբաղելու» սահմանները, մոռնալ, որ քաղաքական տեսութիւններու ծննդոցի օրերուն իսկ, մեծ փիլիսոփայ մը՝ Արիստոտէլ ըսած է. «Մարդս քաղաքական կենդանի (արարած) մըն է»: Յետոյ, քաղաքականութիւնը կը զբաղի… ամէնէն անտարբերով իսկ, մինչեւ իսկ անոնցմով՝ որոնք կը բաւականանան ընթացիկ վայելքներով:

            Խորքին մէջ, նախընթաց եւ նոր օրերու այդ համախմբումները, անվիճելիօրէն՝ հայրենիքի փրկութեան եւ պահպանման ի խնդիր քով-քովի եկողները այլ տեսակի «Գորդեան հանգոյց» մը ստեղծած են. ԿԸ ՊԱԿՍԻ ԱՅԴ ԲՈԼՈՐԸ ՀԱՄԱԽՄԲՈՂ ՄԻԱՒՈՐԸ, այնպէս՝ ինչպէս եղաւ, մօտաւորապէս, Հայրենիքի փրկութեան շարժումի մեկնակէտին, ապա՝ յաջորդած հանգրուաններու:

            Միացնող օղակին կազմաւորման յապաղումը, որքան ալ վնասակար, ունի ներքին եւ արտաքին բազմաթիւ պատճառներ: Մէկ կողմէ, կայ իշխանաւորներու խմբակին քարոզչական մեքենան, որ «երկաթէ մուրճ»ը կը գործածէ՝ հաւաստելու, որ իր ընտրած ուղին միակ կարելին է, այլընտրանքը՝ պատրեազմ է եւ նորանոր կորուստներ, «հիներուն» վերադարձը եւ այլն: Կ’արժէ՞ կրկնել, որ այս հաւաստիքները առնուազն թերի են եւ անճիշդ: Երբ կը տեսնենք եւ կ’ընդունինք, որ ստեղծուած է կացութիւն, ուր կը տիրէ «անտառի օրէնք»ին մէկ տարբերակը, «միայն ուժեղները կրնան գոյատեւել» խօսքը վերանորոգ հնչեղութիւն ստացած է:

            Բայց ինչպէ՞ս կտրել այսօրուա՛ն «Գորդեան հանգոյց»ը, վերահունաւորել արդիւնաւո՛ր պայքարի անբեկանելի երթը, պայքար՝ որ պիտի ունենայ երկու գլխաւոր ճիւղաւորում. ներքին՝ իշխանաւորներու սխալները ուղղելու եւ անձնատուական, կորստաբեր ընթացքին վերջ դնելու գիծը, եւ արտաքին՝ այլոց շահադիտական հաշիւները եւ անոնց ստեղծած ալիքները ըստ կարելւոյն չէզոքացնելու եւ Հայաստանին ու հայութեան ի նպաստ դարձնելու նպատակը:

            Յաջորդական սիւնակներով, պիտի փորձենք հպանցիկ ակնարկներով եւ նշումներով անդրադառնալ Հայաստանի ու հայութեան կեանքի վերականգնումի տարբեր եւ զիրար ամբողջացնող կալուածներուն: Մեր հիմնական մեկնակէտն ու սեւեռակէտը պիտի ըլլայ (կրկնենք) ՄԻԱՍՆՈՒԹԵԱՆ գործնապաշտ այնպիսի՛ ձեւաւորում, որ ըլլայ համապատասխան ներկայի վիճակին եւ անկէ բխող պահանջներուն: Իբրեւ անմիջական, անյետաձգելի եւ գլխագիր հրամայական, կ’ուզենք շեշտը դնել հայութեան բոլոր կարողութիւնները համախմբող ՄԱՍՆԱԳԷՏՆԵՐՈՒ ՎԱՐՉԱԽՈՒՄԲի մը կազմութեան պահանջին վրայ, վարչակազմ՝ որ պիտի գայ փոխարիներու ձախաւերներու եւ կործանարարներու այժմու վարչախումբը: Վարչախումբ՝ որ պիտի չըլլայ այս կամ այն կուսակցութեան կամ համախմբումին «մենաշնորհը»: Վարչախումբ, որ հրապարակէն վանէ «հին»-«նոր»ի տրամաբանութիւնը, դարմանէ ներքին թշնամանքները, բոլորին ձեռքերը միացնէ իր շուրջը, ունենայ ԲՈԼՈՐԻՆ ԱՆՎԵՐԱՊԱՀ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆ ՈՒ ԳՈՐԾԱԿՈՒԹԻՒՆԸ: Մեր խօսքը չի վերաբերիր իտէալական, երազային ծրագիրի մը, այլ, այսօրուան պայմաններուն հարկադրած՝ անխուսափելի նուազագոյնի՛ն:

            Յաջորդիւ, աւելի մանրամասն կ’անդրադառնանք «իտէալական վարչախումբ»ի յատկանիշներուն եւ ընելիքներուն, գործնական քայլեր՝ որոնք դարձած են աւելի՛ քան անյետաձգելի, որեւէ դանդաղում՝ պիտի նշանակէ հողային ու մարդկային նոր կորուստներ:

5-24 Յունիս 2023

Շարունակելի…

Share