ԼՂ Խաղաղ Բնակչութեան Կեանքի Իրաւունքը Երաշխաւորուած Չէ. ՄԻՊ

ԼՂ Խաղաղ Բնակչութեան Կեանքի Իրաւունքը Երաշխաւորուած Չէ. ՄԻՊ

ՀՀ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի գրասենեակը յայտարարութիւն տարածած է ազրպէյճանցի պատգամաւորներու յայտարարութիւններուն առնչութեամբ։

«Ազրպէյճանի օրէնսդիր մարմնի պատգամաւոր Կուտրաթ Հասանկուլիէւը երէկ ինքնատիպ խոստովանութիւն ըրած է Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան ցեղական զտման միտուած ազրպէյճանական պետութեան քաղաքականութեան մասին։

Ան մասնաւորապէս ըսած է. «Հայաստանը պէտք է վերջ տայ Ազրպէյճանի նկատմամբ տարածքային հաւակնութիւններուն եւ դադրի աջակցելէ Ղարաբաղի արիւնոտ անջատողականութեան։

Քանի դեռ ատիկա չէ եղած, մենք պէտք չէ ճանչնանք անոնց (Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան) հանգիստ ապրելու իրաւունքը»։

Այնուհետեւ պատգամաւորը մանրամասնած է, որ նման պայմաններու մէջ հայերու կեանքը հնարաւոր չէ Ազրպէյճանի մէջ։ Իր գործընկերէն ետ չէ մնացած նաեւ այլ պատգամաւոր մը՝ Ֆազիլ Մուսթաֆայեւը, որ նոյնպէս ուղղակի սպառնալիքներ հնչեցուցած է Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան ֆիզիքական գոյութեան համար։

Իրականութեան մէջ հայերու նկատմամբ ցեղական ատելութեան ու ցեղական զտման ազրպէյճանական քաղաքականութեան օրինակներն ու ապացոյցները բազմաթիւ են, սակայն յատկանշական է, որ ազրպէյճանական ղեկավարութիւնը ներկայացնող այս պաշտօնատար անձինք նման ծանուցումը կ՝ընեն իրենց իսկ զինուած ուժերուն կողմէ վերջին օրերուն իրականացուած սադրանքներէն ետք, որուն իբրեւ արդիւնք հայկական կողմէն զոհուած է երկու եւ տարբեր աստիճանի վիրաւորուած՝ 19 զինծառայող։

Փաստ է, որ Լեռնային Ղարաբաղի խաղաղ բնակչութեան կեանքի իրաւունքը երաշխաւորուած չէ, եւ այդ մասին ուղիղ կը խօսի ազրպէյճանցի պաշտօնեան։

Այս տեղեկութիւնը կիսած եմ միջազգային գործընկերներուս, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի ռասայական խտրականութեան վերացման հարցերով կոմիտէին հետ, որ յառաջիկայ օրերուն կը քննարկէ «Ռասայական խտրականութեան բոլոր ձեւերու վերացման մասին» ՄԱԿ համաձայնագրի կատարման Ազրպէյճանի պարբերական զեկոյցը։

Share