12-էն 14 Յուլիսին Արցախ կը գտնուէր ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեան: Արցախ այցելութեան առաքելութիւնը հիմնականին մէջ երկու ուղղութիւն ունէր` հանդիպումներ Արցախի պետական տարբեր օղակներու հետ եւ ներքին կազմակերպական հարցեր, որ կը ներառէր Կեդրոնական կոմիտէին հետ որոշ աշխատանքներու ծրագրում, հանդիպումներ ՀՅԴ շարքերուն հետ:
Այցելութեան ընթացքին ՀՅԴ-ի Բիւրոյի ներկայացուցիչը հանդիպումներ ունեցած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահին, պետական նախարարին, արտաքին գործոց նախարարին, Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարին եւ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանին հետ: Արցախի իշխանութեան ներկայացուցիչներուն հետ քննարկուած է Արցախի հարցով Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ վարուող բանակցութիւններուն վերաբերեալ Արցախի տեսակէտը, քննարկուած են Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու եւ Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանազատման ու սահմանագծման խնդիրները, որոնք սերտօրէն կ՛առնչուին Արցախի կարգավիճակին հետ: