Կարօ Արմենեան
Անհրաժեշտ կը համարեմ ընել այս շեշտադրումը, քանի որ իշխանափոխութեան առաջադրութիւնը հանրութեան մէկ շերտին կողմէ սկսած է դիտուիլ որպէս ժխտական երևոյթ։
Նիկոլ Փաշինեանի ջատագովական ոլորտէն է, որ ընդհանրապէս կը հնչէ այս «մեղադրանք»ը ընդդիմութեան հասցէին։ Ամբաստանութեան տակ է ընդդիմութիւնը Նիկոլ Փաշինեանի պարտութեան վարչակարգը վար բերելու իր որոշումին համար։ Եւ արդէն այս շրջուած ամբոխահաճութիւնը (populism) սկսած է իր շփոթը տարածել քիչ մը ամէն կողմ։
Կ՚ուզեմ յիշեցնել, որ քաղաքական գործընթացը, որևէ ժողովրդավարութեան մէջ, կը գործէ այդ իսկ արևելումով։ Եթէ կայ ընդդիմութիւն մը, որ չ՚ուզեր հասնիլ իշխանութեան, այդ ընդդիմութիւնը արժանի չէ հանրութեան վստահութեանը։ Ան պէտք է անտեսուի հասարակութեան կողմէ։ Քաղաքական բեմը լուրջ գործի տեղն է։ Իր քուէին գիտակից քաղաքացին պիտի պահանջէ ընդդիմութենէն ըլլալ խիզախ և պահանջատէր և դրական տարբերութիւն ձևաւորող ուժ։ Ո՛ւժ ՝որ եկած է հանրութեան և երկրին կեանքը փոխելու։ ՀՀ Ընդդիմութեան պարագային, իշխանափոխութիւնը կենսական առաջադրութիւն է։ Պարտութեան վարչակարգը պէտք է դուրս բերուի իշխանութեան դիրքերէն։
Ընդհակառակն Ընդդիմութեան խնդիրն է այսօր հրապարակ դնել հզօր մէկ թիմ, որ համոզէ հանրութիւնը, որ մօտալուտ իշխանափոխութիւնը իր մարդկային որակով կը համապատասխանէ երկրի դիմագրաւած մարտահրաւէրներու մակարդակին։
Հետևաբար ոչ ոք պէտք է կասկածի, որ Ընդդիմութեան գործի սևեռակէտը իշխանափոխութիւնն է ըլլալու և է։ Պէտք չէ կասկածի մանաւանդ այսօրուան իշխանութիւնը։ Ընդհակառակն ան պէտք է այժմէն իսկ առնէ անհրաժեշտ քայլերը իշխանափոխութեան գործընթացը դիւրացնելու և կանխելու որևէ վարչական քաոս։Ասիկա մեր պետականութեան պատեհութիւնն է ապացուցելու, որ ներկայ Հանրապետութիւնը — նոյնիսկ աննախընթաց ճգնաժամի բովին մէջ — կարող է առաջնորդուիլ հասուն պետականութեան բարոյակարգով։
Ապրիլ 24, 2022