Համա-ՀՄԸՄական 12-րդ բանակումին ծանօթացման մամլոյ ասուլիսը

Համա-ՀՄԸՄական 12-րդ բանակումին ծանօթացման մամլոյ ասուլիսը

Հինգշաբթի, 20 Յուլիսի առաւօտեան ժամը 11.30-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԱՍԿ-ի Երեւանի գրասենեակին մէջ տեղի ունեցաւ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 12-րդ բանակումին ծանօթացման մամլոյ ասուլիսը, որուն ներկայ գտնուեցան հայրենի լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ եւ Հ․Մ․Ը․Մ․ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամներ՝ եղբայրներ Վաչէ Նաճարեան, Դաւիթ Յակոբեան, Ֆէտի Խաժակ Գազանճեան եւ քոյր Թալին Օրտողլեան։

Մամլոյ ասուլիսին խօսքեր արտասանեցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ եղբ. Դաւիթ Յակոբեան, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.-ի վարչութեան ատենապետ քոյր Սանտրա Վարդանեան եւ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 12-րդ բանակումի ընդհանուր խմբապետ եղբ. Պօղոս Մահպուպեան։

Եղբ. Դաւիթ Յակոբեան ողջունեց ներկայ թղթակիցները եւ ծանօթացուց մամլոյ ասուլիսին մասնակից պատասխանատուները։ Ապա, Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.-ի ատենապետ քոյր Սանտրա Վարդանեան խօսեցաւ բանակումի նախապատրաստական աշխատանքներուն մասին։ Ան ըսաւ, որ աշխատանքները Բիւրականի եւ Երեւանի մէջ ընթացք առած են վեց ամիսէ ի վեր։ «Գառնիկ Մկրտիչեան» սկաուտական բանակավայրը ենթարկուած է վերանորոգման եւ այժմ պատրաստ է ընդունելու աշխարհի զանազան երկիրներէն ժամանող Հ.Մ.Ը.Մ.ականները։ Քոյր Սանտրա Վարդանեան շնորհակալութիւն յայտնեց Արագածոտնի մարզի շտապ օգնութեան բաժանմունքի պատասխանատուներուն եւ ոստիկանութեան, որոնք իրենց աջակցութիւնը կը ցուցաբերեն բանակումին յաջողութեան։ Ան նաեւ նշեց, որ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ. ուրախութեամբ կը հիւրընկալէ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական ձեռնարկները (մարզախաղեր, բանակումներ)՝ այդ նպատակին համար զօրաշարժի ենթարկելով իր շարքերը։ Վերջապէս, քոյր Սանտրա Վարդանեան տեղեկացուց, որ բանակումը պիտի ունենայ ազգային մշակոյթներու նուիրուած օր մը, որուն ընթացքին բանակավայր պիտի այցելեն ֆիզիքական եւ մտային յատուկ խնամքի կարօտ՝ «Հրաշք» բաժանմունքի պատանիները։  

Ասուլիսին երրորդ խօսքը արտասանեց համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 12-րդ բանակումի ընդհանուր խմբապետ եղբ. Պօղոս Մահպուպեան։ Ան յայտնեց, որ բանակումը պիտի ունենայ 750 մասնակից եւ 10 հոգինոց խմբապետական ընդհանուր եւ գործադիր կազմ։ Բանակումին պաշտօնական բացումն ու փակումը պիտի կատարուին 21 եւ 29 Յուլիսին, իսկ Շաբաթ, 22 Յուլիսի յետմիջօրէին, բանակողները հայրենի հայութեան պիտի ներկայանան պաշտօնական շքերթով, որ ընթացք պիտի առնէ Օփերայի «Ազատութեան» հրապարակէն եւ պիտի երկարի մինչեւ «Շահումեան»ի հրապարակ, ուրկէ անոնք փոխադրակառքերով պիտի ուղղուին Ծիծեռնակաբերդ՝ յարգանքի իրենց տուրքը մատուցելու Հայոց Ցեղասպանութեան մէկուկէս միլիոն նահատակներուն։

Պաշտօնական խօսքերէն ետք, ասուլիսին մասնակիցները պատասխանեցին ներկայ թղթակիցներու հարցումներուն։

Յայտնենք, որ վաղը՝ Ուրբաթ, 21 Յուլիսի կէսօրէ ետք ժամը 6-ին (Երեւանի ժամանակացոյցով), համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 12-րդ բանակումին աշխատանքները ընթացք կ’առնեն բացման յատուկ հանդիսութեամբ, որ կը սփռուի միութեան դիմատետրի էջով (Homenetmen-ՀՄԸՄ)։ 

Share