Երեքշաբթի, 8 Օգոստոս 2023-ի յետմիջօրէին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ Ս. Եպս. Տօնոյեան, Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս հիւրընկալեց Ատրպատականի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գրիգոր Ս. Արք. Չիֆթճեանը, ընկերակցութեամբ Տիրամայր Չիֆթճեանի:
Միաբանակից երկու Առաջնորդ Սրբազաններու միջեւ ծաւալեցաւ երկու Թեմերը յուզող հարցերուն մասին երկխօսութիւն, ապա Արքեպիսկոպոս Չիֆթճեան իր հիացումը արտայայտեց Արեւմտեան Թեմի հոգեւոր, ազգային եւ մշակութային աշխոյժ կեանքին մասին՝ դիտել տալով, որ իր այցելած բոլոր վայրերուն մէջ զգացած է տիրակալ ներկայութիւնը Առաջնորդ Սրբազանի գլխաւորած Ազգ. Առաջնորդարանին: Ընդգծելէ ետք Արեւմտեան Թեմի բերած նպաստը տառապող գաղութներուն, Արցախի ու Հայաստանի, այլեւ յիշելէ ետք՝ հայրենիքի նահատակներու ընտանիքներուն մէկէ աւելի անգամ անձնապէս այցելելու Թորգոմ Եպիսկոպոսի նախաձեռնութիւնն ու բոլոր հայ կարիքաւորներուն օգնութեան փութալու անոր ծառայական անխոնջ տրամադրութիւնը, «այդ ալ մեր ներկայ աշխարհի այսքան դժուար պայմաններուն մէջ, երբ Արեւմտեան Թեմը, իր կարգին կը դիմագրաւէ դժուարութիւններ», Ատրպատականի Առաջնորդ Սրբազանը ըսաւ, որ այս բոլորը փայլուն արտացոլացումն են այս Թեմի տարած բազմուղի աշխատանքներուն ու առաւելագոյն կազմակերպուածութեան, որ ինքնին Թեմը կը դնէ առաջնորդողի դերին մէջ:
Եղբայրական իր խօսքին մէջ Գրիգոր Արքեպիսկոպոս նաեւ վեր առաւ Արեւմտեան Թեմի բարերարներու լիաբուռն մասնակցութեան պարագան եւ ամէնէն նուրբ ու գովելի բառերով դրուատեց անոնց պատրաստակամութիւնը՝ Ազգ. Առաջնորդարանի ծրագիրներու յաջողութեան ի նպաստ անսակարկ զօրակցութիւն ցուցաբերելու՝ վերաշեշտելով, որ «գովելին ոչ թէ կատարուած բարերարութեան չափն է, այլ՝ տեսանելի բարձր տրամադրութիւնը Արեւմտեան Թեմի բարերարներուն, որոնք սիրալիր կ՛ընդառաջեն Առաջնորդ Սրբազանի կոչին, ինչ որ իրապէս գործը կը տանի յառաջ եւ յաջողութեամբ կը պսակէ բոլոր տեսակի ծրագիրները»:
Հուսկ, Թորգոմ Սրբազան, իր կարգին, շնորհակալութեան յատուկ խօսք ուղղեց Գրիգոր Արքեպիսկոպոսի՝ նշելով, որ ան իր ազնիւ խօսքերով աղօթական եւ եղբայրական քաղցր մթնոլորտ մը ստեղծեց Ազգ. Առաջնորդարանէն ներս, ապա ուժ ու կարողութիւն մաղթեց անոր, յատկապէս իր ուրոյն ու եզակի առաքելութեան մէջ:
Յիշեցնենք, որ Գրիգոր Արք. Չիֆթճեան Ատրպատականի Հայոց Թեմի կեանքէն ներս կ՛այցելէ իւրաքանչիւր հայկական վկայարան, եկեղեցի, մատուռ կամ այլապէս, կը տեղեկագրէ զանոնք եւ ապա կ՛ամփոփէ հատորներու մէջ, որոնցմէ առաջին երկուքը, անցեալ Նոյեմբերին, յատուկ ձեռնարկով մը ներկայացուեցան Արեւմտեան Թեմի Ազգ. Առաջնորդարանի Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան սրահին մէջ: Ներկայիս, Գրիգոր Արքեպիսկոպոս կ՛ամբողջացնէ Ատրպատականի հայոց կոթողներուն նուիրուած իր աշխատասիրութեան երրորդ հատորը: