Վերջին ամիսներուն, Կովկասեան բարձրաւանդակի զարգացումները, մասնաւորաբար մեզ հետաքրքրող՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ պատահած դէպքերն ու անցուդարձերը աչքի առջեւ ունենալով, վերաքննելով եւ մանրամասնօրէն ուսումնասիրելով, յստակօրէն կարել է տեսնել մէկ բան: Երկու երկիրները տարբեր «աշխարհ»-ներու մէջ են։ Հայաստան ամէն գնով խաղաղութիւն կը պահանջէ (աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել՝ կ’երազէ), մինչդեռ Ատրպէյճան, իր մերժողական եւ յարձակողական հետեւողականութեամբ՝ կը շարունակէ պատերազմի թմբուկներ որոտացնել: Երեւանի մէջ, իշխանաւորները եւ հետեւորդները հազիւ թէ կը լսեն այդ որոտները, իսկ եթէ լսեն, անիկա կը վերածուի ամբոխահաճութեան նոր խաղաքարտի:
Ատրպէյճանի բռնապետ Իլհամ Ալիեւ դարձած է «ո՛չի մարդ»-ը։ Երեւանէն անոր յղուած բազմաթիւ առաջարկներ, երկկողմանի հանդիպումներ, բազմակողմանի տեսակցութիւններ՝ յաճախ Արեւմուտքի, այսինքն Եւրոպայի, յետոյ Ռուսիոյ հովանիին տակ՝ կը բախին նոյն պատին…: Այդ բոլորը դրական ոչ մէկ շարժում կը պատճառեն Ալիեւի զօրակայանին մէջ եւ ան յամառօրէն կառչած կը մնայ իր մերժողական կեցուածքին, կը շարունակէ յառաջ տանիլ հայկական նոր հողեր գրաւելու ախորժակները։ «Զանգեզուրի միջանցք»-ն ալ դարձած է ահազանգ սփռելու, վերստին պատերազմական մթնոլորտ ստեղծելու դրամագլուխ:
Երկար բացատրութեան ու մեկնաբանութեան կը կարօտի՞ այս բռնատէրին որդեգրած գործելաձեւը, որուն դիմաց, մինչեւ իսկ Եւրոպան սկսած է դուրս գալ Պաքուի ոճրային արարքներուն վրայ «աչք գոցելու» վարքագիծէն, որ որդեգրած էր՝ ալիեւեան նիւթական օժանդակութիւններուն փոխարէն: Առերեւոյթ, եւրոպացիք սկսած են իրատեսութիւն խաղալ, որովհետեւ զիրենք ցուրտէն պաշտպանուելու համար, ատրպէյճանական կազը այդչափ ալ հեզասահ պայմաններով չի հասնիր Եւրոպա…։
Մթնոլորտը ուշագրաւ կերպով տաք է Փարիզ-Պաքու գիծին վրայ: Ամիսէ մը ի վեր զգալիօրէն վատթարացած են Ֆրանսա-Ատրպէյճան յարաբերութիւնները, այնքան մը՝ որ Ատրպէյճան նախ Ֆրանսան ամբաստանեց Հայաստանի ի նպաստ կողմնակալութիւն ցուցաբերելու, Հայաստանը զինելու յանցանքով, յետոյ, ամանորի օրերուն, Պաքու արտաքսեց ֆրանսացի երկու դիւանագէտներ, իբրեւ թէ անոնք միջամտած են երկրի ազգային շահերուն եւ խախտած են միջազգային դիւանագիտական օրէնքները․․․եւ տեսէք թէ ո՞վ կը խօսի միջազգային իրաւունքի կամ ժողովրդավարութեան մասին, երկիր մը՝ որուն փոխ-նախագահը՝ նախագահին կողակիցն է, իսկ այլ ազգականներ բարձր ու բանալի պաշտօններ գրաւած են:
Հակադարձելով Պաքուի քայլին, «Քէ Տ՛Օրսէյ»-ը անգործ չմնաց եւ քանի մը օր վերջ, Ատրպէյճանի դեսպանատունէն երկու դիւանագէտներ հռչակուեցան «փերսոնա նոն կրաթա» ու վտարուեցան: Այս գիծին վրայ լարուածութիւնը կը սաստկանայ. քանի մը օր առաջ, Պաքուի մէջ ֆրանսացի գործարար մը ձերբակալուեցաւ լրտեսութեան մեղադրանքով: Գէթ քանի մը ամիսով, ան բանտարկուած պիտի մնայ։ Անդին, Ֆրանսայի խորհրդարանին մէջ քննարկման դրուեցաւ եւ վաւերացուեցաւ Ատրպէյճանը դատապարտող բանաձեւ մը, որ առիթ ստեղծեց հնչեցնելու Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակն ու Ատրպէյճանի նորագոյն արարքներուն մէջ տեսնուեցան անոնց արձագանգները:
Դրական է այն, որ Ֆրանսա միակը չէ, որ սկսած է ճնշում բանեցնել, այլ Եւրոպական Միութիւնն ալ հետզհետէ սկսած է սուր քննադատութիւններ արձակել Պաքուի հասցէին։ Փաստօրէն, անակնկալ մը չէր Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու բանբերին՝ սլովաք Փեթեր Սթանոյի բաւական ծանր յայտարարութիւնը, ուր ան կը շեշտէ, թէ Ալիեւ կը շարունակէ սպառնալիքները Հայաստանի նկատմամբ, ցուցաբերելով տարածքային յաւակնութիւններ։ Սակայն չմոռնանք, որ Եւրոպայի այս կեցուածքն ալ աննախընթաց չէ, Արցախի պաշարման եւ հայաթափումի օրերուն ալ նման մեղադրանքներ հնչեցին ու մնացին… խօսքի սահմանին մէջ:
Այս ու նման իրադարձութիւններու լոյսին տակ էր որ, հաւանաբար, որոշուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահական ընտրութիւնները մօտաւորապէս երկու տարիով առաջ բերել, սակայն հոս ալ չմոռնանք, որ ըլլալիքը, պարզ ու մեկին, բեմադրութիւն մըն է։ Արդարեւ, Իլհամ Ալիեւ կրկին անգամ առաջադրած է իր թեկնածութիւնը, իսկ քանի մը այլ թեկնածուներու ներկայութիւնը «ձիարշաւի վազքուղի»-ին վրայ պարզապէս շինծու ժողովրդավարութեան մը ներկայացումն է։ Կայ մէկ ձի, մնացեալները կարելի է դասել այլ չորքոտանիներու շարքի: Նաեւ հարց է թէ ժողովրդավարութեան նման խաղերու մէջ, Ալիե՞ւ կը հետեւի Փաշինեանի, թէ հակառակը: Պատասխանը կարեւոր չէ…)
Հաւանաբար, Ալիեւի կեղծ «ընդդիմադիրներ»-ը քանի մը քուէներ պիտի ստանան յառաջիկայ 7 Փետրուարի ընտրութիւններուն. անկէ անդին, Իլհամ Ալիեւ վերընտրութիւնը հարցականի տակ չէ: Աւելին, ո՛չ ոքի համար գաղտնիք են այն յետին նպատակները, որոնք մղում կու տան կանխահաս ընտրութիւններուն. մեզի համար կարեւոր կէտը այն է, որ Ալիեւ նոր պաշտօնականութիւն մը պիտի տայ Արցախի գրաւման, իւրացման եւ հայաթափման իր «հերոսութեան»: Ուրեմն, որքան շուտ իրականանան ընտրութիւնները, այնքան դիւրին է Ալիեւի բդեշխութեան ամրապնդումը (կը շեշտենքնք՝ բդեշխութիւն, որովհետեւ բուն կեդրոնը… Անգարան է)։
Ատրպէյճանն ու Ալիեւը պահ մը ձգենք իրենց քաղաքական խեղկատակութիւններու բեմին վրայ ու մեր աչքերը դարձնենք մեր «Փոքր ածու»-ին: Հայաստանի մէջ եւս խեղկատակութիւնը նոր մրցանիշներ կը հաստատէ: Սկսելու համար՝ ինչպէ՞ս բացատրել Ազգային Ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանի անհիմն եւ անհեթեթ հաստատումները։ Արդարեւ, փոխանակ առիթէն օգտուելու եւ «հող» շահելու քաղաքականութիւն կիրարկելու, այս ան-քաղաքագէտը կը շեշտէ, թէ Հայաստան լաւապէս գիտէ պատերազմելու ձեւը եւ այդ պատճառով կը դիմէ… «խաղաղութեան պայմանագիր»-ի ընտրանքին: Աւելին, ցնորաբանութիւն մը աւելցնելով իր «վաստակ»-ին վրայ, կ’ըսէ, թէ Ալիեւը Երեւանը Էրիվան անուանելով՝ կը նմանի այն հայորդիներուն, որոնք կը շարունակեն շեշտել, թէ Արցախն ու Նախիջեւանը հայկական են․․.: Չէ՞ որ իր պոսը ատենին Արցախը հռչակած էր Հայաստան, իսկ հիմա կը կրկնէ Ալիեւի եւ համախոհներու տեսակէտը, թէ Արցախը Ատրպէյճանի կը պատկանի: Ու երբ Արցախի ու Նախիջեւանի հայկականութիւնը ուրացողները մեղադրենք իբրեւ դաւաճան ու թրքամէտ, կան հայեր, որոնք դրօշակ կը պարզեն զանոնք պաշտպանելու համար:
Մտահոգիչը, Ալիեւի վերընտրութեան սենարիոյէն աւելի՝ Հ․Հ․ Ազգային Ժողովի նախագահին անընդունելի ձաբռտուքներն են, ի՜նչ հոգ, որ ՔՊ-ականները, սկսելով ուսապարկեր բաշխողէն, երբեմն ալ կը խօսին ազերիական ժխտողականութեան, խաղաղութեան հարուածներ հասցնելու եւ նման ուշացած գիւտերու մասին։ Այս մարդոց ամբոխահաճութիւնն իսկ կը վազէ տարբեր ու յաճախ մէկը միւսին հակադիր գիծերու վրայ, այլատեսակ վտանգներ աւելցնելով Հայաստանի գլխուն վերեւ:
Ու դեռ հայկական աշխարհին մէջ կա՞ն հաւատացողներ, թէ այս ուսապարկապետն ու խմբակը «ազգընտիր» են եւ Հայաստանին ու իր ժողովուրդին ապագան պիտի ապահովեն…:
«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական