Սուրիոյ Շուրջ Ուժի Պայքարը` Իսրայէլ, Թուրքիա Եւ Ռուսիա

Սուրիոյ Շուրջ Ուժի Պայքարը` Իսրայէլ, Թուրքիա Եւ Ռուսիա

Վերա Եագուպեան

Սուրիա կը շարունակէ մնալ աշխարհաքաղաքական մրցակցութեան կեդրոն, ուր Իսրայէլ, Թուրքիա եւ Ռուսիա պայքար կը մղեն ազդեցութեան համար: Իւրաքանչիւր երկիր ունի յատուկ ռազմավարական նպատակներ, որոնք կը ձեւաւորեն` զինուորական գործողութիւնները, դիւանագիտական քայլերը եւ տարածքային նկրտումները:

Սուրիոյ մէջ քաղաքական անցումները` Ասատի վարչակարգի անկումէն ետք, աւելի սրեցին այս պայքարը, յատկապէս` երկրի հարաւային եւ հիւսիսային շրջաններուն մէջ: Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի վերջերս Միացեալ Նահանգներ այցելութիւնը աւելի յստակացուց այս իրավիճակը, երբ Իսրայէլ խնդրեց ամերիկեան աջակցութիւնը` դէմ դնելու Թուրքիոյ եւ Իրանի ազդեցութիւններուն:

Իսրայէլի ռազմավարական հետաքրքրութիւնները Սուրիոյ մէջ

Սուրիոյ մէջ Իսրայէլի գլխաւոր մտահոգութիւնը կ՛առնչուի իր անվտանգութեան ուղղուած սպառնալիքներուն, որոնք ստեղծուած են Իրանի աջակցութիւնը վայելող խմբաւորումներու կողմէ: Սուրիոյ անկայունութիւնը հնարաւորութիւններ տուած է, որ Իսրայէլի սահմանները վտանգի ենթարկուին, եւ ասոր իբրեւ պատասխան` իսրայէլեան ուժերը բազմաթիւ օդային հարուածներ գործադրած են Սուրիոյ ռազմակայաններու վրայ: Վերջերս Իսրայէլ օդային հարուածներ հասցուց T-4 Հոմսի եւ Փալմիրի զինուորական կառոյցներուն դէմ` նպատակ ունենալով խանգարել Թուրքիոյ եւ Իրանի ռազմական գործողութիւնները:

Իսրայէլի պաշտօնատարները մտահոգուած են, որ Թուրքիոյ աճող ներկայութիւնը Սուրիոյ մէջ կրնայ յանգեցնել ստեղծման թրքական պաշտպանութիւնը վայելող տարածքի մը, որ կրնայ քաջալերել Իսրայէլի դէմ գործող խմբաւորումներու աշխուժացումը: Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարարը զգուշացուցած էր, որ Սուրիոյ ղեկավարութիւնը ծանր հետեւանքներու դէմ յանդիման պիտի կանգնի, եթէ թշնամական ուժեր իրենց գործողութիւնները շարունակեն Իսրայէլի հիւսիսային սահմաններուն մօտ: Բացի ատկէ, Իսրայէլ յայտարարած է Սուրիոյ տիւրզի փոքրամասնութեան պաշտպանութեան իրաւունքը իր վրայ առնելու պարտականութեան մասին եւ ապազինելու Սուրիոյ հարաւային շրջանները` կանխելու համար ծայրայեղ խմբաւորումներու կողմէ որեւէ արարք:

Աւելի՛ն. Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Միացեալ Նահանգներ տուած այցելութեան ընթացքին առաջարկած է Սուրիան բաժնել ազդեցութեան հետեւեալ գօտիներուն.

– Արեւելեան Սուրիան` Միացեալ Նահանգներու վերահսկողութեան տակ, Իսրայէլի ներկայութեամբ:
– Արեւմտեան Սուրիան` Ռուսիոյ վերահսկողութեան տակ:
– Հիւսիսային Սուրիան` Թուրքիոյ ազդեցութեան տակ:
– Հարաւային Սուրիան` Իսրայէլի հսկողութեան տակ:

Թուրքիոյ աճող դերը Սուրիոյ մէջ

Թուրքիան աստիճանաբար ընդլայնած է իր զինուորական ներկայութիւնը Սուրիոյ մէջ, յատկապէս` հիւսիսի մէջ, ուր ան կը ձգտի կանխել քրտական անջատողական շարժումները եւ ազդեցութիւն ունենալ Սուրիոյ նոր իշխանութեան վրայ` Ասատի վարչակարգի անկումէն ետք: Տեղեկութիւններու համաձայն, թրքական ուժերը բարելաւած են իրենց զինուորական դիրքերը T-4 եւ Մենաղ օդային ռազմակայաններուն մէջ` հոն տեղադրելով հակաօդային պաշտպանութեան համակարգեր եւ հետախուզական ստորաբաժիններ: Անգարան կը ձգտի ապահովելու երկարաժամկէտ ռազմական դիրքեր եւ աջակցելու Սուրիոյ նոր կառավարութեան` զէնքեր եւ ռազմակայաններ հաստատելով:

Բայց եւ այնպէս, Իսրայէլը Թուրքիոյ գործողութիւնները կ՛ընդունի իբրեւ ուղիղ մարտահրաւէր իր անվտանգութեան շահերուն: Վերջերս իսրայէլեան օդային հարուածները, որոնք ուղղուած էին թրքական աջակցութիւն վայելող դիրքերու դէմ, սրեցին լարուածութիւնը, իսկ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանը խստօրէն դատապարտեց Իսրայէլի ռազմական գործողութիւնները: Թուրքիան մտահոգուած է, որ Իսրայէլ կը փորձէ Սուրիան աւելի անկայուն դարձնել, ինչ որ կրնայ երկիրը բաժնել տարբեր ազդեցութեանց գօտիներու:

Ռուսիոյ դիրքը ուժի պայքարին մէջ

Ռուսիան, որ 2015 թուականէն ի վեր Սուրիոյ մէջ ռազմավարական ներկայութիւն կը պահէ, աջակցած էր Ասատի վարչակարգին եւ ապահոված` իր զինուորական կէտերը: Ասատի վարչակարգի անկումէն ետք Ռուսիան ձգտած է վերահսկողութիւնը պահել արեւմտեան Սուրիոյ վրայ` միաժամանակ բանակցելով Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի հետ տարածքային բաժանումներուն շուրջ: Մոսկուայի շահերուն մաս կը կազմէ Թարթուսի մէջ նաւահանգիստներու հասանելիութիւնը պահպանելն ու Սուրիոյ ապագայ կառավարման վրայ ազդեցութիւն ունենալը:

Թէեւ Ռուսիան հիմնականօրէն խուսափած է ուղիղ բախումներէն` Իսրայէլի կամ Թուրքիոյ հետ, սակայն ան ներգրաւուած է դիւանագիտական քայլերու մէջ` լարուածութեան մեղմացման նպատակով: Տեղեկութիւններու համաձայն, Ռուսիան կը ձգտի հաստատել հակամարտութեան գիծ` իսրայէլեան եւ թրքական ուժերու միջեւ` կանխելով պատահական բախումները: Սակայն Մոսկուան զգուշաւոր դիրք կը պահէ Թուրքիոյ աճող ռազմական ներկայութեան նկատմամբ, որովհետեւ անիկա կրնայ թուլացնել Ռուսիոյ ազդեցութիւնը Սուրիոյ մէջ:

Share