Քրեսենթա Հովիտի Մհեր Եւ Սաթիկ Տէր Օհաննէսեան Երիտասարդական Կեդրոնի Դաստիարակչական Յանձնախումբը Հինգշաբթի, 21 Ապրիլ 2022-ին, երեկոյան ժամը 7:30-ին, կազմակերպած է ՝ «Համաթուրանականութեան Մնայուն Վտանգը Հայաստանի դէմ» դասախօսութիւնը, մասնակցութեամբ՝ Սեդօ Պոյաճեանի:
Սեդօ Պոյաճեան իրաւաբան է, վկայուած է քաղաքական գիտութիւններու մէջ Պսակաւոր Արուեստի եւ Մագիստրոսի տիտղոսներով, ինչպէս նաեւ իրաւաբանութեան մէջ Իրաւական Տոքթորայի տիտղոսով։ Վարած է Ամերիկայի Հայ Դատի Ուաշինկթընի գրասենեակի Վարիչ Տնօրէնի պաշտօնը։ Եղած է անդամ Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի եւ Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի վարիչ մարմնի։ Ան գործօն մասնակցութիւն կը բերէ Հայկական եւ Ամերիկեան քաղաքական աշխատանքերուն մէջ։ Ան կ՚աշխատակցի հայ մամուլին իր քաղաքական ու ազգային յօդուածներով եւ վերլուծումներով։
Սեդօ Պոյաճեան պիտի անդրադառնայ Համաթուրանականութեան նիւթի մասին, նկատի ունենալով մասնաւորապէս հետեւեալ հարցերը՝
- Համաթուրանականութեան գաղափարն ու նպատակները:
- Համաթուրանականութեան տարբեր երեսները դարերու ընթացքին:
- Անոր կործանարար դերը ընդհանրապէս Ասիոյ, միջին Արեւելքի ու Եւրոպական ժողովուրդներու նկատմամբ եւ յատկապէս Հայ ազգի պատմութեան մէջ:
- Ի՞նչ անհրաժեշտ միջոցառումներ են հնարաւոր պայքարելու եւ չեզոքացնելու համար այս մեծ վտանքը 21րդ դարու արդիականութեամբ:
Վերեւի ու յաւելեալ հարցումներու պատասխանները կ’ստանաք մասնակցելով Ապրիլ 21-ին կայանալիք Zoom-ի հանդիպմամբ:
https://us06web.zoom.us/j/88314236791?pwd=ZjVzckt4Mk54c3BQdGZHZ1FpUkV0UT09 Meeting ID: 883 1423 6791
Passcode: 123350
Ձեր մասնակցութիւնը հնարաւոր է նաեւ բերել մեր Facebook-ին միջոցով՝
Crescenta Valley Mher & Satig Der Ohanessian Youth Center