«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական
Հայորդիին դիմաց ամէն տեղ են մարտահրաւէրները, հիւսիս ու հարաւ, արեւմուք ու արեւելք: Հայաստան, բռնագրաւուած Արցախ, Սփիւռքի տարածքին…
Նորագոյն կիզակէտը՝ 5 Ապրիլին, Պրիւքսէլի մէջ կայացած եռակողմ հանդիպումն էր, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի եւ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն Տէր Լէյէնի միջեւ: Հանդիպումին մասին դեռ շատ մելան պիտի հոսի, մեկնաբանութիւնները պիտի բազմապատկուին։
Նոյն օրերուն, Պրիւքսէլէն հեռու, աշխարհի կրօնական պատմութեանց մէկ մեկնարկը նշող Երուսաղէմի մէջ, այլ ահաւոր դէպքեր պատահեցան եւ կը շարունակուին. թիրախը անգամ մը եւս հայորդին է, այդ քաղաքի պատմութեան կերտումին մասնակից հայկական գաղութը։
Ի՞նչ կ’անցնի-կը դառնայ խաչելութեան քաղաքին մէջ: Երուսաղէմի «Հին քաղաք»ի պարսպապատ չորս բաժիններէն մէկը հայկական թաղամասն է, ուր կը գտնուին վանքն ու պատրիարքարանը, Սրբոց Թարգմանչաց վարժարանը, գրադարանը, թանգարանն ու ակումբները, այլ հաստատութիւններու եւ կալուածներու կողքին։ Այդ կալուածներէն մէկը ժողովուրդին կողմէն կոչուած է «Կովերու պարտէզ», որ նաեւ կը կրէ «Հայկական պարտէզ» անունը: Անիկա քանի մը տարի առաջ գաղտնաբար, եւ 99 տարիով վարձու տրուած է հրեայ-աւստրալիացի գործարարի մը, որ որոշած է հոն կառուցել պանդոկային շքեղ համալիր մը:
Հարցը պայթեցաւ անցեալ ամառ, սակայն ի յայտ եկաւ, որ համաձայնագիրը ստորագրուած էր 8 Յուլիս 2021-ին, առանց որեւէ խորհրդակցութեան եւ պաշտօնական քննարկման։ Երեք հոգեւորականներ` Նուրհան պատրիարքը (Մանուկեան), հայր Պարետ Երէցեան (այժմ կարգալոյծ) եւ Սեւան արք. Ղարիպեան, ինքնագլուխ իրականացուցած էին այս սադրիչ համաձայնութիւնը: Շտապ քայլերու դիմելով՝ հայոց պատրիարքարանն ու համայնքը գործի լծուեցան դատական գործընթացներու ճամբով, եւ անօրինական գործարքը չեղեալ յայտարարեցին։
Հակառակ այս իրականութեան, մինչեւ իսկ իսրայէլեան ոստիկանութիւնը գործի լծուած է, որպէսզի հայկական կողմը լքէ հողամասը։ Հայութիւնը իր միջոցներով կը պաշտպանէ իր իրաւունքը:
Պատմական է Երուսաղէմի հայ համայնքը. աւելի քան 1600 տարուան պատմութիւն ունի։ Թէեւ իսրայէլեան մեքենայութիւններու հետեւանքով՝ վերջին աւելի քան 50 տարիներուն դանդաղօրէն նօսրացած, սակայն իր հարստութեամբ եւ կալուածներով ներկայութիւն է քաղաքին մէջ։
…19 Բաղրամեան պողոտայի ներկայ վարձակալները արդեօք տեղեա՞կ են, կամ հետաքրքրուա՞ծ՝ այս իրադարձութիւններով, որոնք, ի՜նչ զարմանք, ձեւով մը կը յիշեցնեն ազերիներու կողմէ հայկական պատմական հողերու խլումը: Չմոռնանք, որ Ատրպէյճան եւ Իսրայէլ սերտ գործակիցներ են, իսրայէլեան զինամթերք կը հոսի դէպի ազերիական զօրակայաններ: Երեւանի լռութիւնը ցոյց կու տայ, որ իշխանաւորները առայժմ ունին մեծագոյն մտահոգութիւն մը՝ Արեւմուտքի հետ սիրաբանութեան կիսատ-պռատ գործընթացը, իր ներքին եւ շրջանային ենթաբաժիններով: Իսկ թէ Սփիւռքի յանձնակատարին համար, Երուսաղէմը որքա՞ն հետաքրքրութիւն կը ստեղծէ՝ այդ ալ ուրիշ հարցական մըն է։ Արդեօք Ատրպէյճան նախապայմա՞ն դրած , որ Երեւան լուռ մնայ իր դաշնակիցին անարդարութիւններուն դիմաց, այլապէս՝ կը սպառնայ յարձակո՞ւմ գործել Տաւուշի կամ Սիւնիքի վրայ: Հիմա ՔՊ-ականներուն նորագոյն յանկերգը այդ է:
Միակամ է երուսաղէմահայութիւնը. բոլոր միութիւնները միասնաբար լոյս ընծայած են ահազանգ հնչեցնող հաղորդագրութիւն մը, ուր իսկապէս յուզիչ եւ սրտառուչ հաստատումներ կան։
«Անոնք զինուած են: Մենք` ոչ», կը յայտարարէ երուսաղէմահայը այդ հաղորդագրութեան մէջ, շեշտելով, թէ պէտք է գերիշխէ օրէնքի գերակայութիւնը, ընդդէմ բռնի ուժով ոտնձգութիւններու, եւ այդ՝ աջակցութեամբ Իսրայէլի ոստիկանութեան:
Զարմանալի չէ, որ այս դէպքերը տեղի կ’ունենան Կազայի ողբերգութենէն ո՛չ շատ հեռու, հազիւ 75 քլմ.:
Մենք՝ սփիւռքահայերս մեծ մարտահրաւէրի մը դէմ յանդիման կանգնած ենք, որուն դէմ ոգի ի բռին պէտք է պայքար մղենք։ Պէտք է ձեռքերը միացնենք հայկական հողաշերտին պաշտպանութեան համար: Սա իրաւունքի՛ հարց է ամէն բանէ առաջ, անկախ անկէ, թէ ի՛նչ անուն ունի իրաւազրկողը: