Տիգրան Ճինպաշեան
Բարոյալքման ու քաղաքական ճգնաժամի ներկայ մթնոլորտին մէջ, երբ Արցախէն նոր տարածքներ թշնամիին յանձնելու պայմանաւորուածութիւններ կը յայտնաբերուին, շատեր հարց կու տան, թէ ո՞ւր է ընդդիմութիւնը: Աւելի՛ն, ո՞ւր է Դաշնակցութիւնը: Երբ ընդդիմութիւնը խորհրդարանին մէջ բնականոն քննարկում կատարելու հնարաւորութիւն չունեցաւ ու դիմեց փողոցային պայքարի, ժողովուրդէն պահանջելով համախմբուիլ, կանխելու համար նոր նահանջներ, իշխանութենէն հեռացնել պարտուողական քաղաքականութիւն վարող վարչախումբը, այժմ արդէն ամբողջովին պատրանաթափ հանրութիւնը նախընտրեց հեռուէն միայն համակրանք յայտնել ընդդիմութեան արդար պայքարին: Ու ստացանք ինչ որ նախատեսուած էր երկու տարի առաջ:
Հակադաշնակցական պայքարի սաստկացումը, զգուշացման միտող մանր ու բարոյազուրկ միջոցառումները, հոս ու հոն երեւցող մեղադրական վարկաբեկիչ ելոյթները նպատակ ունին կանխելու իբր թէ նախապատրաստուող բռնի իշխանափոխութիւնը: Անոնք, որոնք նման նախադրեալներով կ՛առաջնորդուին ու Դաշնակցութեան համար սովորական դարձած միջոցներ կը կիրարկեն, չեն հասկցած Դաշնակցութեան աւելի քան հարիւր երեսուն տարիներու պայքարին էութիւնը: Աւելի ճիշդ` գիտեն, սակայն կը խեղաթիւրեն: Դաշնակցականը երդում կու տայ ծառայելու բոլոր միջոցներով, իսկ եթէ հարկ ըլլայ` կեանքի գնով, Հայաստանի ու հայութեան ազատագրութեան դատին: Հայաստանի ու հայութեան ազատագրումը` օտարին լուծէն: Թշնամին օտարն է: Հայը կամ հայրենակիցը` հակառակորդ: Գլխաւոր թշնամին եղած է մշտապէս թուրքը, պարագայաբար նաեւ` ռուսը, բայց ոչ մէկ պարագայի` հայը: Հայ համայնավարը նոյնիսկ, իր հայրենադաւ խոտորումով հանդերձ, համարուած է հակառակորդ: Հակառակորդին դէմ պայքարը կրնայ ըլլալ բուռն ու անզիջող, սակայն բնաւ այն տարողութեամբ (կեանքի գնով), որ օտար բռնատէրի դէմ կը տարուի:
Հիմա պիտի ըսուի, թէ ո՛ւր մնաց Դաշնակցութեան յեղափոխականութիւնը: Այս հարցադրումը արդիւնք է յեղափոխութեան յղացքին տարընթերցման, որ յաճախ կը շփոթուի, զայն վարկաբեկելու միտումով, բռնութեան հետ: Այո՛, բռնութիւնը եւս կրնայ, պատմական ուրոյն պայմաններու պարտադրանքով, անհրաժեշտ ու օրինական ըլլալ: Սակայն պէտք չէ մտահան ընել, որ հայկական յեղափոխութեան նպատակը հայ ժողովուրդի տուեալ ժամանակին կացութեան արմատական փոփոխութիւնն է. եթէ շատ ամփոփելու ըլլանք, յեղափոխութեան նպատակը հողահաւաքի ու հայահաւաքի իրականացումն է:
Հողահաւաքի ու հայահաւաքի ճամբուն վրայ հայութիւնը մասնակի, սակայն կարեւոր իրագործում մը կատարեր էր. կարելի եղած էր ազատագրել օտարի լուծէն հայրենի տարածքներ ու հոն հիմնել Արցախի Հանրապետութիւնը: Թշնամին յաջողեցաւ, թէ՛ իր սեփական տուեալներուն եւ թէ՛ Հայաստանի իշխանութիւններուն ապիկար քաղաքականութեան բերումով, պարտութիւն ու նահանջ պարտադրել հայութեան: Հերթական ժամանակաւոր նահանջ արձանագրեցինք ու ազգովին ինկանք, ինչպէս մեր նկարագրէն բխած սովորութիւնն է, պարտուողական տրամադրութիւններու գիրկը: Պարտուած իշխանութիւնը վերահաստատեցինք մեր քուէարկութեամբ, անոր շնորհելով այն պատրանքը, որ ազգն է մեղաւոր կատարուածին համար, եւ թէ խաղաղութեան դարաշրջան կոչուած քաղաքականութեամբ, եղածը պիտի մարսենք ու տակաւին մասնակի նոր զիջումներով պիտի ամրապնդենք ցանկալի խաղաղութիւնը:
Ի՞նչ պէտք է ըլլար իշխանութեան ու անոր հետ բոլոր կենսունակ ուժերուն քաղաքականութիւնը. պատերազմի հետեւանքներու վերացման շուրջ ստեղծել համազգային գործակցութիւն, ընդդիմանալու համար, հնարաւոր բոլոր միջոցներով, յաղթանակի միջոցով լկտիացած թշնամիին յոխորտանքին: Նաեւ` վերակազմել բանակը, վերազինուիլ: Դուրս բերել ժողովուրդը իր ընկճուած վիճակէն ու դիմադրութեան ոգին ներարկել անոր:
Փոխան ազգային դիմադրական ոգիին զարթնումը կազմակերպելու, կառավարութիւնը կարծես պարտուողականութիւնը կը կազմակերպէ: Պայքարը այս յոռի յետադիմութեան դէմ է, որ կը փորձէ Հայ դատի պայքարը ի չիք դարձնել եւ հայկական յեղափոխութեան վախճանը գերեզմանել:
Անընդունելի այս վարքագիծը, որ հայութեան ժամանակաւոր տեղատուութիւնը կ՛ուզէ մնայուն դարձնել, իր էութեամբ նոր չէ: Մենք անոր դրսեւորումներուն ականատես եղած ենք մեր պատմութեան բազմաթիւ հանգրուաններուն: Սակայն անցած է ժամանակը, տեղատուութիւնը յաղթահարուած է, ու մեր ժողովուրդը վերադարձած է հայրենակերտումի իր իտէալին` հողահաւաքին ու հայահաւաքին:
Ապագայապաշտ այս պայքարը կը տարուի այժմ ոչ միայն օտար թշնամիին դէմ, այլ զայն ժխտող հայրենի իշխանութեան դէմ: Թշնամիին քծնող տարբեր խմբաւորումներ գիտակցաբար կը շփոթեն պետութիւնն ու զայն վարող իշխանութիւնը: Քաղաքական ուժեր ու կուսակցութիւններ երբ կը պայքարին իշխանութեան դէմ, պաշտպանած կ՛ըլլան պետութիւնը, որ հայկական յեղափոխութեամբ մեզի աւանդուած կարեւորագոյն կռուանն է: Անոնց համար, ու յատկապէս ՀՅ Դաշնակցութեան համար, պետութեան պահպանումը եւ ժողովուրդի անվտանգութիւնը գերագոյն արժէք են: Պայքարը արդար է ու ազգանուէր, սակայն պէտք չէ մոռնալ, որ անիկա պէտք է մնայ պատշաճ սահմաններու մէջ, ուրիշ խօսքով` պէտք է առաջնորդուիլ այն սկզբունքով, որ չկայ կուսակցական շահ, կայ միայն ազգի ու հայրենիքի շահ, որ ազգ ու պետութիւն գերիվեր են կուսակցութենէն:
Սա կը բացատրէ երկմտանք կամ նահանջ թուացող դիմադրական աշխատելաձեւը, որ կապ չունի որեւէ ընկրկումի հետ:
aztagdaily.com