ՀՀ նախկին ՄԻՊ Արման Թաթոյեան կը գրէ.
«ԱԺ ՔՊ խմբակցութեան անդամները խորքային ատելութիւն կը քարոզէն ու թշնամանք կը հրահրէն՝ հասարակութեան ու բարոյական չափանիշներու նկատմամբ բացայայտ արհամարհական վերաբերմունք ցուցաբերելով ու անպարկեշտ արտայայտութիւններով անցնելով բոլոր սահմանները։
Կառաւարող խմբակցութեան անդամը ԱԺ ամպիոնէն ժողովուրդի իրենցմէ դժգոհ մասը կ՝անուանէ «ներքին թշնամի», իսկ Ամենայն Հաեօց Կաթողիկոսին հրապարակայնօրէն կը դիմէ բացայայտ արհամարհանքով, «դու»-ով ու անպարկեշտ բառերով, իշխանութենէն դժգոհ մարդոց կ՝անուանէ բորենի եւ այլն։
Ասիկայ թշնամանքի հրահրում է:
Ասիկայ ուղղակի լկտի բառապաշար է՝ օգտուելով առիթէն, որ բարձրաստիճան պաշտօնով պաշտպանուած են, կառավարող խմբակցութիւն կը ներկայացնեն, ստանձնած են երկրի կառավարումը։ Մինչդեռ, իրենք պարտաւոր են ըլլալ համերաշխութեան օրինակ եւ կրէն երկրի իրավիճակին համար պատասխանատուութիւնը:
Այս սանձարձակ պահուածքին պատճառը այն է, որ կը գտնուին քաղաքական բարձրագոյն հովանաւորութեան ներքոյ:
Բայց ատկէ առաջ լաւ պիտի ըլլար մտածէին, որ այդ արարքները կ՝ընդգրկէն Քրէական օրէնսգրքի 297-րդ ու 329-րդ յօդուածներու (առնուազն) յատկանիշներ` պատրաստ ապացոյցներով, ան ալ ծանրացնող հանգամանքներով: Ի դէպ, ասօնք նոյնինքն իրենց ընդունած օրէնսգրքի յօդուածներն են, իսկ արարքները կ՝ինան այդ յօդուածներուն տակ՝ իրենց իսկ իշխանութեան հրահանգով ձեւաւորուած փորձին շնորհիւ։
Որքա՞ն կարելի է իշխանութեան անառողջ ցանկութիւններուն եագուրդ տալ ատելութեան մոլուցքով»։
yerakouyn.com