Յարութ Սասունեան
Նախորդ ամիս գրած էի յօդուած մը 1890-ականներու Համիտեան (Օսմանեան) ջարդերէն փրկուած հայերու 8000 նամակներու մասին` ուղղուած կաթողիկոս Խրիմեան Հայրիկին, որոնց մէջ անոնք նկարագրած էին իրենց ողբերգական վիճակը եւ օգնութիւն խնդրած սնունդի ու կացարանի իրենց հիմնական կարիքներուն համար:
Այս շաբաթ յայտնաբերեցի չափազանց արժէքաւոր այլ գիրք մը, զոր 1922 թուականին կազմած է Պետրոս Տօնապետեանը` «Ձայն տառապելոց» խորագիրով, եւ որ հայերէնով հրատարակուած է Փարիզի մէջ: Տօնապետեան 1918-1922 թուականներուն եղած է Բրիտանական Գերագոյն յանձնախումբի պաշտօնեայ Կոստանդնուպոլսոյ մէջ: Գիրքը կը բովանդակէ աւելի քան 300 նամակներ, որոնք գրուած են Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրածներու կողմէ 1915-1919 թուականներուն, եւ որոնց մէջ անոնք նկարագրած են իրենց ականատեսի սրտաճմլիկ պատմութիւնները վայրագութիւններու գործադրութեան ընթացքին։ Անոնցմէ շատեր իրենց հոգին աւանդած են այս նամակները գրելէ ետք։
Ահաւասիկ հատուածներ այդ նամակներէն` գրուած Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին.
— Վարդիկ Ծնիկեան, Կարին, 6 փետրուար 1919
«Հոգեակս, աղբարիկի մասին կը հարցնես: Խեղճուկը ազատեցաւ այս թշուառ աշխարհէս: Այս չար աշխարհի տագնապալի վիճակէն ազատւող եւ երկինք գացողը աւելի երջանիկ է, քան թէ այս աշխարհիս մէջ ապրողները»:
— Սաթենիկ, Տէր Զօր, թուականը նշուած չէ․
«Աղբարիկս, արիւնի ճամբէն սկսանք քալել յառաջանալով դէպի Մալաթիա ․․․․ Հոս մեր դժբաղդ կարաւանէն խլուեցան հարիւր եօթանասունէ աւելի այրեր, որոնք ամէնն ալ քիւրտ պէյի հրամանով չարաչար մահուամբ փակեցին իրենց աչքերն իրենց սիրելիներու ներկայութեամբ իսկ: Մեր ընտանիքէն մինակ ես կամ մնացած, մէկ առ մէկ տեսայ ամէն մէկուն սոսկալի սպանուիլը կամ տառապանքէ ու անօթութենէ մեռնիլը․ ես ալ նոյն ճակատագիրը պիտի ունենամ ․․․․ Թշուառ քոյրդ»:
— Վարդան, Էրզրում, 8 մարտ 1917
«Սիրելի, մենք ազատուած ենք… Միւս տղաքը զարկեր են, իսկ հարսս Խաչինկան թրքացուցին․ եթէ քու տնեցիներ հարցնես քու ընտանիքէդ լուր չունիմ, իսկ Օհանը եւ Սեդրակը, Պաղտասարս զարկին: Աներանցդ տնեցիները հարցունես մեծերը զարկեր են, պզտիկները ողջ են․ Թաղոյենց հարցունես, մեծերը զարկեր են, պզտիկները ողջ են․ Օշկերցոց հարցնես, մեծերը զարկեր են․ Միրաքենց բոլորը ազատուած են, քիւրտերու մէջ կը մնան․ Լեռնցոց մեծերը զարկեր են, իսկ միւսները ողջ են․ Սաքոենց մեծերը զարկեր են, իսկ միւսները ողջ են ․․․․ Սիրելիս մեր քաշած նեղութիւնը շատ է, որ չեմ կրնար թղթի կտորով պատմել մեր ինչ չարչարանքով ազատուիլը, որ շաբաթներով անօթի կը մնայինք, անլի խոտ կը քաղէինք առանց աղի կ՛ուտէինք, որ անօթութենէ չմեռնինք․ տարի մը այսպէս նեղութիւն․ միշտ ալ գրեթէ այսպէս անօթի կը մնայինք, գարի հաց չէինք գտնէր, որ ուտէինք, մինչեւ Տէր Աստուած մեզի դուռ մը բացաւ, որ եկանք հոս․ ու ռուսի կառավարութենէն օրական կէս սոմի կու տան, որ կ՛ապրինք անօթի, եւ կը նեղուինք․ շատ գաղթականներ անօթութենէ, ցուրտէն եւ ամէն բանէ զուրկ մեռան հոս․ թուրքերը մեզ անանկ կողոպտեցին, որ քովերնիս դրամը բոլորը առին ու մերկ թողուցին»:
— Ստեփան Կարապետեան, Պաթում, 6 ապրիլ 1917
«Եղբայր, Ռուսաստան անցած ուրիշ մարդ չունինք․ ադ գիտցած ըլլաք․ միայն ես երկու երեխան առի մահս աչքիս առի ձիւներու եւ ձորերու մէջ քալելով յոյսս Աստուծոյ վրայ դնելով ազատեցայ»:
— Սարգիս, Բերրի, 17 Փետրուար 1917
«Սիրելի հօրեղբօրդիս, եթէ քո տնեցիներուդ հարցունես ոչ ոք մնացած չեն, միայն Ասատուրին կինը մնացեր էր ան ալ քիւրտերը առած են: Ասատուրը եւ Էմուս միատեղ զարկեր են ․․․․ Մենք ալ երկու եղբայրներս ազատուեր ենք, տնեցիներուս մէկը չի ազատեր ոչ երեխայ եւ ոչ ալ ընտանիք, միայն երկու եղբայր հազիւ կրցանք ազատուիլ»:
— Մայր Սոֆօ, Էրզրում, 24 Յունուար 1917
«Զաւակներս, եկան տխուր լուրերը․ բառ առ բառ տեսածը կը պատմէ մեզի․ սեւ է պատեր մեր աշխարը․ ինչ տանջանքներով ազատուածները անօթի ծարաւ անօթի բոբիկ վախն ի վախ Երիզա եւ Էրզրում հասինք․ լեռը օդը պաղ առանց անկողնի պառկած մարդիկն ինչ պիտի ըլլան․ սեւ գերեզման․ ցաւը կը խեղդէ զիս դժուար է գրել մեռածներուն անունները, սիրտս քարացնելով աչքերուս արցունքները կը ցատկին ու կը գլորին երբ միտքս կու գան հարիւրէ աւելի այն մատաղ կեանքերը, որ ախով ու վախով մեռան աչքիս առջեւ»:
Չափազանց կարեւոր է գտնել ականատեսներու այս խիստ արժէքաւոր վկայութիւններուն բնօրինակները: Տօնապետեան իր 1922 թուականի գիրքին մէջ նշած է երկու հասցէ. 1) Տպարան` Յակոբ Թիւրապեան, Ռասփեյլ պուլվար 227, Փարիզ, Ֆրանսա․ 2) Տօնապետեանի սեփական հասցէն` Էտիսըն Կարտընզ 53, Լոնտոն, W. 14, Մեծ Բրիտանիա:
Փարիզի կամ Լոնտոնի մէջ գտնուող անձեր կամ հայկական կազմակերպութիւններ պէտք է փորձեն գտնել այս արխիւները: Եթէ բնօրինակները յայտնաբերուին, ապա անոնք պէտք է ուղարկուին Երեւանի Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան:
Այս գիրքը, Ֆրեզնոյի հայկական թանգարանին պատուէրով, թարգմանուած է անգլերէնի 2015 թուականին դոկտոր Կարօ Խաչիկեանի կողմէ եւ խմբագրուած Մերի Էլեն Հիուսնի կողմէ: Թէեւ անգլերէն թարգմանութիւնը չէ հրապարակուած իբրեւ գիրք, սակայն անոր բովանդակութիւնը կարելի է ներբեռնել Kindle-էն «Ամազոն»-ի միջոցով` 9.95 տոլարով:
Այս գիրքը պէտք է հրատարակել եւ տարածել ամբողջ աշխարհին մէջ քանի մը լեզուներով: Բացի հայերէն բնագիրէն եւ անգլերէն տարբերակէն, այս նամակները թարգմանուած են թրքերէն, ռուսերէն, սպաներէն եւ մասամբ գերմաներէն լեզուներու, սակայն անոնցմէ ոչ մէկը տպագրուած է:
Բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին իրենց ներդրումը ունենալ այս արժէքաւոր անգլերէն գիրքի տպագրութեան ծախսերուն մէջ, կրնան ե-նամակ ուղարկել հետեւեալ ելեկտրոնային հասցէին` ArmenianMuseum.Fresno@gmail.com.