ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի մարմինի նամակը ՔՈՓ29-ի հարցով

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի մարմինի նամակը ՔՈՓ29-ի հարցով

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ նամակ մը յղեց Լիբանանի կենսոլորտի նախարարութեան ու Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի զարգացման ծրագիրի գրասենեակին:

Հայ դատի մարմինը յայտնեց, որ կենսոլորտի փոփոխութեան ՄԱԿ-ի 29-րդ խորհրդաժողովը տեղի կ՛ունենայ «երկրի մը մէջ, որ տակաւին վերջերս ցեղային զտում գործեց Արցախի բնիկ հայ ժողովուրդին դէմ: Ազրպէյճանը սովի մատնելու, ռմբակոծման, չհրահրուած յարձակումի եւ վախի մթնոլորտի տարածման ճամբով ցեղասպանական արշաւ վարած է»:

Հայ դատի մարմինը նաեւ անդրադարձաւ հայ պատանդներու եւ արցախահայութեան տունդարձի իրաւունքին` յայտնելով. «Հայ պատանդներու եւ պատերազմական գերիներու Պաքուի բանտերուն մէջ պահուիլը ուժեղ զգուշացում մըն է անոնց, որոնք կը մտածեն կիրարկել միջազգային օրէնքով ամրագրուած վերադարձի իրենց իրաւունքը: Ուստի Ազրպէյճանի կողմէ նոյեմբերի ձեռնարկին «Խաղաղութեան ՔՈՓ» պիտակաւորումը զզուելի է եւ ցնցիչ, որովհետեւ կը նպատակադրէ ջատագովել նախայարձակումի եւ ցեղասպանութեան ճամբով խաղաղութեան հաստատման գաղափարը»:

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը իր ակնկալութիւնը յայտնեց, որ Լիբանանի կենսոլորտի նախարարութեան եւ Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի զարգացման ծրագիրի գրասենեակին կողմէ ՔՈՓ29-ի մասնակիցները արծարծեն մարդու իրաւունքները եւ Պաքուի բանտերուն մէջ պահուող հայերուն հարցը, «որոնց շարքին է Լիբանանի քաղաքացի Վիգէն Էօլճեքեանը»:

Share