ՄԱԿ-ի Միջազգային Դատարանը Եկող Շաբաթ Պիտի Ներկայացնէ Հայաստանը Ընդդէմ Ազրպէյճանի Գործով Վճիռը

ՄԱԿ-ի Միջազգային Դատարանը Եկող Շաբաթ Պիտի Ներկայացնէ Հայաստանը Ընդդէմ Ազրպէյճանի Գործով Վճիռը

ՄԱԿ-ի Միջազգային դատարանը 17 նոյեմբերին պիտի հրապարակէ ժամանակաւոր միջոցներու վերաբերեալ միջնորդութեան մասին իր որոշումը Հայաստանի (28 սեպտեմբերին) ներկայացուցած հայցով: Այս կը վերաբերի ցեղային խտրականութեան բոլոր ձեւերու վերացման մասին միջազգային ուխտի (Հայաստանն ընդդէմ Ազրպէյճանի) կիրարկման:

Կառոյցի մամլոյ ծառայութիւնը կը յիշեցնէ, որ 16 սեպտեմբեր 2021-ին Հայաստանը հայց ներկայացուցած էր` դատ բանալով Ազրպէյճանի դէմ` ցեղային խտրականութեան բոլոր ձեւերու վերացման մասին միջազգային ուխտի ենթադրեալ խախտումներու առնչութեամբ:

Share