Ժամանակի հրամայական

Ժամանակի հրամայական

Յովնան Արք. Տէրտէրեան

Առաջնորդ՝

ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի

Այս օրերուն ներազգային կեանքի մէջ որոշապէս ընդհանուր շփոթ մը կը տիրէ ի տես Արցախի իրավիճակին, որուն հետ առնչուած մանրամասնութեանց անդրադառնալու միտումը չունինք եւ կ՛ուզենք բաւարարուիլ մեր գլխաւոր մտածումը դարձնելով ժամանակի հրամայականը:

Ժամանակի հրամայականը այն է, որ հաւատքի ամբողջ զօրութեամբ, քրիստոնէավայել եւ հայուն պատիւ բերող մօտեցումով մը տէրը կանգնինք Արցախահայութեան, որոնք բեկոր-բեկոր դարձած կը գտնուին Մայր Հայաստանի զանազան շրջաններու մէջ, բառին լման առումով գաղթականի կարգավիճակով: Միայն այցելութիւն մը կատարելով ու իրազեկ դառնալով տառապանքի բոցէն անցնող մեր ազգի զաւակաց պատկերին անտարակոյս ներքին ցնցում մը պիտի ապրինք եւ խոստումը կատարենք մեր հոգու պարտքը տալ:

1988 թուականի ահաւոր երկրաշարժի օրէն յետոյ անգամ մըն ալ ականատես կը դառնանք Գողգոթայի ճամբէն քայլող մեր ժողովուրդի զաւակաց դժբախտութեան:   

Մենք այլընտրանք չունինք սակայն, քան անյապաղ եւ միասնական մեր անվերապահ զօրակցութիւնը բերելու տեղահան Արցախահայութեան: Որոշ է, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր ներուժին չափով զօրավիգ է Արցախահայութեան: Իր հերթին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը եւս իր ուշադրութեան կիզակէտն է դարձուցած Արցախահայութիւնը: Այս իրավիճակին մէջ տեսանելի է, որ շատեր իրենց աջակցութիւնը կը բերեն, եւ սակայն կը բացակային դեռ շատ շատեր: Իւրաքանչիւր հայորդի պարտի զոհաբերել եւ քար մը դառնալ նոր կառուցուող տուներուն համար, որոնցմէ իւրաքանչիւրը պիտի դառնայ խորհրդանիշը Արցախի:

Ժամանակի հրամայականն է որ չմոռնանք Արցախահայութիւնը եւ այս օրերուն մէկդի դրած կողմնակի քննադատութիւնները, լսենք կանչը կոտտացող սրտերու ցաւին, տեսնենք ծով կարիքները գաղթական Արցախահայութեան եւ մեր զօրակցութիւնը դարձնենք միասնական ու ամբողջական: Ինչքան արագ միաւորուինք այնքան արագ գէթ նախնական պայմաններով կ՛երաշխաւորենք անտուն մնացած, տեղահան Արցախահայութեան կենցաղի բնականոն վիճակը:

Նոյեմբեր 2-ին, մեր հանդիպումը Ծաղկաձորի մէջ ապաստան գտած մեր հայորդեաց հետ չափազանց յուզիչ էր․ անոնց ներկայ կացութիւնը միայն խորագոյն ցաւ կը պատճառէ: Ի տես իրավիճակին, խոստում տուինք մեր հոգու խորքին, վերադառնալ Թեմ եւ շարունակել նուիրահաւաքի առաքելութիւնը:  

Եւ շուտով առաքելութեանը նպաստելով բարի միտով պատուիրակութիւն ենք կազմած այցելելու Հայաստան եւ տեղւոյն վրայ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի հովանաւորութեան ներքոյ ձեռնամուխ ըլլալու երկարաժամկէտ ծրագրի մը, որուն առանցքը պիտի ըլլայ բնակարաններու ձեռքբերումը:

Մեր կոչն է մեր հովիւներուն, Ծխական Խորհուրդներուն, յարակից մարմիններուն, որպէսզի քրիստոնէական մեր հաւատքը գործնապէս արտայայտենք, յիշելով նաեւ Քրիստոսի խօսքը թէ.« Մայրս ու եղբայրներս ասոնք են, որոնք Աստուծոյ խօսքը կը լսեն եւ կը գործադրեն» (Ղկ 8.21):

Հայրենիքը սիրելու օրն այսօր է: Հայրենակերտումի առաքելութեան կոչին պատասխանելու օրը այսօ՛ր է: Այս պատգամին հաւասարապէս եւ լիարժէք պիտի պատասխանեն ե՛ւ Հայաստան ե՛ւ սփիւռք ապրողներս:

Ինչքան մխիթարական եւ յուսադրող էր նաեւ այն պատկերը, որ հայաստանաբնակ մեր ժողովուրդի զաւակներէն շատեր իրենց տուներու դռները լայն են բացած եւ իրենց պայմաններու ներածին չափով հոգատարութիւն կը մատուցեն տեղահան մեր զաւակներուն: Մեր ազգը շատ աւելի կրնայ իրագործել առաւել ջերմեռանդ սիրով: Տեղահան Արցախահայութեան հանդէպ պարտականութիւնը միայն պետութեանն ու եկեղեցիինը չէ, այլեւ՝ բոլորիս:

Աստուած Ամենակարող,

Քու երկնային սիրով եւ իմաստութեամբ առաջնորդէ բոլորս, որպէսզի Քու բարի եւ սուրբ ձեռքերը դառնանք տեղահան Արցախահայութեան կեանքին մէջ:

Առաջնորդէ մեզ, որ թօթափենք մեր էութեան մէջ նուազագոյն նշոյլը տկարութեան, որպէսզի Քու աստուածային սիրոյ աղբիւրը դառնանք մեր կեանքով:   4 Նոյ. 2023

Share