Պետական մտածողութեան հրամայականը և Արցախահայութեան վերաբնակեցման հարցը

Պետական մտածողութեան հրամայականը և Արցախահայութեան վերաբնակեցման հարցը

Րաֆֆի Արտալճեան

Բռնի տեղահանուած արցախահայութեան աղէտի ընթացքին, երեք տարիներ շարունակ ներքաղաքական աղմուկի եւ պարտութեան թմբիրով տարուած հայութիւնը` թէ՛ հայրենիքի եւ թէ՛ արտերկրի մէջ, կեանքի նշոյլներ ցոյց տուաւ: Ամէն տեղ կամաւորներ եւ հասարակական կազմակերպութիւններ աղէտահար արցախահայութեան օգնութեան փութացին Գորիսէն մինչեւ Նոյեմբերեան: «Քաղաքակիրթ աշխարհն» ալ վայրկեանի մը համար նոր աղէտին նկատմամբ իր գթութեամբ կարծես խաբեց հայութիւնը, մինչեւ որ Կազա-Իսրայէլ ճգնաժամը վրայ հասաւ:

Բայց մեր խոր թմբիրին մէջ այս «ժամանակաւոր խայծը» մեզ պէտք չէ շեղէ: Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի օրերուն, երբ մեր անհեռատես ազգային ղեկավարները գինովցած էին այդ օրերու անհիմն պոռոտախօսութեամբ, սուրիահայ գաղթականներու հետ իմ շփումներուս ընթացքին անդրադարձայ, թէ անհատական ծրագիրները (որքան որ ալ ազնիւ ըլլայ անոնց նպատակը) երկարաշունչ չեն: Միեւնոյն ժամանակ այն օրերու հայկական պետութեան հետ փորձառութեանս ընթացքին շատ արագ անդրադարձայ, որ հայութիւնը ո՛չ սփիւռքի մէջ, ո՛չ ալ Հայաստանի մէջ գաղթականական մեծ հոսքեր դիմագրաւելու «կազմակերպական կարողութիւնը» ունի: Այս նոյն դիտարկումը կարելի է ընել Պաքուի, Իրաքի, Սուրիոյ կամ այլ շրջաններէ հայկական գաղթականական հոսքերու պարագային: Այստեղ կարելի է նաեւ յիշել 1988-ի երկրաշարժէն ետք երկար տարիներ անտուն մնացած Գիւմրիի ժողովուրդը:

Ժամանակակից հայոց պատմութեան մէջ հայ գաղթականութեան աջակցութեան միակ լուրջ գործը օտարները կատարած են` Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյց մարդասիրական կազմակերպութեան միջոցով:

Արդէն կը լսեմ, թէ հազարաւոր արցախցիներ Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը լքեն (գոնէ անոնք, որոնք միջոցները ունին) եւ կ՛անցնին արտերկիր: Այս ընթացքը կրնայ շարունակուիլ, եթէ շատ շուտով չմշակուին լուրջ եւ երկարաշունչ ծրագիրներ: Ուրիշ վտանգ մըն ալ կառավարութեան հայթայթած իւրաքանչիւր տեղահանուածի 100.000 դրամի միանուագ օգնութեան հարցն է: Յստակ է, որ ո՛չ իշխանութիւնը, ո՛չ ընդդիմութիւնը, ո՛չ պետութիւնը, ո՛չ ալ Հայաստանի մէջ «փափուկ ուժի համար արտաքին օգնութիւն օգտագործող մեր բարեկամ օտար երկիրները» որեւէ լուրջ ծրագիր ունին:

Ըստ Հայաստանի տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Գնել Սանոսեանի, արցախահայութեան բռնի տեղահանումէն առաջ պետութիւնը որեւէ լուրջ ծրագիր պատրաստած չէր: Արցախի տարածքային աղէտն ու հայաթափումը մեծ կորուստներ էին, այո՛, բայց արցախահայութիւնը Հայաստանի մէջ մշտապէս չվերաբնակեցնելը ցեղասպանական ընթացքի վերջնական ողբերգութիւնը պիտի ըլլայ:

Անհրաժեշտ է անմիջապէս, 1988-ի երկրաշարժի օրերու համահայկական զօրաշարժին կորովով, ազգովին գործի անցնիլ եւ այս աշխատանքը լրջօրէն համադրել: Այս աշխատանքը պէտք է ստանձնէ յատուկ գործակալութիւն մը: Սակայն այս անգամ Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյցը մեզի օգնութեան ձեռք պիտի չերկարէ:

Եթէ ԱՆՄԻՋԱՊԷՍ համահայկական համադրուած զօրաշարժ մը չկազմակերպուի`  մեր ԲՈԼՈՐ կարողութիւնները ՄԻԱՍԻՆ գործի դնելով, յանուն արցախահայութեան Հայաստանի մէջ լուրջ վերաբնակեցման, հաւանաբար պատմական մեծ առիթ մը եւս կորսուի: Այս մարտահրաւէրը կարելի չէ «խեղճուկ եւ իրարմէ անջատ անհատական միջոցառումներով յաղթահարել»: Այստեղ ծրագրումի եւ համադրումի հսկայական կարիք կայ: Այստեղ ամբողջականօրէն արդիական միջոցներով օժտուած ազգային նոր հաստատութեան մը անմիջական պէտքը կայ` իր մարդուժով եւ պաշարներով:

Այս գործը նաեւ պէտք չէ որեւէ ձեւով քաղաքականացուի: Բոլոր բռնի տեղահանուած արցախցիները հաւասարապէս արժանի են պատշաճ օժանդակութեան. անոնց  մէջ «ընտրեալներ» պէտք չէ փնտռել: Որպէսզի այս գործը յաջողութեան առիթ ունենայ, պէտք է նաեւ համակարգուած եւ ծրագրուած բնոյթ ունենայ: Եւ որովհետեւ ներկայիս համապատասխան պետական լուրջ կառոյց գոյութիւն չունի, կարելի է արդէն իսկ ինքզինք ապացուցած մասնաւոր-պետութիւն գործընկերութեան օրինակը օգտագործել այս հարցերը լուծելու համար:

Արցախահայութեան վերաբնակեցման ոճը պէտք է անպայման պետական մտածողութեամբ ըլլայ: Ինչպէս որ ժամանակակից պատերազմներու ընթացքին ֆետայական ջոկատներով կարելի չէ յաղթել, նոյնպէս բռնի տեղահանուած գաղթականական հոսքերու բարդոյթները առժամեայ մարդասիրական օժանդակութեան կարելի չէ վստահիլ: Արցախի հիմնահարցը վերջնականօրէն կը փակուի արցախցիներուն Հայաստանէն արտագաղթով: Ազգային պետութեան մը էական բաղադրիչը միայն հողը չէ, այլ նաեւ իր մարդկային դրամագլուխը: Հողը կորսնցուցինք, գոնէ ժողովուրդը պահենք: Այս առիթը կարելի չէ մսխել, պետական լուրջ մտածողութեան մարտահրաւէրը մեզ կը սպասէ:


Լուսանկարը Հետք կայքից է: Լուսանկարիչ՝ Նարեկ Ալեքսանեան

Share