«Հայկական արեւելումի գաղափարախօսը` Սարգիս Զէյթլեան»

«Հայկական արեւելումի գաղափարախօսը` Սարգիս Զէյթլեան»

Կազմակերպութեամբ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան՝ երկուշաբթի, 24 մարտ 2025-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, հոծ բազմութեան մը ներկայութեան, Պուրճ Համուտի «Յովհաննէս Պօղոսեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայկական արեւելումի գաղափարախօսը` Սարգիս Զէյթլեան» խորագիրով ոգեկոչման ձեռնարկը` ՀՅԴ Բիւրոյի նախկին անդամ Սարգիս Զէյթլեանի առեւանգման եւ նահատակութեան 40-ամեակին առիթով:

Ձեռնարկին բացումը կատարուեցաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներուն յոտնկայս ունկնդրութեամբ: Բացման խօսքը արտասանեց Յարութ Մարկոսեան: Ցուցադրուեցաւ Սարգիս Զէյթլեանի կենդանի ձայնով արտասանուած խօսք մը:

Խօսք առաւ օրուան բանախօս, «Ամենաղեկավարը` Սարգիս Զէյթլեան» գիրքին հեղինակ Կարօ Յովհաննէսեան: Ապա դարձեալ ցուցադրուեցաւ Սարգիս Զէյթլեանի խօսքերէն մէկը պարունակող տեսերիզ:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի խօսքը ուղղեց Շահան Գանտահարեան: Դարձեալ ցուցադրուեցաւ Սարգիս Զէյթլեանի խօսքերէն մէկը: ՀՅԴ Բիւրոյի խօսքը ուղղեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ եւ Միջին Արեւելքի պատասխանատու Յակոբ Բագրատունի:

Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր: Կարէն Գազանճեան, Քեւըն Եուեսֆ եւ Նաթալի Աբոքեան երգեցին «Սարգիս Զէյթլեան» եւ «Դաշնակցութեան քաջ զինուորներ» երգերը: Ձեռնարկը փակուեցաւ «Մշակ բանուոր» քայլերգով:

Share