Հայաստանի բարձրագոյն պաշտօնեաները արձակուրդի մէջ են. ոմանք յոյս ունին, որ անոնք չեն վերադառնար

Հայաստանի բարձրագոյն պաշտօնեաները արձակուրդի մէջ են. ոմանք յոյս ունին, որ անոնք չեն վերադառնար

Յարութ Սասունեան

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գրասենեակը զարմանալիօրէն յայտարարեց, որ ան երկարատեւ արձակուրդի կը մեկնի՝ 15 Յուլիսէն մինչեւ 12 Օգոստոս: Աւելի ցնցիչը այն է, որ Հայաստանի քանի մը այլ պաշտօնեաներ որոշած էին նոյն ժամանակ արձակուրդի երթալ՝ երկիրը ձգելով առանց բարձրագոյն ղեկավարութեան:

Ես ոչ մէկ մտահոգութիւն կ՛ունենայի, եթէ Փաշինեան մէկ կամ նոյնիսկ երկու շաբաթ տեւողութեամբ արձակուրդի երթար։ Ամէն մարդ, ժամանակ առ ժամանակ, հանգիստի կարիք ունի: Սակայն երկրի բարձրագոյն ղեկավարի գրեթէ մէկ ամիս արձակուրդի մէջ ըլլալը անհաւատալի է: Ես երբեք չեմ լսած, որ աշխարհի որեւէ երկրի ղեկավար 29-օրեայ արձակուրդի երթայ:

Բացի վարչապետին՝ աշխատավայրէն ապշեցուցիչ երկարատեւութեամբ բացակայութենէն, ես երեք այլ մտահոգութիւններ ունիմ.
1) Կը թուի, թէ տարրական հասկացողութիւն չունին, որ երկրի քանի մը ղեկավարներ միաժամանակ չեն կրնար բացակայիլ աշխատավայրէն: Ի՞նչ կ՛ըլլար, եթէ, Աստուած մի՛ արասցէ, պատերազմ սկսէր կամ այլ լուրջ արտակարգ իրավիճակ ստեղծուէր։

Սովորաբար, երբ որեւէ երկրի ղեկավար ժամանակաւորապէս կը բացակայի, անոր տեղակալը կը կատարէ իր գործառոյթները, բայց՝ ո՛չ Հայաստանի մէջ: Հայաստանի քանի մը լրատուական միջոցներ հաղորդեցին, որ փոխ վարչապետ Մհեր Գրիգորեան, որ պէտք է փոխարինէ վարչապետը, անոր բացակայութեան ժամանակ, նոյն ժամանակահատուածին մէջ ինը օրով արձակուրդի մեկնած է: Բարեբախտաբար, կայ երկրորդ փոխ վարչապետ, որ կը կատարէ վարչապետին պարտականութիւնները: Ասկէ զատ, խորհրդարանի նախագահ Ալէն Սիմոնեան որոշած է 16 Յուլիսէն 5 Օգոստոս՝ 20 օրով արձակուրդի երթալ: Զայն կը փոխարինեն փոխ խօսնակ Ռուբէն Ռուբինեան (16-22 Յուլիս) եւ փոխ խօսնակ Յակոբ Արշակեան (23 Յուլիսէն 5 Օգոստոս)։ Արձակուրդի մէջ են նաեւ ֆինանսներու նախարար Վահէ Յովհաննիսեան (10 օրով) եւ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան (մինչեւ 22 Յուլիս):

2) Եթէ Զուիցերիոյ ղեկավարները օրերով, շաբաթներով կամ նոյնիսկ ամիսներով բացակայէին իրենց աշխատավայրերէն, ապա ոչ մէկ վատ բան տեղի կ՛ունենար, քանի որ անոնց երկիրը կը գտնուի աշխարհի խաղաղ հատուածին մէջ: Ցաւօք, Հայաստան կը գտնուի անկայուն տարածաշրջանի մէջ, ուր մշտական սպառնալիքներ կան Ատրպէյճանի կողմէ։ Հայաստանի ղեկավարները պէտք է միշտ զգօն ըլլան եւ ջանասիրաբար աշխատին լուծել երկրին առջեւ ծառացած բազմաթիւ հարցեր։ Այս պայմաններուն մէջ, անոնց երկարատեւ
եւ նո՛յն ատեն արձակուրդի երթալը անխոհեմութիւն է եւ անպատասխանատուութիւն:

3) Ի վերջոյ, Փաշինեան նախորդ ամիս յայտարարեց, որ Հայաստան պատրաստ է մէկ ամսուան ընթացքին խաղաղութեան պայմանագիր կնքելու Ատրպէյճանի հետ: Ինչո՞ւ ան պէտք է կռնակը դարձնէր եւ մէկ ամիսով արձակուրդի երթար: Արդեօք ան պէտք չէ՞ իր աշխատավայրը ըլլար, եթէ, հրաշքով մը, նախագահ Ալիեւ համաձայնէր ստորագրել նման պայմանագիր մը, որ, իմ կարծիքով, ոչ միայն անօգուտ է, այլեւ կը հակասէ Հայաստանի շահերուն: Ալիեւ խելամտօրէն կը ձգձգէ խաղաղութեան պայմանագիրին ստորագրումը, որպէսզի անվերջ զիջումներ կորզէ Հայաստանէն․․․
Թէեւ ամբողջ ղեկավարութեան բացակայութիւնը լուրջ վտանգ կը ներկայացնէ որեւէ երկրի համար, սակայն բազմաթիւ հայեր այդքան ալ մտահոգուած չեն: Ընդհակառակը, անոնք ուրախ են, որ ղեկավարները հեռու են աշխատավայրէն, ուստի անոնք աւելի քիչ վնաս կը հասցնեն երկրի շահերուն: Հանրութեան որոշ անդամներ յոյս ունին, որ այդ ղեկավարները կը մնան մնայուն արձակուրդի մէջ եւ չեն վերադառնար իրենց պաշտօններուն:

Որոշ ընթերցողներ կը կարծեն, որ ես չափազանց քննադատաբար կը վերաբերիմ Փաշինեանի: Թէեւ ճիշդ է, որ ոչ ոք կատարեալ է, ինձմէ սկսեալ, սակայն վարչապետը մեծ ջանքեր կը գործադրէ կոպիտ սխալներ ու անհիմն յայտարարութիւններ ընելու համար, որոնք ծիծաղելի կ՛ըլլային, եթէ այդպիսի լուրջ հետեւանքներ չունենային: Նման հարիւրաւոր օրինակներ կու գան միտքս։ Նշենք միայն վերջին օրինակը, երբ, 14 Յուլիսին, Պեռլինի մէջ, վարչապետը իր տիկնոջ հետ ներկայ էր ՈՒԵՖԱ-ի ֆութպոլի առաջնութեան խաղին:

Ընկերային ցանցերով տարուած Փաշինեան, իր բոլոր ելոյթները, հանդիպումները եւ այցելութիւնները պարբերաբար կը հրապարակէ Facebook-ի, TikTok-ի, Instagram-ի, Twitter-ի (X) եւ YouTube-ի վրայ։ Ի տարբերութիւն աշխարհի այլ ղեկավարներու, ան կը շրջի մէկ կամ երկու բջջային հեռախօս ձեռքին։

Պեռլինի մէջ, ֆութպոլային խաղի ժամանակ, ան իր բջջային հեռախօսը դրած է իր առջեւ եւ նկարահանած իր դէմքը եւ ոչ թէ խաղը, տեսահոլովակին աւելցնելով 31-ամեայ ամերիկացի երգչուհի Թինաշէի տարօրինակ երգը: Ուիքիփետիայի մէջ «Nasty» («Գարշելի») երգը կը նկարագրուի իբրեւ R&B («Ռիթմ եւ պլուզ») եւ ռիթմիկ փոփ երգ, ուր Թինաշէն «ռեփ կ՛երգէ» իր սեռական ուժին համապատասխանող մէկը փնտռելու մասին, որուն ան հերթականութեամբ կը կոչէ իր «արտասովոր»ը եւ իր «գարշելի»ն, միաժամանակ օգտագործելով քանի մը ռիսքային իմաստներ: Երգը ունի «ռոպոթային» դիւրին միտք պահուող հատուած, իսկ երկրորդ քառեակին մէջ Թինաշէ կը մանրամասնէ սեռային ժամադրութեան մասին՝ երգելով․ «Շտապ, ազդրերս նստարանին են, ես ոչինչ ունիմ վարը, կարծես դուն կը պատրաստուիս գիշերել, կարծես թէ ես կը պատրաստուիմ փոխել քու կեանքդ»։
Ինչո՞ւ Հայաստանի վարչապետը իր տեսահոլովակին այդքան անպատշաճ երգ կ՛աւելցնէ, որուն գրութեան մէջ կայ «գարշելի» բառը, եւ այդ «գարշելի» բառը կը կրկնուի 59 անգամ։
Զարմանալի է, որ Փաշինեանի տեսահոլովակը «Nasty» երգի հետ մէկտեղ հաղորդուած է Լոս Անճոլըսի Channel 5-ով։ Հեռատեսիլով հեռարձակուող այդ հատուածի վերնագիրն էր՝ «Փաշինեանն ու կինը Պերլինի մէջ՝ ֆութպոլի Եւրոպայի առաջնութեան եզրափակիչ խաղի ընթացքին կը լսեն «Nasty» երգը»։ Հեռատեսիլի կայանը հարցուցած է. «Ի՞նչ ընդհանուր բան կայ 2024 թուականի Եւրոպայի առաջնութեան եզրափակիչի, Թինաշէի եւ Հ․Հ․ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ»: Պատասխանս է՝ բացարձակապէս ոչինչ․․․

Channel 5 յայտնած է, որ Փաշինեան TikTok-ի վրայ տեղադրած է երկրորդ տեսանիւթ մը, ուր կը ցուցադրուի յաղթանակի տօնակատարութիւնը ֆութպոլային խաղի աւարտին՝ անգամ մը եւս աւելցնելով «Nasty» երգը։ Հեռատեսիլի կայանը նշած է. «Յայտնի չէ, թէ ան ինչո՞ւ ընտրած է Crescenta Valley-ի միջնակարգ դպրոցի երբեմնի աշակերտուհիին երգը՝ իբրեւ երկու տեսահոլովակներու ֆոնային երաժշտութիւն։ Նաեւ, առաջին հերթին, յայտնի չէ, թէ ան ինչպէ՞ս գտած է այդ երգը»։
Գրեթէ անկարելի է բացատրել վարչապետին գործողութիւններն ու դրդապատճառները։ Թերեւս ան աշխատանք կը փնտռէ Հոլիվուտի մէջ, երբ այլեւս վարչապետ չէ:

Թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան

Share