Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Հոգեւորականաց ընդհանուր ժողով

Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Հոգեւորականաց ընդհանուր ժողով

Հ Ա Ղ Ո Ր Դ Ա Գ Ր Ո Ւ Թ Ի Ւ Ն

Նախագահութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ` Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի, Երեքշաբթի 19 Մարտի առաւօտեան ժամը 10-ին գումարուեցաւ Թեմի հոգեւորականաց Ընդհանուր ժողովը: Ժողովին մասնակցեցան Արեւմտեան Թեմէն ներս ծառայող հոգեւորականներ:

Ժողովը բացուեցաւ Սրբազան հօր աղօթքով, որմէ ետք քննարկումի նիւթ դարձան օրակարգային բազմաթիւ նիւթեր, որոնք առնչուած են մասնաւորաբար հոգեւոր հովիւներու ծառայական առաքելութեան, ծիսական ու վարչական կեանքին, քրիստոնէական դաստիարակութեան եւ այժմէական հարցերու հետ: Ժողովին նպատակն էր առաւել բծախնդրութեամբ ու կարգապահութեամբ շարունակել աստուածավայել առաքելութիւնը եւ լաւագոյնս մատուցանել մեր սիրեցեալ ժողովուրդի զաւակներուն:

Սրբազան հայրը գնահատելով Թեմիս հոգեւոր հովիւներու նուիրական ծառայութիւնը, նոր մարտահրաւէրներու լոյսին տակ առաւել պատասխանատուութեան ու պարտաճանաչութեան յորդորներ ուղղեց անոնց, մասնաւոր տեղ տալով աստուածաշնչական սերտողութիւններուն, մեր ծիսական արարողակարգին, աւանդութիւներուն, ազգային ու եկեղեցական արժէքներուն:

Օրակարգային բազմաթիւ նիւթերէն յատկանշականօրէն քննարկումի նիւթ դարձան արդարեւ, քրիստոնէական դաստիարակութիւնը իր բոլոր ոլորտներով, Կիրակնօրեայ եւ Շաբաթօրեայ վարժարաններու անուրանալի առաքելութիւնը եւ ուսուցչաց կազմերու եզակի դերակատարութիւնն ու հոգեւոր հովիւներու վճռորոշիչ ներկայութիւնը: ժողովը կարեւրութեամբ ընդգծեց Կիրակնօրեայ վարժարաններուն համար պատրաստուած ծրագրի գործադրութիւնը:

Աներիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի հոգեւորականաց Ընդհանուր Ժողովի ընթացքին մասնաւորաբար քննարկուեցան երիտասարդութեան, տիկնանց մարմիններուն, ամառնային ճամբարներուն,  Հայաստան ուխտագնացութեան, խնամատարական մարմնին, սարկաւագներու պատրաստութեան, խոկումի յանձնախուբին եւ հաղորդակցութեան գրասենեակի վերաբերեալ օրակարգային նիւթեր: Բնականաբար, մասնաւոր կերպով շեշտուեցաւ  Նոյեմբեր ամսուն միւռոնօրհնութեան եւ Մայր Տաճարի վերաօծման առթիւ դէպի Հայաստան կատարուելիք ուխտագնացութեան նախապատրաստուելու կարեւորութիւնը: Տակաւին ժողովը քննարկեց ծիսական ու հովուական հարցեր, եկեղեցիներու անդամակցութեան ընդարձակումը, ծխական կեանքի առաւել խորքային կազմակերպումը, Առաջնորդարան եւ ծուխեր սերտ համագործակցութիւնը, Առաջնորդարանի տեղեկատուութեան, համացանցային ու գրաւոր լրատուամիջոցներուն մասնաւոր տեղ տալը:

Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմը, գլխաւորութեամբ Առաջնորդ Սրբազան հօր եւ համագործակցութեամբ հոգեւոր դասուն ու ժողովականութեան, յառաջիկայ շրջանին եւս, նոյն նուիրումով, պարտաճանաչութեամբ, պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութեամբ պիտի շարունակէ Աւետարանի բարի սերմերը ցանել մեր նոր սերունդի զաւակներու հոգու մէջ, առաւել եւս զարկ տալ եկեղեցական ծիսական արարողութեանց, ծուխերէն ներս աստուածաշնչական սերտողութեանց, երիտասարդութեան լայն զանգուածի մասնակցութեան, քահանայութեան նոր թեկնածուներու  քաջալերման, կանանց ներկայութեան ու մասնակցութեան, աչալրջութեամբ նոր դպիրներ ու սարկաւագներ պատրաստելու առաքելութեան:

Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի հոգեւորականաց Ընդհանուր ժողովը փակուեցաւ Սրբազան հօր աղօթքով:

Դիւան Առաջնորդարանի

21 ՄԱՐՏ, 2024

Share