Ս. Մահսէրէճեան
Ժողովուրդի իմաստութիւնը ցոլացնող յիշեալ խօսքը՝ կրակին ցաւցնող ազդեցութեան մասին, երկար մեկնաբանութեան չի կարօտիր: Այս խօսքը բառացիօրէն կը յիշենք՝ երբ տեղ մը իսկական հրդեհ կայ, նաեւ փոխաբերաբար՝ երբ մէկը ցաւալի պատահարի մը մէջ իյնայ, նիւթական կամ մարդկային կորուստ մը ունենայ. իսկ եթէ քիչ մըն ալ տարածուինք՝ կրնանք մտածել նաեւ հայրենիք կորսնցնելու եւ նման կորուստի հանդէպ այլոց անտարբեր մնալուն մասին:
Խօսքին իմաստը այն է, որ ցաւի մը՝ հրդեհին անմիջական ազդեցութեան տակ եղո՛ղն է որ ուրիշներէ աւելի խորը կը զգայ եղածը, իսկ ուրիշներ՝ դրացի, ծանօթ, մինչեւ իսկ հարազատներ կրնան նոյնքան խորութեամբ չկրել կորուստին ցաւը:
Այս իմաստուն խօսքը յիշեցինք, երբ վերջին օրերուն ժամ առ ժամ լուրեր տարածուեցան Հարաւային Քալիֆորինան պատուհասող ծաւալուն հրդեհներուն պատճառած աղէտներուն մասին: Մասնաւորաբար Լոս Անճելըս գաւառի շարք մը աւաններուն մէջ, Փասատինայէն մինչեւ Փասիֆիք Փէլիսէյտզ, Սանթա Քլարիթա եւ Սիլմար (եւ այլն) հսկայական տարածութիւններ հրոյ ճարակ դարձան:
Նման հրդեհներ յաճախակի են ո՛չ միայն Քալիֆորնիոյ, այլ նաեւ Միացեալ Նահանգներու այլ շրջաններու մէջ, նման բնական աղէտներէ զերծ չեն այլ երկիրներ. վերջին տարիներուն, Սպանիայէն մինչեւ Յունաստան տարածուող Եւրոպայի մէջ ալ յաճախ նման պատուհասներ արձանագրուեցան: Վերջին օրերու աղէտը նախկիններէն այն տարբերութիւնը ունեցաւ, որ անիկա հարուածեց բնակարանային շրջաններ (շա՛տ աւելի ծանրօրէն՝ քան կարգ մը նախընթացները):
Հրդեհներու, նաեւ բնական որեւէ աղէտի պարագային, ամէնէն ցաւալին ու անդարմանելին, բնականաբար, մարդկային կորուստներն են: Երկրորդ դիրքի վրայ են նիւթական կորուստները, սակայն հոն կայ մխիթարական գիծ մը: Նախ այն, որ հրշէջները իրենց կեանքը վտանգելու գնով կ’աշխատին ապահովել բնակիչներու կեանքերը եւ ըստ կարելւոյն կորուստէ փրկել բնակարաններ ու կալուածներ. Ահա թէ ինջո՛ւ ժողովուրդին այս ծառայողները յատուկ յարգանքի արժանի են…: Յետոյ, կորուստ ունեցողը վերականգնելու հնարաւորութիւններ ունի. պետական նպաստներ, ապահովագրութեան ընկերութիւններ ձեռք կ’երկարեն աղէտեալներու: Այսուհանդերձ, նիւթական կորուստներուն մէջ ալ կան խոր ցաւ պատճառղ բաներ, որոնք նիւթականով չեն չափուիր: Յամենայնդէպս, անվիճելի է, որ անմիջական վնաս կրողն է որ կը զգայ ցաւին ծանրութիւնը, որքան ալ որ մօտիկ բարեկամներ կարեկցանք ցուցաբերեն. այսինքն՝ «Կրակը ինկած տեղը կ’այրէ»:
Լոս Անճելըսի շրջակայքը պատուհասող հրդեհները, ըստ նախնական տուեալներու (Չորեքշաբթի, 8 Յունուարի յետմիջօրէ), մոխրացուցած են աւելի քան հազար բնակարան, խանութ եւ առեւտրական հաստատութիւն: Մեծ բարեբախտութիւն պէտք չէ նկատել այն, որ մարդկային զոհերու թիւը փոքր է. եւ հո՛ս է որ «Կրակը ինկած տեղը կ’այրէ»-ն յատուկ նշանակութիւն կը զգենու:
Նիւթական կորուստներ ունեցած են նաեւ հայ ընտանիքներ. բոլորին պարագան ալ ցաւալի է, վստահաբար վնաս կրողները հոգեկան ուժը պիտի գտնեն եւ դիւրացնեն վերականգնումը, պիտի գտնեն օգնական ձեռքեր:
Այս բոլորին մէջ, կայ իւրայատուկ կորուստ մը, որ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԴՊՐՈՑԻ ՄԸ՝ Սահակ-Մեսրոպ Քրիստոնէական վարժարանին հրոյ ճարակ դառնալն է: Սա լոկ անհատական ա՛յլապէս ցաւալի կորուստներէն՝ աւելի՛ կիզող վնաս մըն է, որովհետեւ անմիջականօրէն, քանի մը հարիւր հայ աշակերտներ հիմա զրկուած են իրենց դպրոցը վերադառնալու հնարաւորութենէն, հայկական դպրոց մը եւս կը գտնուի (գոնէ անմիջականօրէն) փակուելու վտանգին տակ: Իսկ վերջին տասնամեակին, այս գաղութը այլ պատճառներով փակուած գտաւ իր մէկ քանի կրթօճախները…:
Ահա թէ ինչո՛ւ կ’առանձնացնենք Փասատինայի այս վարժարանին պարագան: Աղէտը մարտահրաւէրի առջեւ կը դնէ ո՛չ միայն այդ վարժարանը գուրգուրացող համայնքը, Փասատինայի հայութիւնը, այլ մեր ողջ գաղութը: Կարելի չէ ընդունիլ, որ «կրակը ինկած տեղը կ’այրէ», այլ այդ բոցին ցաւը պէտք է զգանք իբրեւ հաւաքականութիւն (կասկած չունինք որ կը զգանք): Մարտահրաւէրը կ’ըսէ, որ ցաւիլը, ցաւակցիլը, կարեկցիլը միայն առաջին քայլն են, անոր պէտք է յաջորդէ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԵԼՈՒ գործը, աշակերտներուն հայեցի դաստիարակութեան ապահովման հրամայականը:
Եւ որպէսզի այրուցքը սպեղանի գտնէ, վստահ ենք, որ նոյնինքն վարժարանն ու անոր ձեռք երկարելու կոչուածները պիտի մշակեն հանգրուանային ծրագիր: Նախ եւ առաջ, դպրոցազուրկ դարձած աշակերտները տեղաւորել ՀԱՅԿԱԿԱՆ այլ վարժարաններու յարկին տակ, կամ նմանօրինակ անմիջական դասաւորում մը ընել (օրինակ, առժամաբար օգտուիլ շրջանի հայկական կեդրոններու հնարաւորութիւններէն), իսկ աւելի ուշ, իրականացնել կորսուածը, հրկիզուածը փոխարինող շէնք մը, ուր կարելի ըլլայ շարունակել ՀԱՅ ԴՊՐՈՑի առաքելութիւնը:
Մեր գաղութը անցեալ տասնամեակներուն լիաբուռն աջակցութիւն հասցուցած է Հայաստանին ու Արցախին, Լիբանանի եւ Սուրիոյ տառապեալ գաղութներուն: Տեղական գետնի վրայ, ինքն իր դիմաց դրած է ազգօգուտ մարտահրաւէրներ եւ նոյն նախանձախնդրութեամբ ընդառաջած է անոնց յաղթահարման: Հիմա, կրթական այլապէս փոքր օճախ մըն է որ, իր կամքէն անկախ պատճառներով, ազնիւ մարտահրաւէր մը կ’ուղղէ համայնքի զաւակներուն ու վարժարանի անմիջական շրջանակին, հայկական միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու, որպէսզի բուռ-բուռ ճիգերով յաղթահարուի նա՛եւ այս մարտահրաւէրը (անշուշտ առանց արհամարհելու պետական եւ այլ հատուցումներու կարելիութիւնը, որոնց «պատմութիւնը կրնպայ երկար ըլլալ»…):
Մէկ խօսքով, ՀԱՅ ԴՊՐՈՑին ամէնէն կարեւոր յենարանները, սիւները՝ նոյնինքն մեր ժողովուրդին զաւակներուն ձեռքերն են: Այո՛, «Կրակը ինկած տեղը կ’այրէ», բայց կայ աւելին՝ հաւաքական ճիգով դարմանելու, ցաւը ամոքելու ուղին: