Ճեմարանը` 95 Տարեկան

Ճեմարանը` 95 Տարեկան

Համազգայինի Հայ Ճեմարանը հիմնուած է  3 մարտ 1930-ին, Պէյրութի մէջ, եւ այսօր, 95 տարիներ ետք, 3 մարտ 2025-ին ան կը դառնայ 95 տարեկան:

95 տարիներէ ի վեր Հայ Ճեմարանը կառչած կը մնայ իր նպատակին` նորահաս սերունդներուն տալով ընդհանուր կրթութիւն եւ հայեցի դաստիարակութիւն: Իր հիմնադիրներուն` Լեւոն Շանթի եւ Նիկոլ Աղբալեանի տեսլականին հաւատարիմ, Ճեմարանը հայ հանրութեան կ՛ընծայէ ընդհանուր գիտութիւններու տէր եւ հայ լեզուի, Հայոց պատմութեան, հայ մշակոյթի ու Հայ դատի պահապան յանձնառու եւ գիտակից անհատներ:

Այսօր Ճեմարանը կը գործէ իր վեց բաժիններով` մանկամսուր, մանկապարտէզ, տարրական, նախակրթարան, միջնակարգ ու երկրորդական, եւ հակառակ ներկայ մարտահրաւէրներուն ու տագնապներուն` ան կը շարունակէ մարդակերտման եւ հայակերտման իր առաքելութիւնը, կը պահէ իր յատուկ ոգին ու եզակի մթնոլորտը,  միաժամանակ տէր կը կանգնի աւանդականին ու քայլ կը պահէ այժմէականին հետ:

Ճեմարանականները կը շարունակեն իրենց ներդրումը ունենալ ազգային հասարակական կեանքին մէջ, ինչպէս նաեւ` գիտական, գրական, կրթական, մշակութային, մարզական եւ այլազան բնագաւառներէն ներս, աշխարհի չորս ծագերուն :

Այսօր դպրոցէն ներս աշակերտական տօնակատարութիւններով մեկնարկը կը կատարուի 95-ամեակի ձեռնարկներուն, իսկ յառաջիկայ ամիսներուն Ճեմարանի մէջ թէ այլուր պիտի կազմակերպուին տարբեր բնոյթի ձեռնարկներ` արժանավայել ձեւով նշելու համար Ճեմարանի 95-րդ տարեդարձը:

Այս առիթով կազմակերպուած է նաեւ Ճեմարանի 95-ամեակը ներկայացնող տարբերանշանի պատրաստութեան մրցոյթ մը: Ընտրուած տարբերանշանը պիտի գործածուի 95-ամեակի բոլոր նախաձեռնութիւններուն ընթացքին, ըլլան անոնք հրապարակային ձեռնարկներ, հրատարակութիւններ կամ առցանց աշխատանքներ: Մրցոյթի մանրամասնութիւններուն համար կարելի է հետեւիլ Ճեմարանի ընկերային ցանցերու յայտարարութիւններուն:

Վա՛րձքը կատար` հայ դպրոցին հաւատացողներուն եւ հայ դպրոցին դաստիարակութեան վստահած հայ ծնողներուն ու ընտանիքներուն:

Վա՛րձքը կատար` Ճեմարանի առաքելութեան հաւատացող անխոնջ ու նուիրեալ կրթական մշակներուն:

Ջահդ տակաւին երկար տարիներ վա՛ռ պիտի մնայ:

Տարեդարձդ շնորհաւո՛ր, սիրելի՛ Ճեմարան:

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՄԵԼԱՆՔԹՈՆ ԵՒ ՀԱՅԿ ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ
ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ

1930 – 2025
ՃԵՄԱՐԱՆԸ` 95 ՏԱՐԵԿԱՆ

28 մայիս 1928-ին Գահիրէի մէջ կը հիմնուի ՀԱՅ ԿՐԹԱԿԱՆ ԵՒ ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆԸ, որուն էական եւ առաջին ծրագիրներէն մէկը կ՛ըլլայ հիմնել երկրորդական վարժարան մը:

Horizon Weekly Newspaper
Լեւոն Շանթ Նիկոլ Աղբալեան

Այս նպատակով, Համազգայինի հիմնադիրներէն` Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան խորհրդարանի փոխնախագահ Լեւոն Շանթ եւ լուսաւորութեան նախարար Նիկոլ Աղբալեան կու գան Լիբանան, ուր կը հիմնեն ՀԱՅ ՃԵՄԱՐԱՆԸ:

3 մարտ 1930-ին Պէյրութի Քանթարի թաղին մէջ վարձուած երկյարկանի շէնքի մը մէջ Հայ Ճեմարանը կը բանայ իր դռները 15 աշակերտներով:

Յառաջիկայ տարեշրջանին արդէն Հայ Ճեմարանի աշակերտութեան թիւը կը բարձրանայ 64 աշակերտներու. կը կազմուին մէկ նախապատրաստական եւ երեք հիմնական դասարաններ:

Հայ Ճեմարանը ունէր հիմնական մէկ նպատակ` պատրաստել վաղուան մտաւորական սերունդը եւ հայ լեզուին, գրականութեան, պատմութեան ու մշակոյթին գոյատեւման եւ զարգացման պատասխանատու անձերը:

Հիմնադրութեան առաջին տարիէն Ճեմարանը կ՛ունենայ նաեւ գիշերօթիկի բաժին, որպէսզի այլ երկիրներէ ուսանողներ կարենան գալ եւ ստանալ հայեցի կրթութիւն:

1935-ին Հայ ճեմարանը կու տայ իր առաջին ութ շրջանաւարտները, որոնց մեծ մասը կը դառնայ Ճեմարանի կամ հայ ազգային վարժարաններու մէջ ուսուցիչ:

Յաջորդող տարիներուն աշակերտութեան թիւը հետզհետէ աճ կ՛արձանագրէ, եւ շուտով Ճեմարանը կը փոխադրուի աւելի ընդարձակ հին շէնք մը` Ուատի Ապու Ժեմիլ թաղին մէջ:  Աւելի ուշ, ժամանակաւորապէս, Ճեմարանի որոշ դասարաններ կը փոխադրուին նաեւ Նորմանտիի շրջանին մէջ շէնքի մը գետնայարկը:

Horizon Weekly Newspaper
Զոքաք Էլ Պլաթ – Նշան Փալանճեանի շէնքը

1948-ին Հայ ճեմարանը կ՛ունենայ իր սեփական շէնքը Զոքաք էլ Պլաթի մէջ` շնորհիւ իրենց վաղամեռիկ եղբօր` Նշան Փալանճեանի յիշատակին Փալանճեան քոյրերու կատարած նուիրատուութեան, ինչպէս նաեւ` Լ. Շանթի Ամերիկայի գաղութէն հանգանակած եւ Հայ օգնութեան միութեան տրամադրած գումարներուն:

Հայ ճեմարանի նոր շէնքի պաշտօնական բացումը տեղի կ՛ունենայ շաբաթ, 27 մայիս 1950-ին, ներկայութեամբ` Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ շէյխ Պշարա  Խուրիի, վարչապետ Ռիատ Պէյ Սոլհի, հայ թէ օտար  բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու, յարանուանութիւններու ներկայացուցիչներու եւ արտասահմանէն ժամանած հիւրերու: Հանդիսութեան աւարտին Լիբանանի նախագահը Լեւոն Շանթը կը պատուէ Լիբանանի «Արժանեաց Ա. կարգ»-ի ոսկիէ շքանշանով` առ ի գնահատանք կրթական ասպարէզին մէջ անոր մատուցած ծառայութիւններուն:

Հայ ճեմարանը պաշտօնապէս կը կոչուի Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարան:

Horizon Weekly Newspaper

Լեւոն Շանթի մահէն ետք ճեմարանի տնօրէնութեան պաշտօնին կը հրաւիրուի Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան վերջին վարչապետ Սիմոն Վրացեան, որ կը շարունակէ աշխատանքը երկու օգնականներով` Ճեմարանի առաջին շրջանաւարտներէն փորձառու ուսուցիչներ Մուշեղ Իշխանի եւ Գառնիկ Բանեանի: Առաջինը կը ստանձնէ կրթական, իսկ երկրորդը վարչական գործերը:

Աշակերտներուն թիւը տարուէ տարի աճ կ՛արձանագրէ, հետեւաբար ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՅ ԿՐԹԱԿԱՆ ԵՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ Կեդրոնական վարչութիւնը եւ ճեմարանի տնօրէնութիւնը կ՛որոշեն կառոյցը ընդարձակել ու զայն օժտել առանձին մանկապարտէզով, գիտաշխատանոցով, գրադարան-մատենադարանով եւ մարզադաշտով:  Յաջորդող տարեշրջանները դարձեալ կ՛ըլլան վերելքի տարիներ, եւ կառոյցը առաւել եւս կ՛ընդարձակուի: Աշակերտութեան թիւը կը հասնի 600-ի:

Ս. Վրացեանի մահէն ետք, 1969-ին, Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան որոշումով ճեմարանի գիտութիւններու ուսուցիչ եւ գիտաշխատանոցի պատասխանատու Հրաչ Տասնապետեան կը դառնայ ճեմարանի ջահը վառ պահելու յանձնառու տնօրէնը:

Յաջորդող հինգ տարեշրջաններուն ճեմարանի աշակերտներու թիւը կը հասնի 1000-ի: Հետեւաբար 1975-ի սկիզբը Համազգայինի Կեդրոնական վարչութիւնը կը ծրագրէ աւելի ընդարձակ Ճեմարան մը կառուցել եւ Անթիլիասի Մըզհերի շրջանին մէջ կը գնէ հողաշերտ մը:

Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին պատճառով, 1975-76 տարեշրջանէն սկսեալ ճեմարանը կը դառնայ երբեմն երկճիւղ, նոյնիսկ` եռաճիւղ: Որոշ շրջան մը աշակերտներու փոքր թիւ մը կը մնայ Նշան Փալանճեան ճեմարան, իսկ մեծ մասը կը փոխադրուի նախ ժամանակաւոր կերպով Մարտիկեան վարժարան (Անթիլիասի մայրավանք), ապա` երկու տարի Տըպպայայի Կենաց վարժարան:

1977 մայիսին, Խորէն Ա. եւ Գարեգին Բ. կաթողիկոսներու ներկայութեամբ, տեղի կ՛ունենայ Մըզհերի համալիրի պաշտօնական հիմնարկէքը:

Ճեմարանը կը շարունակէ իր երկճիւղ գործունէութիւնը` Նշան Փալանճեան Ճեմարանի եւ Պուրճ Համուտի մուտքին Շաղզոյեան եղբայրներու նուիրատուութեամբ գնուած շէնքին մէջ:

1987-88-ին տարեշրջանին, Համազգայինի Մըզհերի կրթական համալիրի կեդրոնական շէնքին մէկ մասը արդէն իսկ կառուցուած էր: Նոյեմբեր ամսուն Պուրճ Համուտի աշակերտութեան միջնակարգ եւ երկրորդական բաժինները կը փոխադրուին նոր շէնք, եւ դպրոցական կեանքը կը սկսի Մըզհերի (Ծաղկաձոր) համալիրին մէջ:

Horizon Weekly Newspaper
Ծաղկաձորի «Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան» ճեմարանի շէնքը

20 նոյեմբեր 1988-ին տեղի կ՛ունենայ Մըզհերի ճեմարանին բացման հանդիսութիւնը` ներկայութեամբ Գարեգին Բ. կաթողիկոսի, կառոյցի բարերար Արսլանեան ընտանիքի անդամներուն եւ մեծաթիւ հիւրերու: Ծաղկաձորի Ճեմարանը պաշտօնապէս կը կոչուի Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարան:

Երեք տարի ետք տեղի կ՛ունենայ Մըզհերի ՀՕՄ-ի Նորսիկեան մանկապարտէզի պաշտօնական բացումը:

Մինչեւ 2001 ճեմարանը քանի մը տարի երկու շրջաններու մէջ կը շարունակէ իր կրթական գործը` արեւմտեան բաժինը Նշան Փալանճեան, արեւելեանը` Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան:

Horizon Weekly Newspaper

Ճեմարանի տնօրէն Հրաչ Տասնապետեան կը մահանայ մարտ 2001-ին: Այնուհետեւ ճեմարանի տնօրէնութիւնը կը վարէ Տիգրան Ճինպաշեան: Միեւնոյն տարեշրջանին ճեմարանը կ՛ունենայ նոր բաժին մը` մանկամսուրը:

18 հոկտեմբեր 2010-ին Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի սրահին մէջ տեղի կ՛ունենայ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան եւ Համաշխարհային հայկական քոնկրեսին կողմէ կազմակերպուած «Լաւագոյն հայկական կրթօճախ» մրցումին մրցանակներու յանձնումը: Հայկական վարժարաններուն մէջ լաւագոյնի տիտղոսին կ՛արժանանայ Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանը:

Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան հանգստեան կը կոչուի յունիս 2016-ին, եւ տնօրէն կը նշանակուի Փաուլա Եղիայեան:

Horizon Weekly Newspaper
«Ռաֆֆի եւ Անելկա Արսլանեան» մանկամսուրի շէնքը

Ապրիլ 2018-ին, տէր եւ տիկին Ռաֆֆի եւ Անելկա Արսլանեաններու նուիրատուութեան շնորհիւ, բացումը կը կատարուի Համազգայինի Ռաֆֆի եւ Անելկա Արսլանեան արդիական մանկամսուրին, որ կ’ընդունի 3 ամսականէն 3 տարեկան երեխաներ:  Համազգայինի Ռաֆֆի եւ Անելկա Արսլանեան մանկամսուրը կը սկսի գործել 1 սեպտեմբեր 2018-ին:

Եւ ահա այսօր, 3 մարտ 2025-ին, ճեմարանը կը դառնայ 95 տարեկան:

95 տարիներէ ի վեր ճեմարանը կը շարունակէ իր հիմնադիրներուն առաքելութիւնը. ճեմարանի մէջ դպրոցական կեանքը աշխուժ է ու բեղուն. ճեմարանի աշակերտները հայերէնագիտական դասանիւթերու կողքին,  կը պատրաստուին լիբանանեան պըրըվէի պետական քննութիւններուն եւ լիբանանեան ու ֆրանսական պաքալորէայի պետական զոյգ քննութիւններուն` ապահովելով բարձր եւ գնահատելի յաջողութիւններ:

Ճեմարանի բոլոր կարգերու աշակերտները,  դասարանային աշխատանքներու կողքին, արտա-դասարանային զանազան այցելութիւններով ու պտոյտներով կը հարստացնեն իրենց գիտելիքներու շտեմարանը եւ այլազան հմտութիւնները: Անոնք նոյնպէս կը մասնակցին սեմինարներու ու աշխատանոցներու, ինչպէս նաեւ կ՛այցելեն բարեսիրական զանազան հաստատութիւններ, ներկայ կը գտնուին գեղարուեստական ելոյթներու եւ ընդհանուր զարգացման, մշակութային ու մարզական մեծ թիւով մրցոյթներու` ապահովելով միշտ առաջնային դիրքեր: Կը հրատարակուին նաեւ միջնակարգ բաժինի «Կանթեղ» եւ երկրորդական բաժինի «Ջահակիր» աշակերտական տարեգիրքերը:

1936-ին հիմնուած ճեմարանի շրջանաւարտներու միութիւնը այսօր կը գործէ մինչեւ օրս: Համազգայինի Փալանճեան- Արսլանեան ճեմարանի շրջանաւարտներու միութիւնը մայր հաստատութեան կողքին է իր աշխարհասփիւռ Ճեմարանականներով:

Ճեմարանի շրջանաւարտները հաստատ քայլերով կ՛ուղղուին դէպի բարձրագոյն ուսում եւ իրենց ձեռք բերած արդիւնքներով ու յաջողութիւններով բարձր կը պահեն Ճեմարանի ջահը:

Ճեմարանէն ներս գործող անձնուէր անձնակազմը եւ բոլոր գրասենեակները մեծ նուիրումով կը շարունակեն հայ մտքի ու մշակոյթի մեծանուն առաքեալներ Շանթի ու Աղբալեանի տեսլականը: Անոնց շունչն ու ոգին կը շարունակուի:

Ճեմարանի բոլոր աշխատանքներու զեկուցումները առօրեայ դրութեամբ եւ մնայուն կերպով կը զետեղուին Ճեմարանի պաշտօնական կայքէջին (www.djemaran.edu.lb),  ֆէյսպուքի էջին (M. & H. ARSLANIAN DJEMARAN) եւ ինսթակրամի էջին (arslaniandjemaran) վրայ:

Եւ երթը նոյն թափով ու նոյն կորովով կը շարունակուի դէպի 100-ամեակ:

ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ՄԵԼԱՆՔԹՈՆ ԵՒ ՀԱՅԿ ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ
ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒ

Share