«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ
Վերջին ամիսներուն ինծի դիմած են բազմաթիւ ընթերցողներ եւ խնդրած են՝ գրել Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանի կողմէ Հայկական թաղամասի շուրջ 25 տոկոսը հրեայ ներդրողին 98 տարիով վարձակալութեան տալու վերաբերեալ վէճին մասին: Սակայն, քանի որ վարձակալութեան պայմանագիրի մանրամասնութիւնները չէին հրապարակուած, ես չէի կրնար գրել այդ մասին:
Փորձելով տեղեկանալ փաստերուն՝ երկու անգամ հեռաձայնեցի Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Նուրհան Մանուկեանի՝ խնդրելով պայմանագիրին պատճէնը։ Ան չարձագանգեց։ Ես խօսեցայ այժմ կարգալոյծ եղած, պայմանագիրը ստորագրողներէն մէկուն՝ Հայր Պարեթ Երէցեանի հետ, որ ըսաւ, թէ պայմանագիրին պատճէնը չունի։ Քանի մը անյաջող փորձ ըրի կապ հաստատելու որոշ փաստաբաններու հետ, որոնք փաստահաւաք առաքելութեամբ գացած էին Երուսաղէմ եւ պատրաստած 184 էջնոց զեկոյց մը։ Ինծի ըսին, որ զեկոյցը չի հրապարակուիր, քանի որ անիկա կը բովանդակէ որոշակի զգայուն տեղեկատութիւն: Ես կապ հաստատեցի նաեւ Երուսաղէմ գտնուող հայ գործիչի եւ փաստահաւաք առաքելութեան հովանավորներէն մէկուն հետ։
Թէեւ դեռ ո՛չ զեկոյցին, ո՛չ ալ պայմանագիրին պատճէնները տեսած եմ, բայց նոր կարդացի բացայայտող յօդուած մը «Գեղարդ» կայքի վրայ, որ զետեղած էր հարցազրոյց մը Երուսաղէմի հայ գործիչին հետ: Վերջինս ունէր 184 էջնոց զեկոյցին պատճէնը, ներառեալ պայմանագիրը, որուն մէկ էջը պակաս էր: Այսուհանդերձ, որոշեցի գրել այն, ինչ որ մինչեւ հիմա գիտցած եմ, թէեւ կը նախընտրեմ անձամբ ուսումնասիրել պայմանագիրին եւ զեկոյցին պատճէնները:
Անոնց համար, որոնք հետեւած են Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքարանի հետ կապուած տարբեր գայթակղութեանց, զարմանալի ոչինչ կայ՝ տխուր է, բայց ոչ զարմանալի: Պատրիարքարանին պատկանող հողատարածքներու քողարկուած վարձակալութիւնները եւ թանկարժէք գոյքերու վաճառքները կը շարունակուին տասնամեակներէ ի վեր։
Ներկայի այս գայթակղութիւնը պարզ կասկածելի առեւտրային գործարք չէ։ Անիկա ունի քաղաքական հետեւանքներ՝ հաշուի առնելով Երուսաղէմի շուրջ պաղեստինցիներու եւ Իսրայէլի պետութեան միջեւ վէճերը: Անիկա նաեւ հետեւանքներ ունի Երուսաղէմի հետզհետէ նուազող հայ համայնքի գոյատեւման համար:
Վարձակալութեան պայմանագիրը ստորագրած են երեք հոգեւորականներ՝ Նուրհան Պատրիարք Մանուկեան, այժմ կարգալոյծ եղած Հայր Պարեթ Երէցեան եւ Սեւան Արքեպիսկոպոս Ղարիպեան։ Քանի որ Պատրիարքարանի անշարժ գոյքի գրասենեակի նախկին տնօրէն Հայր Պարեթ ենթարկուած է բուռն քննադատութեան, շատերը կը կարծեն, որ Պատրիարքը փորձած է մեղքը բարդել Հայր Պարեթի վրայ՝ զայն դարձնելով քաւութեան նոխազ։ Այսուամենայնիւ, Յորդանանի թագաւոր Ապտալլահ Երկրորդ, որ պատմականօրէն Երուսաղէմի սրբավայրերուն պահապանն է, եւ Պաղեստինի ազգային վարչակազմի ղեկավար Մահմուտ Ապպաս՝ միացեալ յայտարարութեամբ մը մեղադրած են Պատրիարքը եւ կասեցուցած՝ Արքեպիսկոպոս Մանուկեանը իբրեւ Հայոց Պատրիարք իրենց ճանաչումը՝ Երուսաղէմի հայկական եկեղեցիին, Սուրբ Երկրին եւ Յորդանանի մէջ։
Երուսաղէմի հայ գործիչ Յակոբ Ճերնազեան «Գեղարդ»ին ըսաւ, որ աւստրալիացի հրեայ ներդրող Ռուպինշթէյն/Ռոթման կը ծրագրէ եօթը աստղանի պանդոկ կառուցել «Կովերու պարտէզ»ին մէջ՝ Հայոց Պատրիարքարանէն վարձակալած հողատարածքին մէջ։ Վարձակալութեամբ տրուած կալուածին չափը կը կազմէ 11,500 քառ. մեթր։ Պատրիարքարանին տրուող տարեկան վճարը 300 հազար տոլար է։ Սակայն Հայր Պարեթ ինծի ըսաւ, որ եկամուտը կը կազմէ պանդոկի շահին 5 տոկոսը, որ կրնայ տարի առ տարի փոփոխութեան ենթարկուիլ: Ճերնազեան նաեւ տեղեկացուց, որ վարձակալուած հողատարածքը ներկայիս կը ներառէ հինգ հայկական տուն, Պատրիարքի այգին, Պատրիարքի ինքնաշարժին յատուկ կանգառը, ինչպէս նաեւ ճեմարանի դահլիճը։ Առաջին 49 տարուան աւարտին, գնորդը կարելիութիւն ունի երկարաձգելու վարձակալութիւնը 49 տարի մը եւս:
Ճերնազեան նաեւ բացատրեց, որ իրաւաբանները պայմանագիրի պատճէնը ձեռք բերած են անյայտ երրորդ կողմէ մը՝ ո՛չ Պատրիարքարանէն եւ ո՛չ ալ Երուսաղէմի քաղաքապետարանէն, սակայն ան կը պնդէ, որ պայմանագիրը իրական է, քանի որ «մենք կրցանք զայն հաստատել Պատրիարքարանին հետ»:
Պատրիարք Մանուկեան, աշխարհասփիւռ հայութեան ճնշման տակ, խոստացած է ջնջել պայմանագիրը, բայց միակողմանի ջնջումը կրնայ յանգեցնել իրաւական մարտահրաւէրներու եւ նիւթական վնասներու: Պաղեստինի ինքնավարութեան ներկայացուցիչը յայտարարած է, որ պատրաստ է վճարելու ջնջման համար նախատեսուած տուգանքը։ Այսուամենայնիւ, Ճերնազեան կարծես թէ տեղեակ չէ այդ խոստումէն, քանի որ ան «Գեղարդ»ին ըսած է՝ «Եթէ դրամի կարիք ըլլայ, վստահ եմ, որ Պատրիարքարանը, համայնքը եւ հայ ժողովուրդը միասին կ՛աշխատին հաւաքել պահանջուող գումարը, ջնջման տուգանքը վճարելու համար»:
Ըստ Ճերնազեանի՝ քանի մը խնդիր կայ պայմանագիրին հետ կապուած.
1) Անիկա կը խախտէ Պատրիարքարանի կանոնադրութիւնը.
2) Պայմանագիրին ամսաթիւը փոխուած է 7 Յուլիսէն 8 Յուլիս 2021ի, որպէսզի արտացոլէ ներդրողին՝ Xana Gardens Limited ընկերութեան Իսրայէլի մէջ արձանագրութեան ամսաթիւը: Հայր Պարեթ այդ անհամապատասխանութիւնը բացատրեց իբրեւ տպագրական հասարակ սխալ:
Պարզ չէ, թէ որո՞նք են այս կնճռոտ հարցի լուծման յաջորդ քայլերը։ Ճամբաներէն մէկը կ՛ըլլար այն, որ Երուսաղէմի հայ համայնքը վարձէր իսրայէլցի փաստաբաններ՝ Պատրիարքը կամ հրեայ ներդրողը դատի տալու համար, սակայն, Պատրիարքէն եւ հրեայ ներդրողէն բացի, ոչ ոք օրինական իրաւունք ունի դատարանին մէջ:
Հաշուի առնելով աշխարհի մէջ Երուսաղէմի նշանաւորութիւնը եւ Սուրբ քաղաքի մէջ հայկական ներկայութեան կարեւորութիւնը չորրորդ դարէն ի վեր՝ այս վարձակալութիւնը կը հետաքրքրէ աշխարհասփիւռ հայութիւնը, ինչպէս նաեւ պաղեստինցիները, Իսրայէլի պետութիւնը եւ Յորդանանի թագաւորը:
Այսուամենայնիւ, կողմ մը, որմէ բան չենք լսած՝ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնն է, որ կրնար պաշտօնապէս կապ հաստատել Իսրայէլի հետ եւ իր ցանկութիւնը լսելի դարձնել: Բայց Հայաստանի ղեկավարները խիստ զբաղած են ներկայիս՝ հաշուի առնելով Արցախի եւ Հայաստանի մէջ տիրող վտանգաւոր իրավիճակը։
Թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան