Լեռնային Ղարաբաղը Ազրպէյճանի մաս դարձնելու որոշումը տրուած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի անմիջական մասնակցութեամբ: Այս մասին, ինչպէս կը գրէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը, լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով:
«Երեւանեան գործիչներու յայտարարութիւնները, թէ Փութինը, 2020 թուականի նոյեմբերին պատերազմը դադրեցնելու մասին համաձայնութիւնը ստորագրելով, Փաշինեանին ստիպած է Ղարաբաղը յանձնել Ազրպէյճանին, սուտ են», նշած է Լաւրով:
Անոր համաձայն, 9 նոյեմբերի յայտարարութեան մէջ նշուած էր, որ Լեռնային Ղարաբաղը ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի պատասխանատուութեան գօտին է: Աւելի՛ն` կար ընդհանուր ըմբռնում, որ Լեռնային Ղարաբաղի վերջնական կարգավիճակին շուրջ երկխօսութիւնը պիտի շարունակուի, սակայն հետագային Փրակայի մէջ կայացած բանակցութիւններուն հիմամբ Հայաստանի Հանրապետութիւնն ու Ազրպէյճանը ճանչցած են իրարու տարածքային ամբողջականութիւնը, ինչով ալ հարցը փակուած է:
«Երբ 1 կամ 1,5 տարի ետք Փրակայի մէջ կայացած հերթական եւրոպական վեհաժողովի մը ընթացքին Փաշինեանը ստորագրեց փաստաթուղթի մը տակ, որուն մէջ կ՛ըսուի, որ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը կը ճանչնան իրարու 1991 թուականի սահմանները` Ալմա Աթայի հռչակագիրին համաձայն, այդ հարցը փակուեցաւ», ըսած է ռուսական դիւանագիտութեան պետը:
Անդրադառնալով Հայաստանի` ՀԱՊԿ-էն դուրս գալու հարցին` Լաւրով յայտարարած է. «Եթէ, ինչպէս յայտարարած են Հայաստանի որոշ ղեկավարներ, հիմա, հիասթափուելով Ռուսիայէն եւ ՀԱՊԿ-էն, անոնք այլ տեղ պիտի նային` ամրապնդելու իրենց անվտանգութիւնը, ատիկա պիտի ըլլայ անոնց գերիշխան ընտրութիւնը, Հայաստանի ղեկավարութեան ընտրութիւնը»:
Լաւրով միեւնոյն ժամանակ ըսած է, թէ Մոսկուան յոյս ունի, որ «ռուս եւ հայ ժողովուրդներու դարաւոր կապերը չեն քանդուիր»: