Մայրավանքի կիրակնօրեայ վարժարանի փոքրիկները ստացան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ ա. Կաթողիկոսին հայրական օրհնութիւնը

Մայրավանքի կիրակնօրեայ վարժարանի փոքրիկները ստացան Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ ա. Կաթողիկոսին հայրական օրհնութիւնը

Կիրակի, 29 Հոկտեմբեր 2023-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ մատուցուած Ս. եւ Անմահ Պատարագէն ետք, Վեհարանի դահլիճին մէջ, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց եւ իր հայրական օրհնութիւնը փոխանցեց Մայրավանքի կիրակնօրեայ վարժարանի փոքրիկներուն, որոնց կ՚ընկերկցէին վարժարանի վարիչ Գերպ. Տ. Ստեփանոս Ծ. Վրդ. Փաշայեանը եւ տնօրէն Ժանին Դանիէլեանը։

Նախքան փոքրիկներուն կոկիկ յայտագրի ներկայացումը, տնօրէնը իր ողջոյնի խօսքին մէջ գոհութիւն ու փառք առաքեց Ամենակարող Աստուծոյ, որ այս տարի եւս, հակառակ մեր շուրջը ստեղծուած արտակարգ պայմաններուն, արժանացուց ըստ պատշաճի կատարելու 2023-2024 տարեշրջանի բացումը՝ Նորին Ս. Օծութեան հովանիին ներքեւ։ Ան կարեւորութեամբ յայտնեց, որ Մայրավանքի կիրակնօրեայ վարժարանը այս տարեշրջանը նուիրած է Արցախի մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն։ «Բռնակալ թշնամին կրնայ մեր հողերը գրաւել, մեր տաճարները աւերել, մեր տուները քանդել, սակայն մեր հաւատքը, միասնական ոգին, գոյատեւելու ու արարելու հզօր կամքը անկարելի է որ խորտակէ» ընդգծեց Ժանին Դանիէլեանը, միաժամանակով յայտարարելով, որ մեր աշակերտներուն ամանորեայ տօնակատարութեանց եւ նուէրներուն ծախսերը լրիւ պիտի տրամադրուին արցախահայ մանուկներուն, որպէսզի անոնց անմեղ դէմքերուն վրայ յոյսի ժպիտը դրոշմուի։

Տնօրէնին խօսքէն ետք, կիրակնօրեայ վարժարանի փոքրիկները ամփոփ յայտագիր մը ներկայացուցին Հայրապետին եւ իրենց ծնողներուն, որ կ՚ընդգրկէր շարականի երգեցողութիւն եւ զանազան նուագարաններու մեկնաբանութիւն։

Աւարտին, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը փոխանցեց իր հայրական խօսքը։ Առաջին հերթին, ան բարձր գնահատեց տնօրէնութեան ու աշակերտութեան նախաձեռնութիւնը՝ վարժարանին այս տարեշրջանը ձօնելու արցախահայութեան։ Ան ընդգծեց մեր նոր սերունդին կրօնական ու ազգային դաստիարակութիւն ջամբելու յոյժ կարեւորութիւնը։ Այսօրուան մանուկներու սերունդը վաղուան մեր երիտասարդ սերունդն է եւ, հետեւաբար, նաեւ ղեկավարը ու առաջնորդը։ Ուստի, մեր մանուկներուն եկեղեցական գիտելիքներով զինելու, ազգասիրութեան ու հայրենասիրութեան ոգիով թրծելու եւ եղբայրասիրութեան զգացումներով պարուրելու բծախնդիր ու նախանձախնդիր սրբազան աշխատանքը, նոյնիսկ առաքելութիւնը, դրուած է մեր իւրաքանչիւրին ուսերուն վրայ, շեշտեց Վեհափառ Հայրապետը։

Այս առիթով, Նորին Սրբութիւնը իր գնահատանքի խօսքը ուղղեց աշակերտներու ծնողներուն, որոնք բծախնդրութեամբ լծուած են իրենց զաւակներու դաստիարակութեան։ Ան նաեւ գնահատեց կիրակնօրեայ վարժարանի ուսուցիչները եւ տնօրէնութիւնը, որոնք ամէն Կիրակի, մէկդի դնելով իրենց անձնական ու ընտանեկան հանգիստը, նուիրուած են, բառին ամբողջական առումով, կամաւոր կերպով սերունդներ դաստիարակելու սրբազան առաքելութեան ու կոչումին։

Share