Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Վռամեան Կոմիտէն սրտի խոր կսկիծով կը գուժէ վաստակաշատ, երկարամեայ ղեկավար ընկեր, եղբայր Գարլոս Սէֆէրեանի մահը, որ պատահեցաւ երեկ 5 Օգոստոս 2023-ին, Պուէնոս Այրէսի մէջ։
Եղբայր Գարլոս Սէֆէրեանը եղած է Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Պուէնոս Այրէսի մասնաճիւղի սկաուտ` խորհուրդի անդամ եւ վարչական, այնուհետեւ բազմիցս Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Հարաւային Ամերիկայի Շրջանային Վարչութեան անդամ, մաս կազմելով նաեւ մինչեւ օրս Հ.Մ.Ը.Մ-ի Կեդրոնական Վարչութեանը:
2019 թուականին ան արժանացաւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան «Ծառայութեան շքանշան»ին, իր երկարամեայ գործունէութեան եւ նուիրումին համար, միշտ եւ ամէնուր դրօշակիրը հանդիսանալով Հ.Մ.Ը.Մ.ի ազգային արժէքներուն, ինչպէս նաեւ բարոյական սկզբունքներուն։
Ընկեր Գարլոս Սէֆէրեանը իբրեւ հաւատաւոր դաշնակցական, եղած է խոնարհ եւ «անկեղծ զինուոր»ը հայութեան եւ մասնաւորապէս Հայ Դատի պաշտպանը: Ան եղած է բազմիցս եւ վերընտրուած 2023 – 2025 շրջանին համար որպէս Հ.Յ.Դ. Հարաւային Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ:
Մեր սրտանց ցաւակցութիւնները կը յայտնենք ընկերոջ ընտանիքին եւ հարազատներուն, Հարաւ Ամերիկայի շրջանի բոլոր գաղափարակից ընկեր եւ ընկերուհիներուն:
Ընկեր Գարլոս Սէֆէրեանի յիշատակը անթառամ պիտի մնայ Հ.Մ.Ը.Մ.-ական սերունդներուն եւ իր պայքարի գաղափարական ընկերներուն մէջ: