ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը երէկ լիբանանեան լրատուամիջոցներուն յղեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.
«Ազրպէյճանի կողմէ 2020 եւ 2023 թուականին շղթայազերծուած ցեղասպանական պատերազմէն ետք, 17 յունուար 2025-ին Պաքուի զինուորական դատարանին մէջ ընթացք առաւ բռնագրաւեալ Արցախի Հանրապետութեան (Լեռնային Ղարաբաղ) ռազմաքաղական ղեկավարներու գաղտնի դատավարութիւնը:
«Միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւններու գնահատումով աւելի քան 200 քաղաքական բանտարկեալ ունեցող Ազրպէյճանի դատարանները ծանօթ են իբրեւ Պաքուի բռնատիրական իշխանութիւններուն որոշումները վաւերացնող գործիքներ: Ազրպէյճանի մէջ չկան դատավարութիւններ: Իրողութիւն մը, որ բազմիցս փաստուած է ազրպէյճանցի քաղաքական բանտարկեալներու եւ մարդկային իրաւանց գործիչներու «դատավարութիւններու» ընթացքին: Ուստի դժուար չէ պատկերացնել, թէ որքա՛ն աւելի կեղծ ու անարդար պիտի ըլլայ «դատավարութիւն» մը, որուն մէջ կեղծ ու շինծու ամբաստանութիւններով դատուողները հայեր են` նկատի ունենալով հայերու նկատմամբ ցեղապաշտական ու ատելութեան քաղաքականութիւնը, որ իշխանութիւնները կը վարեն, եւ զանոնք կը տարածեն ազրպէյճանական հասարակութեան մէջ:
«Տեղի ունեցողը դատավարութիւն չէ, այլ Ալիեւի խամաճիկային բեմադրութիւնը, որուն ճամբով ան կը փորձէ ծածկել Արցախի մէջ իր գործած ցեղասպանական ոճիրները` նախ սովի մատնելով ու վախի մթնոլորտի մէջ պահելով Արցախի ժողովուրդը, ապա ստիպելով, որ ան լքէ իր պատմական հողը:
«Մենք անվերապահ զօրակցութիւն կը յայտնենք Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարներուն ու մնացեալ պատանդ պահուող հայերուն, որոնք Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքը իրագործելնուն համար այսօր Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ ապօրինաբար կալանաւորուած են եւ չարչարանքի կ՛ենթարկուին:
«ՀՅԴ Լիբանանի Հայ դատի մարմինը անընդունելի կը գտնէ միջազգային ընտանիքի լռութիւնն ու անգործութիւնը եւ կոչ կ՛ուղղէ` անյապաղ ձեռնարկելու գործնական քայլեր` ճնշում գործադրելու համար Ազրպէյճանի վրայ, որպէսզի յարգէ իր միջազգային պարտաւորութիւնները եւ ազատ արձակէ անարդարօրէն ձերբակալուածները»: