Անցեալ Ուրբաթ Պաքուի մէջ սկսած խեղկատակ դատավարութիւնը պատանդ տարուած Արցախի քաղաքական եւ զինուորական ղեկավարութեան դէմ, ընթացքի մէջ կը գտնուի։ Ատրպէյճանական լրատուական միջոցները առիթը չեն փախցներ ներքին հանրութեան եւ արտաքին աշխարհին ներկայացնելու այսպէս կոչուած «խոստովանութիւնները» անօրինական դատի տակ գտնուող անձերէն։ Ատրպէյճանի բռնատիրական վարչակարգը շարք մը ծանր մեղադրանքներով կը փորձէ աշխարհի աչքին Արցախի ժողովուրդը ու անոր ղեկավարութիւնը ներկայացնել յանցաւոր «մարդկութեան դէմ կատարած յանցագործութիւններուն, ռազմական յանցագործութիւններուն, պատերազմական յարձակողականութեան, ցեղասպանութեան, բնակչութեան բռնի տեղահանման, հետապնդումներուն եւ ռազմական թալանին, որոնք Ատրպէյճանի ու անոր ժողովուրդին դէմ կատարած է Հայաստանը եւ իր զինեալ ուժերը, ինչպէս նաեւ Հայաստանի կողմէ ստեղծուած այսպէս կոչուած՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ու անոր ապօրինի զինեալ խմբաւորումներուն» համար։
Պաքուի բռնատիրական վարչակարգի հետապնդումը ո՛չ թէ քանի մը քաղաքական անձեր դատապարտելու միտումին մէջ կ՚ամփոփուի, այլ իր ցեղասպանական դիմագիծն ու քաղաքականութիւնը քողարկելու մտադրութեամբ, հայ ժողովուրդը որպէս ցեղասպան եւ մարդկութեան դէմ ծանր ոճիրներ գործած ներկայացնելու ամբողջական ծրագիրին մաս կը կազմէ։
Յստակ է Ատրպէյճանի քաղաքականութիւնը, որ կը փորձէ միանգամընդմիշտ պատմութեան մոռացութեան գիրկը նետել Արցախի հարցը, անոր ժողովուրդի պատմական եւ իրաւական փաստերը, որուն առաջին փուլը առաջնորդեց մեր արծուաբոյնի ցեղային զտման, հայրենական հողէն տեղահանման եւ հազարամեայ մշակութային ժառանգութեան համատարած ոչնչացման ու անհետացման։
Արդէն իսկ այս օրերուն ատրպէյճանական լրատուական միջոցներուն կողմէ տարածուող շինծու տեղեկատուութեան հոսքը յստակօրէն ցոյց կու տայ այդ երկրի բռնապետին նպատակները, երբ իբրեւ թէ 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին Գեանջայի (Գանձակ) ռմբակոծման մասին դատարանը «բացայայտումներ» եւ «խոստովանութիւններ» կը կորզէ դատուող ղեկավարներէն, հիւսելու համար հայ ժողովուրդի «ցեղասպան» եւ «յարձակողապաշտ» ըլլալու մեղադրանքը։
Այս ամօթալի խեղկատակութեան դիմաց, ապշեցուցիչ կը դառնայ հայկական կողմի լռութիւնը։ Մինչ պիտի սպասուէր, որ Հայաստան իր պետական եւ դիւանագիտական մեքենան լարած պիտի պահէր դատավարութեան մեկնարկէն առաջ եւ անոր ընթացքին՝ միջազգային ատեաններուն եւ «քաղաքակրթուած» երկիրներուն մօտ քանդելու լռութեան եւ մեղսակցութեան պատը, հայրենի իշխանական հատուածը կը յամառի անբացատրելիօրէն լուռ մնալ կամ պարզապէս բաւարարուիլ իրադարձութիւնները դիտողի դերին մէջ։
Նոյն պահուն, դատավարութենէն առաջ Պաքուի բռնապետի ռազմաշունչ արտայայտութիւնները Հայաստանի հասցէին միայն խոր մտահոգութիւն կրնան ստեղծել, իսկ հայկական կողմէն ներկայացուած կարգ մը զիջումներ, որոնք կապուած են Ե.Ա.Հ.Կ.-ի Մինսքի խումբի լուծարման առաջարկին, կամ սահմանազատումը փութացնելու քայլերուն հետ, ցոյց կու տան, թէ խուճապ գոյութիւն ունի Երեւանի իշխանաւորներուն մօտ։ Նոյնիսկ Եւրոպական Միութեան անդամագրութեան դիմումը տարածաշրջանային ներկայ վտանգաւոր իրադրութեան մէջ հեռանկարային երաշխիքներու հնարաւորութիւն չի կրնար տալ, ոչ ալ Միացեալ Նահանգներու ընթացաւարտ կառավարութեան հետ ռազմավարական կանոնադրութեան ստորագրութիւնը կրնայ երաշխաւորել Ատլանտեանի այն կողմը նոր ստանձնած ղեկավարութեան որեւէ կապտում Կովկասեան աշխարհաքաղաքական հոլովոյթներուն նկատմամբ։
Հայ քաղաքական միտքը հետեւողականօրէն կը մատնանշէ պետական քաղաքականութեան արմատական փոփոխութեան անհրաժեշտութիւնը, դիմակայելու համար Ատրպէյճանի սանձարձակ ծաւալապաշտութիւնը եւ վերջնագիրերով խօսելու սպառնալիքները։ Հրամայական կը դառնայ ազգային ռազմավարութեան որդեգրումը, որ դիւանագիտական եւ անվտանգային զօրաշարժի հնարաւոր միջոցներով, ներքին եւ արտաքին ճակատներուն վրայ պիտի համախմբէ հայութեան ուժերը եւ պիտի ձեւաւորէ միասնականութեամբ մարտահրաւէրները հասցէագրելու քաղաքական պահանջը։
Պահանջ, որուն ականջալուր ըլլալու կարողութենէն զրկուած կը շարունակէ մնալ հայրենի իշխանական հատուածը, անտեսելով նաեւ քաղաքական աշխարհին կողմէ հնչած ահազանգը եւ համախմբուածութեան կոչերը։
Պատմութեան անհեռանկար այս փուլը շրջանցելու համար՝ վերջին եւ վաւերական խօսքը հայրենի ժողովուրդի քաղաքացիական իրաւունքին մէջ կը գտնուի։
«Ազատ օր»