Կիրակի, 20 Հոկտեմբերի երեկոյեան, աւելի քան 700 պաշտօնատարներ, հիւրեր եւ համայնքային կազմակերպութիւնների ներկայացուցիչների ներկայութեամբ «Բեվրլի Հիլթընում» տեղի ունեցաւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախմբի տարեկան ձեռնարկը: Միջոգառումը առիթ հանդիսացաւ լուսարձակի տակ առնել Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի վերջին մէկ տարուայ գործունէութիւնը եւ իրագործումները, ինչպէս նաեւ մեծարել այն անհատները եւ հաստատութիւնները, որոնք կարեւոր ներդրում են ունեցել Հայ Դատի աշխատանքներում։ Միաժամանակ լուսարձակի տակ առնուեցաւ Արցախի հայութեան իրաւունքները պաշտպանելու կենսական կարեւորութիւնը։
«Այս երեկոն միասնականութեան, դիմադրողականութեան եւ հայութեան արդար իրաւունքները պաշտպանելու՝ մեր բոլորի ջանքերին է նուիրուած», յայտնեց Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Օշին Յարութիւնեանը։
Ներկայ պաշտօնատարների շարքին էին՝ Քալիֆորնիոյ գանձապետ Ֆիոնա Մա, քոնկրեսականներ Բրետ Շըրմըն, Դինա Թայթըս եւ Աննա Էշու, Քալիֆորնիոյ նահանգային Ծերակոյտի անդամներ Բենջըմին Էլըն եւ Էնթընի Փորթանթինօ, Լոս Անջելըսի քաղաքապետական խորհուրդի պատուոյ նախագահ Փօլ Գրիգորեան եւ խորհուրդի անդամ Ջոն Լի։ Ներկայ էր նաեւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանը։
Ձեռնարկի ընթացքին, Հայ Դատին՝ «Կեանք Իրագործումներ» մրցանակը շնորհուեց հայազգի քոնկրեսական Աննա Էշուին։ Էշու վերջերս յայտարարեց, թէ Ներկայացուցիչների տան մէջ մօտաւորապէս երեք տասնամեակներ ծառայուց յետոյ որոշել է հանգստեան կոչուել։
Նաեւ, «Տարուայ Օրէնսդիրը» մրցանակը յանձնուեցաւ քոնկրեսական Դինա Թայթըսին, Հայկական Հարցին նեցուկ կանգնելու իր երկար տարիների աննկուն կեցուածքի համար։
Այնուհետեւ, «Համաշխարհային Կրթական Գերազանցութեան» մրցանակը շնորհուեց ճարտարագէտ, նորարար, ձեռնարկատէր եւ բարերար Սեմ Սիմոնեանին, որ նաեւ ԹՈՒՄՕ ստեղծարար ճարտարագիտութիւններու կեդրոնին համահիմնադիրն է եւ ՀԲԸՄի նախագահը։
Սիմոնեան իր եւ ԹՈՒՄՕի յաջողութեան մէջ ներդրում ունեցողներուն անունով շնորհակալութիւն յայտնեց այս պատուի համար եւ շեշտեց կրթութեան կարեւորութիւնը։
Վերջապէս, Սթիւ Արթինեանի անուան «Տեսլականով Գործիչ» մրցանակները յանձնուեց համացանցային ընկերային ցանցերի միջոցով հայանպաստ լրատուութիւն կատարող եւ հայութեան մասին ճշգրիտ տեղեկատուութիւն կատարող երեք լրատուամիջոցների՝ 301ին, The Armenian Report-ին Եւ Zartonk Media-ին։
Հարաւային Քալիֆորնիայի «Ֆաքս 11» կայանի սիրուած հաղորդավար եւ «Էմի» մրցանակին արժանացած լրագրող Արաքսիա Կարապետեանը յանձնեց մրցանակները։
Երեկոյին ամէնազգայնացուց պահն էր «Մարդկային Իրաւանց Ախոյեան» մրցանակի ներկայացումը ներկայիս Պաքուի մէջ բանտարկուած Արցախի Հանրապետութեան նախկին պետական նախարար եւ բարերար Ռուբէն Վարդանեանին, որի հետ ապօրինի կերպով բանտարկուած են Արցախի մի շարք այլ ղեկավարներ։ Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական կարգերը ամրապնդելու եւ Արցախի ժողովուրդին իրաւունքները պաշտպանելու համար տարած իր գործունէութեան համար մեծարուող Վարդանեանին զաւակը՝ Դաւիթը, պատգամ էր յղել ձեռնարկին մասնակիցներին, շնորհակալութիւն յայտնելով ցուցաբերուած զօրակցութեան համար։