Ս. Մահսէրէճեան
Արցախէն մինչեւ Հայաստան՝ իրերայաջորդ ահազանգերը օր-աւուր կ’ահագնանան, աճող հնչեղութեամբ կը տարածուին վտանգ նախատեսող մեկնաբանութիւնները, սակայն Երեւանի իշխանաւորներուն համար, այս բոլորը դարձեալ կը մնան «ջուրի ձայն»:
Արցախի եւ Հայաստանի սահմանամերձ շրջաններուն վրայ ազերիական յարձակումներն ու կրակոցները դարձած են սովորական: Պատկերասփիւռի կայանի մը լրագրողը կապ հաստատեր էր սահմանային գիւղի մէկ բնակիչին հետ, իմանալէ ետք, թէ դարձեալ քանի մը ժամ տեւողութեամբ կրակոց լսուած է: Գիւղացիին մօտաւոր պատասխանը. «Սովորական կրակոցներ եղան, հիմա խաղաղ է», այսինքն, եթէ վաղը կրակոցները կրկնուին, մտահոգիչ բան չկայ, որովհետեւ «սովորական կրակոցներ» են, անոնց հետ կենակցելու վարժութեան տարած է իշխանաւորը:
Ողջունելի է, որ սահմանին գտնուող գիւղացիները խուճապի չեն մատնուիր եւ սա ցոյց կու տայ, թէ ան ամուր կանգնած է իր հողին վրայ, նման սադրանքներէ չ’ազդուիր, սակայն եթէ պատահի որ (ո՛չ արասցէ) աւելի լայնածաւալ յարձակումներ յաջորդեն…
Ազերիական լայնածիր յարձակումի մը նախանշանները ակներեւ են. նախ, դարձեալ Սեպտեմբեր ենք (44-օրեայ պատերազմ, անցեալ տարուան յարձակումը…), սակայն անիկա միայն երեւութական մասն է: Իրական վտանգները կ’երեւին պարզ աչքով: Քանի մը օրէ ի վեր, սահմանին երկայնքին ազերիական շարժումները դարձեալ ծաւալ ստացած են. բանակայիններ, զէնք-զինամթերք, զրահապատներ-հրասայլեր…: Ազրպէյճան չի ծածկեր իր շարժումները, ընդհակառահը՝ անոր քարոզչական մեքենան լծուած է պատերազմի թմբկահարման արշաւի, մի՛շտ դիմելով ստապատիր լուրերու, թէ՝ Հայաստանն է նախայարձակը, խաղաղութիւն մերժողը, գոյացած համաձայնութիւնները դրժողն ու անոնցմէ ետ կանգնողը: Այդ զրպարտութիւնները աւելի՛ լսելի կը դառնան աշխարհի տարածքին, քան Հայաստանի հերքումներն ու տեղին մեղադրանքները:
Այս բոլորին կողքին, ոչ-արհամարհելի «մանրուքներ» են արցախցիներու յաճախակի առեւանգումները (Բերձորի ճամբուն փակումը եւ ազերիական անցակէտը՝ այլ պատմութիւն): Երեք համալսարանականներու ազատ արձակուիլը բնականաբար գոհունակութեան առիթ է, սակայն անիկա այլ բան ցոյց կու տայ. Ազրպէյճան զանոնք «արտաքսած է» Հայաստան, այսինքն, գործնապէս կը յիշեցնէ Ալիեւի այն խօսքերը, թէ Արցախէն հեռանալ ուզողը կրնայ Բերձորի ճամբան բռնել մէկ ուղղութեամբ: Իսկ գերինե՞րն ու միւս պատանդնե՞րը…
Վերահաս վտանգին դիմաց, Հայաստանի բեմին վրայ կան երկու գլխաւոր ուղղութիւն: Մէկ կողմէ՝ բանիմաց մարդիկ՝ դէտեր, մասնագէտներ, ընդդիմադիրներ կրկին ու կրկին կը հնչեցնեն շեփորը, թէ պէտք է պատրաստ ըլլալ, պաշտպանական եւ քաղաքական-դիւանագիտական բազուկները ԳՈՐԾԻ լծել: Նման ահազանգ հնչեցնողներ կը մեղադրուին իբրեւ պատերազմի քարոզիչներ, խուճապ ստեղծելու միտում ունեցողներ եւ այլն: Միւս գիծին՝ իշխանական մակարդակի վրայ, նոյնինքն վարչապետը Հինգշաբթի օր հազուադէպ մեղադրանքներ ուղղեց Ազրպէյճանի հասցէին, թէ՝ զէնք կը կուտակէ Հայաստանի դէմ, թէ՝ «միջազգային ընտանիքը պէտք է տէր կանգնի շրջանի խաղաղութեան նկատմամբ իր պատրաւորութիւններուն»: Արցախի բնակիչներուն մարդկային իրաւունքներն ալ, որոնք շեփորահարուեցան ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի ծանօթ նիստին, լուսանք գացին արդէն, ալ ի՜նչ խօսք ինքնորոշման, քաղաքական եւ հողային իրաւունքներուն մասին…: Մէկ խօսքով, գործնական… կրաւորականութիւն:
Բնականաբար Փաշինեանի հնչեցուցած մեղադրանքները ողջունելի պիտի ըլլային, եթէ անոնց չհետեւէին հնամաշ յանկերգները. «Մենք խաղաղութեան հաւատարիմ ենք», «Միջազգային ընտանիքն է պատասխանատուն, կը սպասենք, որ կանխարգիլէ վատթարացումը»: Քանի մը օր մը առաջ, մեղադրանքներ հնչած էին ռուսերուն հասցէին, դուռը լայն բանալով Երեւան-Մոսկուա անտեղի եւ անհարկի հակաճառութեան մը, որ օր ըստ օրէ նոր թափ եւ տարածք կը ստանայ: Մոռցուած «նախկիններ»ը ուրախանալու պատճառ չունին:
Իսկ պաշտպանական առումով, որեւէ աղբիւրէ հաւաստիք չի տրուիր, թէ բանակն ու սահմանապահ ուժերը կը լիցքաւորուին, դիրքեր կ’ամրացուին: Կասկած չունինք, որ բանակը ի զօրու է սահմանափակ յարձակումներ ետ մղելու եւ հայրենիքը պաշտպանելու, ինչպէս եղաւ Սոթքի, Տողի մէջ եւ այլուր, սակայն ահազանգերը տարբեր ծաւալի մասին կը խօսին:
Առաջին անգամը չէ, որ ազերիական վերահաս յարձակումի մը մասին նման ահազանգեր կը հնչեն եւ իշխանաւորները առնուազն կրաւորականութեամբ կը լսեն այդ բոլորը, ցոյց չեն տար, որ դիմադրելու եւ պաշտպանուելու ուղղութեամբ գործ կը կատարուի: Հասկցա՜նք. թշնամիին ի նպաստ համաձայնութիւններն ու զիջումի խոստումները արդէն տեղի կ’ունենան երեք տարիէ ի վեր, մի՛շտ գաղտնօրէն, սակայն ժողովուրդը, մասնաւորաբար սահմանամերձ շրջաններու բնակիչները իրաւունք ունին ակնկալելու, որ իշխանութիւնը գոնէ սա կամ նա ձեւով զիրենք իրազեկ դարձնէ պաշտպանական միջոցառումներէն (եթէ կան), մինչեւ իսկ զիրենք պատրաստէ պաշտպանութեան ներգրաւման (ատիկա՞ ալ պատերազմ հրահրել պիտի ըլլար…), մինչդեռ փոխընտրանքը պիտի ըլլայ Բերձորի եւ Աղաւնոյի բեմնագրութեան նորագոյն արարը:
Եթէ յիշողութիւնները կամաւոր բթացման մէջ ինկած են, յիշեցնենք: Ահազանգերու դառն փորձառութիւնները ունին իրենց նորագոյն շղթան, բոլորն ալ «յետ-նիկոլական դարաշրջանին». 44-օրեայ պատերազմի նախօրեակին, բացայայտ կամ խորհրդապահական կերպով իշխանութեան ուղղուած են զգուշացման հրաւէրներ, որոնց դիմաց, օրին պատասխանը եղաւ. «Մենք շատ լաւ պաշտպանուած ենք, մեր օդը փակ է, Թուրքիա պիտի չմիջամտէ» եւ այլն: Պատրեազմին աւարտէն ետք, ահազանգեր հնչեցին, որ իշխանութիւնը հողային ընդարձակ զիջումներ կը կատարէ՝ անհամապատասխան 9 Նոյեմբերի յայտարարութեան տրամադրութիւններուն: Իշխանաւորները հակադարձեցին, որ ընդդիմադիրները սուտեր կը տարածեն: Ու եղաւ, որ Քարվաճառէն մինչեւ Բերձորի միջանցք, Աղաւնոյ եւ այլ տարածքներ «նուէր» տրուեցան Ազրպէյճանի (հեգնելով դար մը առաջ իրականացած ստալինեան տնօրինումները): Տարբեր ժամանակներու ահազանգեր հնչեցին Սիւնիքէն, Տաւուշէն եւ Արմաւիրէն հողային կորուստներու վտանգներուն մասին, անոնք ալ լսուեցան նոյն կրաւորականութեամբ, խաղաղասիրութեան նոյն յանկերգներով եւ… նոյն զիջողականութեամբ: Փաշինեանապաշտները յամառեցան հաւատք ընծայել իշխանաւորներու սուտերուն (ներողութիւն հետեւեալին համար. արաբական առած մը կայ, թէ՝ կրկնելով՝ կրնաս իշուն բան սորվեցնել):
Հիմա, դարձեա՛լ ընդդիմադիրներն ու իրատես մասնագէտներն են ահազանգը հնչեցնողը: Կրկնենք. Փաշինեան դարձեալ ճամբայ ելած է այսինչն ու այնինչը պատասխանատու կարգելու «առաքելութեամբ»: Եթէ միջազգային ընտանիքը գործնական քայլ չառնէ (ռուսական ուժերուն, եւրոպացի դէտերուն եւ օտար դիւանագէտներուն ընթացքը եւ անոնց ետին կանգնող պատճառները անծածկոյթ են), վաղը մեղադրանքերու բաշխումը նոր հասցէներ պիտի գտնէ (Ի՜նչ կայ որ. Աշխարհը զբաղած է Ուքրանիոյ պատերազմին ՇԱՀԱԳՈՐԾումով, զէնքի վաճառորդները իրարու հետ մրցումի ելած են, եթէ Փաշինեան մեղադրանքի մրցումի ելլէ, ինչո՞վ պակաս է): Կրկնենք. մի՛ արասցնէ, եթէ յոռեգոյնը հասնի, փրկարա՞ր է ինքնարդարացումը, թէ «ես միջազգային ընտանիքը զգուշացուցի, բան չըրին, ան է յանցաւորը, ես յանցաւոր չեմ…»:
Եթէ պաշտպանական միջոցառումները խորհրդապահական են (եւ մենք կը յարգենք նման խորհրդապահութիւն, եթէ տեղ մը գործմապէս շարժում կայ), անդին, քաղաքական-դիւանագիտական գետնի վրայ այլ պատերազմներ կը ծաւալին… առանց գաղտնապահութեան:
Նշեցինք արդէն Երեւան-Մոսկուա մեղադրանքներու փոխանակումը, սակայն ատիկա ամէնէն ռուսատեացին համար ալ պէտք է յստակ ըլլայ, որ Հայաստանի վիճակին բարելաւման խոստում չի բերեր: Կան աղաղակող այլ ձախաւերութիւններ: Թուենք մէկ քանին: Հայաստան ամերիկեան ուժերու հետ զինավարժութիւն պիտի ընէ, ինչ որ մտահոգութիւն ստեղծած է Արեւմուտքին հակադրուած Ռուսիոյ մէջ: Այո, նման զինավարժութիւններ աննախընթաց չեն, ո՛չ ալ՝ ՆԱԹՕ-ին հետ գործակցութիւնը, սակայն Երեւանի նորագոյն քայլերն ու կեցուածքները բանականաբար տարբեր աչքով կը դիտուին, երբ Հայաստան տուն կը կանչէ ՀԱՊԿի իր դեսպանը, քանիցս ետ կանգնած է այս խմբակին զինավարժութեանց մասնակցելէ (մինչդեռ նախապէս գոնէ «հաւասարակշռութիւն» մը կը պահպանուէր), ՀԱՊԿը կը մեղադրուի, թէ ինք է Հայաստանը լքողը (այս խմբակին դէմ այլ քայլերը չթուենք այստեղ), իսկ «գլուխ գործոց» մը, պիտի ըսէինք՝ «Շնորհի հարուած» մը կ’արձանագրուի, երբ վարչապետին տիկինը օժանդակութիւն կը տանի Ուքրանիա, ա՛յն երկիրը՝ որուն իշխանութիւնը (ուքրանացի ժողովուրդին եւ հայութեան միջեւ լաւ կապերը աղերս չունին այս քայլին հետ) բանիւ եւ գործով Ազրպէյճանի զօրակցեցաւ 44-օրեայ պատերազմին, այսօր ալ Ռուսիոյ դէմ կը գործածէ թրքական այն «Պայրագտար»ներէն, որոնք երեք տարի առաջ ողջակիզեցին Արցախի պաշտպանները…: Զո՞րն ասեմ, զո՞րն խոստովանիմ: Իսկ եթէ այս բոլորը պէտք է ընդունինք իբրեւ «Ռուսիոյ պատգամ ուղղելու», Արեւմուտքին յարելու, անոր հաւատարմութեան նշաններ տալու նշաններ, կրնանք պարզապէս ձայնակցիլ քաղաքական մեկնաբաններու այն դիտարկումներուն, թէ եւրոպական կամ ամերիկեան ուժեր յանձն պիտի չառնեն գործնապէս պաշտպանել Հայաստանը (հիմա Հայաստան ղրկուելիք նաւ ալ չկայ), ՆԱԹՕ-ին «աչք ընելու» իշխանաւորներու ժեսթերուն դիմաց, Արեւմուտքին պատասխան-թելադրանքը պիտի ըլլայ (արդէն է՛) Հայաստանը քաջալերել, որ ռուսական ուժերը հեռացնէ Արցախէն ու Հայաստանէն (անկախ անկէ, թէ Ռուսիա պիտի ընդունի՞ նման ընտրանք) եւ անոնց փոխարէն, ընդունի ՆԱԹՕ-ի ներկայացուցիչ… Թուրքիոյ մուտքը՝ Հայաստան: Իսկ թէ այդ մուտքը ի՞նչ «տարազով» կրնայ ըլլալ, այսինքն՝ «Զանգեզուրի միջանցք»ին հաստատումո՞վ, անոր քայլ առ քայլ ընդարձակումո՞վ (չէ՞ որ Արցախի մէջ ազերիական տարածումին նախընթացը փաստ է այսօր), մանրիկ Հայաստանի մը «կերտումո՞վ», այն ալ՝ ՆԱԹՕ-ի, այսինքն՝ Թուրքիոյ (ու Ազրպէյճանի) հովանիի՞ն տակ:
Յստակ է. Երեւանի իշխանաւորներուն «հնարամիտ» քայլերը ջուր կը լեզնեն համաթուրանական ծրագիրի ջաղացքին եւ Հայաստան(իկ)ին կը բերեն թուրք-ազերիական որկորին մէջ ժամանակաւոր գոյութեան մը պատրանքը: Իսկ երբ երազն ալ վերջ գտնէ…
Ահա թէ նորագոյն ահազանգերը ուրկէ՛ կը սկսին եւ ինչպիսի՜ տարածքներ կրնան գրաւել: Եւ պատահական չէ, որ Արցախի մէջ վերջին շաբաթներուն երեւցող քաղաքական շարժումներ համահայկական տարածքի վրայ կը դիտուին իբրեւ բարեշրջման նախանշաններ: Արցախէն սկսողը՝ սպասելի է որ տարածուի օղակ առ օղակ, հայութեան կողքին ապահովէ աւանդական եւ նոր բարեկամներ:
Անգլերէն առած մը կ’ըսէ. «Ձեռքիդ մէջ եղող մէկ թռչունը աւելի՛ կ’արժէ է, քան թուփին վրայի տասը թռչունները»: Աւելցնենք. ձեռքիդ եղած թռչունը կրնայ լիովին չբաւարարել քեզ, կրնայ ունենալ հազար ու մէկ անպատեհութիւն, սակայն երբ զայն թռցնես, կորսնցնես ու ոչինչով փոխարինես, աւելի՛ն՝ շահիս հրէշային թռչուն մը, որ կրնայ քեզ յօշոտել…
7 Սեպտեմբեր 2023