Տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Արեւմտեան Շրջանային Ներկայացուցչական 45րդ ժողովը

Տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի Արեւմտեան Շրջանային Ներկայացուցչական 45րդ ժողովը

Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային Ներկայացուցչական 45րդ ժողովը տեղի ունեցաւ 11-12 Նոյեմբեր 2023-ին, Կեդրոնիս Գեւորգ Անտոնեան սրահին մէջ։ Ժողովին մասնակցեցան շրաջանիս մասնաճիւղերէն եւ միաւորներէն 113 իրաւասու ձայնով ներկայացուցիչ քոյրեր եւ եղբայրներ, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութեան Լիազօր ներկայացուցիչ՝ Եղբ. Վիգէն Աբէլեան եւ անդամ՝ Եղբ. Մհեր Դաւիթեան, եւ ինչպէս նաեւ խորհրդակցական ձայնով 12 հրաւիրեալներ, ընդամէնը 128 մասնակիցներ։

Ժողովի բացումը կատարեց ընթացաւարտ Շրջանային վարչութեան ատենապետ՝ Եղբ. Յակոբ Թիւֆէնքճեան, որ բարի գալուստի իր խօսքէն ետք՝ Ժողովը վայրկեան մը յոտնկայս յարգեց մեզմէ առյաւէտ հեռացած Հ.Մ.Ը.Մ.ական քոյրեր ու եղբայրներուն յիշատակը:

Ընտրուեցաւ առժամեայ դիւանը, այնուհետեւ ժողովի օրինականութիւնը հաստատելէ ետք, ժողովը ընտրեց մնայուն դիւանը՝ ատենապետներ՝ Եղբ. Գարօ Խանճեան եւ Եղբ. Ժիրօ Թաթիկեան եւ ատենադպիրներ՝ Եղբ. Ստեփան Պաղպուտարեան, Քոյր Կարինէ Գնտոյեան եւ Քոյր Սալբի Փոլատեան:

Ժողովը մանրամասն քննութեան ենթարկեց 2021-2023 երկամեայ Շրջանային Վարչութեան գործունէութիւնը, գնահատելի նկատեց կատարուած իրագործումները եւ ապագայի հաշւոյն մշակեց նոր ծրագիրներ։

            Շրջանային Ներկայացուցչական ժողովը լայնօրէն անդրադարձաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտութեան, մարզական կեանքին եւ երիտասարդութիւնը հետաքրքրող հարցերուն և համապատասխան որոշումներով քայլեր առաջադրեց անոնց թափ տալու նպատակով։

            Ժողովէն միաձայնութեամբ հաստատուած բանաձեւը կեդրոնացաւ բռնի տեղահանուած Արցախահայութեան իրավիճակին ու հետեւելով Կեդրոնական Վարչութեան որոշումին հաստատեց՝ Արցախը մնայուն ներկայութիւն դարձնել շրջանիս աշխատանքներուն մէջ եւ ամբողջական աջակցութիւն ցուցաբերել մեր քոյրեր եւ եղբայրներուն։

Ժողովը ընտրեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու 25րդ Շրջանային վարչութիւնը՝ հետեւեալ տասնմէկ անդամներով.

Եղբ. Փիէռ Մանուկեան` Ատենապետ, Եղբ. Ռաֆֆի Վարժապետեան՝ Ատենադպիր, Եղբ. Վիգէն Տաքէսեան՝ Գանձապահ, Եղբ. Արամ Թովմաս, Եղբ. Նովա Քուշերեան, Եղբ. Զարեհ Մովսէսեան, Եղբ. Փօլ Պաշգապագեան, Եղբ. Յարութ Մոմճեան, Քոյր Սալբի Փոլատեան, Քոյր Ալիս Սիմոնեան, Եղբ. Հերի Զագարեան:

Առաջին կարգ ձախէն աջ՝ Եղբ. Փիէռ Մանուկեան` Ատենապետ — Եղբ. Ռաֆֆի Վարժապետեան՝ Ատենադպիր — Եղբ. Վիգէն Տաքէսեան՝Գանձապահ — Եղբ. Արամ Թովմաս — Եղբ. Նովա Քուշերեան — Եղբ. Զարեհ Մովսէսեան — Եղբ. Փօլ Պաշգապագեան
Երկրորդ կարգ ձախէն աջ՝ Եղբ. Յարութ Մոմճեան — Քոյր Սալբի Փոլատեան — Քոյր Ալիս Սիմոնեան — Եղբ. Հերի Զագարեան:

Աւարտին, որպէս նախաքայլ Արցախի գաղթականներուն, ժողովը հաւաքեց կոկիկ գումար մը նուիրելու «Հ.Մ.Ը.Մ. Արցախ հիմնադրամ»ին, որ պիտի օժանդակէ արցախցի գաղթականներու անյետաձգելի կարիքներուն: Որմէ ետք, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ՝ Եղբ. Վիգէն Աբէլեան փոխանցեց իր պատգամը ու շնորհաւորեց նորընտիր կազմը: Ժողովը փակուեցաւ «Յառաջ Նահատակ» քայլերգով:

            Նորընտիր Շրջ. Վարչութիւնը իր անդրանիկ նիստը գումարեց Կիրակի, 12 Նոյեմբեր 2023ի երեկոյեան ժամը 5ին, Շրջանային Վարչութեան գրասենեակին մէջ, ներկայութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ՝ եղբ. Վիգէն Աբէլեանի, եւ Շրջ. ներկայացուցչական 45րդ ժողովի դիւանին ու միաձայնութեամբ ընտրեց իր դիւանը: Կազմի պաշտօններու բաժանումները կը փոխանցենք շուտով:

Share