Մոնթրէալի մէջ արժանավայել կերպով նշուեցաւ «Հորիզոն»ի 45-ամեակը

Մոնթրէալի մէջ արժանավայել կերպով նշուեցաւ «Հորիզոն»ի 45-ամեակը

Բարձր հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Բաբգէն Արք. Չարեանի, նախագահութեամբ տէր եւ տիկին Արթօ եւ Ալիս Մարգարեաններու, հովանաւորութեամբ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի, կազմակերպութեամբ «Հորիզոն»ի 45-ամեակի յանձնախումբին, Կիրակի, 6 Հոկտեմբեր 2024-ին, յետմիջօրէի ժամը 6-ին, Մոնթրէալի Հայ կեդրոնի «Ա. Ահարոնեան» սրահէն ներս, արժանավայել կերպով տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի պաշտօնաթերթ «Հորիզոն» շաբաթաթերթի 45-ամեակին նուիրուած յոբելենական հանդիսութիւնը:
Ներկայ էին Գանատայի խորհրդարանի անդամ Ֆայսալ Ալխուրի, Քեպէգի Խորհրդարանի անդամներ Միշէլ Սեթլաքուի եւ Սոնա Լախոյեան Օլիվէ, Մոնթրէալի քաղաքապետարանի անդամներ Վանա Նազարեան եւ Մէրի Տերոս Չաւուշեան, Սուրբ Յակոբ Առաջնորդանիստ Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Արժ. Տէր Գառնիկ Քհն. Գոյունեան, Առաջնորդարանի Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքի վարիչ Հոգշ. Տէր Յակոբ Վրդ. Եագուպեան, ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Խորէն Տիմիթեան, Պատկան մարմիններու, միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու շրջանային եւ տեղական վարչութեանց ներկայացուցիչներ, «Հորիզոն»ի աշխատակիցներ, բարերարներ, նուիրատուներ եւ «Հորիզոն»ի առաքելութեան հաւատաւորներու հոծ բազմութիւն մը:

Յայտագիրը սկիզբ առաւ Գանատայի, Հայաստանի եւ Արցախի օրհներգներով, որմէ ետք օրուան հանդիսավար Թալիա Ճապրայեան հանդէս եկաւ բացման խօսքով, որուն մէջ ըսաւ. «Այսօր հաւաքուած ենք հանդիսաւոր կերպով եւ միասնաբար տօնելու «Հորիզոն» շաբաթաթերթի յոբելեանը։ 45 տարի առաջ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Կեդրոնական կոմիտէի որոշումով սկիզբ կ՚առնէ «Հորիզոն»ի լրագրական երթը։ Կուսակցական կառոյցի մը պաշտօնաթերթը ըլլալով հանդերձ, «Հորիզոն»ը ամբողջ կէս դար արխիւագրած է գանատահայութեան պատմութիւնը, Գանատայի տարբեր քաղաքներու մէջ գործող բարեսիրական, մարզական եւ մշակութային կազմակերպութիւններու պատմականը։ «Հորիզոն»ի էջերը կը վկայագրեն Գանատայի մէջ գործող Հայ Դատի յանձնախումբերու, ՀՅԴ կոմիտէութիւններու, Երիտասարդականի, Պատանեկանի, Հայ Օգնութեան Միութեան, Համազգայինի, ՀՄԸՄ-ի ծաւալած գործունէութիւնը, «Հորիզոն»ի էջերը կը պարփակեն մեր եկեղեցիներու, դպրոցներու, Հայ Կեդրոններու հիմնադրման ու գործունէութեան ծաւալման պատմութիւնը», ապա ան ընթերցեց Գանատայի վարչապետ Ճասթըն Թրուտոյի ողջոյնի եւ գնահատանքի խօսքը՝ յոբելեանին առթիւ:

Օրուան պատգամաբեր «Հորիզոն»ի Արցախի աշխատակից Տիրուհի Գասպարեան տեսերիզով փոխանցեց իր խօսքը, ներկայացնելով իր ծննդավայր Արցախի շրջափակման, պատերազմին ապա տեղահանութեան ընթացքին «Հորիզոն»ի նեցուկն ու լրագրական ծիրէն ներս տարած լրատուական աշխատանքը: Ան յայտնեց, թէ պայքարը չէ աւարտած եւ մենք բոլորս պէտք է միակամութեամբ շարունակենք մղել այդ պայքարը, յանուն Արցախի վերանկախացման ու մեր ժողովուրդին իր պապենական հող ու հայրենիք վերադարձին:

Խօսք առաւ ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Խորէն Տիմիթեան, որ Կեդրոնական կոմիտէի անունով նախ շնորհաւորեց «Հորիզոն»ի խմբագրակազմը՝ սփիւռքահայ մամուլի պատմութեան մէջ իր 45-ամեայ ծառայութեան առթիւ, ապա ըսաւ. «45 տարիներու ընթացքին, «Հորիզոն»ը դարձաւ արխիւներու շտեմարանը Գանատայի մէջ գործող հայկական կազմակերպութիւններուն, միութիւններուն ու Հայ Կեդրոններուն։ Ան անդրադարձաւ «Հորիզոն»ի առաքելութեան եւ գործունէութեան, ապա խօսքը փակեց ըսելով. «Մենք վստահ ենք, որ այսօրուան ձեր նիւթական աջակցութեամբ եւ մեր հաւատարիմ ընթերցողներու նուիրատուութիւններով, մենք պիտի հասնինք մեր նպատակին, որպէսզի «Հորիզոն»ի ճամբով հասնինք արդարութեան եւ ճշմարտութեան հորիզոններուն»:

Սրբազան Հօր սեղաններու օրհնութենէն ետք տեղի ունեցաւ ճաշի սպասարկութիւն, կամաւորաբար պատրաստուած հայ արհեստավարժ խոհարարներու՝ Շանթ Մանկէլեանի, Ռաֆֆի Անտոնեանի եւ Ռուբէն Չերչեանի կողմէ, իսկ սպասարկութիւնը նոյնպէս կամաւորաբար կատարուեցաւ ՀՅԴ Պատանեկան Միութեան «Դրօ-Գետաշէն» մասնաճիւղի պատանիներուն եւ ԳԵՄ-ի «Լեւոն Շանթ եւ Բեկոր Աշոտ» մասնաճիւղի անդամներուն կողմէ:
«Լեռներ հայրենի» եւ «Առաւօտ, դէմ արշալոյսին» երգերով հանդէս եկաւ լիբանանահայ հանրածանօթ երգիչ Կարօ Կապուտակեան, որմէ ետք կրկին տեսերիզի ցուցադրութիւն տեղի ունեցաւ, որուն մէջ «Հորիզոն»ի Արցախի աշխատակիցներէն Արմինէ Ալեքսանեան փոխանցեց իր սրտի խօսքը՝ կարեւորելով «Հորիզոն»ի առաքելութիւնը, յատկապէս Արցախեան տագնապի բոլոր հանգրուաններուն ընթացքին: Ան նաեւ փոխանցեց իր շնորհաւորական խօսքն ու բարեմաղթութիւնները այս առթիւ:

Յատուկ տեսերիզով հանդէս եկաւ «Հորիզոն»ի Միջին Արեւելքի աշխատակից Տիանա Սքայա, որ այժմ Լեհաստանի պետական հեռատեսիլի (TVP World – Televizia Polska) անգլերէն բաժանմունքի Միջին Արեւելքի ռազմական լրագրողի պաշտօնը կը վարէ: Ան իր աշխատանքի վայրէն փոխանցելով իր ողջոյնի խօսքը, յայտնեց, թէ լրագրական ասպարէզէն ներս իր առաջին քայլերը առած է «Հորիզոն»էն, եւ խմբագրակազմին քաջալերանքով ան սկսած է աշխատակցիլ «Հորիզոն»ին, որմէ ընթացք առած է իր աշխարհասփիւռ առաքելութիւնը: Նշենք, որ Տիանա Սքայա «Հորիզոն»ի հետ լրագրական երկար ճանապարհ անցած է եւ կատարած հարցազրոյցներ պատմաբաններու, արուեստագէտներու, նախարարներու եւ քաղաքական դէմքերու հետ։ Իր հարցազրոյցները հրապարակուած են «Հորիզոն»ի պաշտօնական կայքէջին եւ ընկերային ցանցերու հարթակներու վրայ:

«Հորիզոն»ի գլխաւոր խմբագիր Վահագն Գարագաշեան

Կարճ դադարէ ետք խօսք առաւ «Հորիզոն»ի գլխաւոր խմբագիր Վահագն Գարագաշեան, որ նախ ողջունեց ներկաները, ապա յիշեց «Հորիզոն»ի աշխատակիցներ, որոնք առյաւէտ բաժնուած են մեզմէ, սակայն «իրենց ոգեղէն ներկայութիւնը կը զգանք այս յարկէն ներս՝ Սօսի Չագմագճեանի, Վարդգէս Փափազեանի, Հայկ Գազանճեանի, Ցոլինէ Շամլեանի եւ Սիլվա Փալովի» ըսաւ ան եւ աւելցուց. «Մենք 45 տարիներու ընթացքին արխիւագրած ենք Գանատայի հայ գաղութին պատմութիւնը, ժամանակագրութիւնը, տեղեկագրութիւնը, այդ ընթացքին կատարելով արխիւագրումը Մոնթրէալի, Լաւալի, Թորոնթոյի, Վանգուվըրի, Գեմպրիճի, Սենթ Գաթրինզի, Համիլթընի մեր հայ կեդրոններու, եկեղեցիներու, դպրոցներու, որովհետեւ կը հաւատանք, որ այդ ալ մեր առաքելութիւնն է»: Ան նաեւ անդրադարձաւ Հայաստանի եւ Արցախի առումով «Հորիզոն»ի տարած գործունէութեան, երբ նոյնիսկ իրարայաջորդ պատերազմներուն ընթացքին, «Հորիզոն»ը ներկայ եղած է ու կատարած է լրագրական առաքելութիւնը: Խմբագիրը հանդէս եկաւ շնորհակալական խօսքով բոլոր անոնց, որոնք ջանք չխնայեցին այս երեկոյի յաջողութեան ի խնդիր:

«Հորիզոն»ի գործունէութեան սատարող եւ կամաւորաբար աշխատակցողներու, ինչպէս նաեւ գործակիցներու գնահատագիրներու բաշխում տեղի ունեցաւ, որոնք էին Արամ Շուժունեան, Նուշիկ Ղազարեան, Արմինէ Մուքոյեան, Լորի Խաչերեան, Ծովիկ Թերզեան, Պետրոս Ալահայտոյեան, Լեւոն Պէնկեան եւ Յակոբ Ֆրունճեան: Գնահատագիրներու արժանացան նաեւ արտասահմանի աշխատակիցներ՝ Արժանթինէն փրոֆ. Խաչիկ Տէր Ղուկասեան, Հայաստանէն Նայիրի Մկրտիչեան, Յասմիկ Պալէեան, Տիանա Սքայա եւ Տիրուհի Գասպարեան, որոնց պիտի ուղարկուին իրենց գնահատագիրները: «Հորիզոն»ի Աւագ խմբագիր եւ 45 տարիներու անխոնջ յօդուածագիր Վրէժ Արմէն Արթինեան գնահատուեցաւ Պատուոյ գիր-վահանակով: Գանատայի Հայոց Թեմի Առաջնորդարանի «Անանիա Շիրակացի» ազգային-մշակութային եւ մասնագիտական ծառայութեան շքանշանին արժանացաւ «Հորիզոն»ի վարչական պատասխանատու Սիլվա Էհրամճեան Պաշըգճեան:

Աւարտին խօսք առաւ Սրբազան Հայրը, որ շնորհաւորեց «Հորիզոն»ի աշխատակազմը 45-ամեակին առթիւ եւ բարձր գնահատեց անոր 45-ամեայ ծաւալուն գործունէութիւնն ու մեծ դերակատարութիւնը: Ան ելոյթը եզրափակեց ըսելով. «Մենք պէտք է շարունակենք աջակցիլ մեր 45-ամեայ այս օրկանին, որովհետեւ այն մեր հայելին է, մեր ոգին փոխանցող բարձրախօսն է, հետեւաբար պիտի գուրգուրանք ու զօրաւիգ կանգնինք անոր, այն յոյսով որ վաղը «Հորիզոն»ը շուտով պիտի յայտարարէ՝ վերդարաձ արցախցիներուն դէպի Արցախ: Այս է մեր ուղին ու այս է մեր առաքելութիւնը»: Ապա «Պահպանիչ»ով փակեց հանդիսութիւնը:

Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան
Լուսանկարները՝ Արմէն Ալեմեանի եւ Մայք Թաշճեանի
«Հորիզոն»

Share