Ուրախութեամբ կու գանք յայտնելու, թէ լոյս տեսաւ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի 2024 տարուան պատկերազարդ օրացոյցը։ 2024 տարին կոչուեցաւ «Ազգային ու Հոգեւոր Արժէքներու Տարի», հրաւիրելով բոլորը ազգային եւ հոգեւոր մեր արժէքներուն պահպանման եւ ամրապնդման նուիրական ծառայութեան։ Անոնք որոնք կը փափաքին օրացոյցէն ստանալ, կրնան դիմել Արեւմտեան Թեմի հոգեւոր հովիւներուն եւ կամ կապ հաստատել Առաջնորդարան։
Օրացոյցը կը բացուի Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի եւ Մեքսիքոյի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի խօսքով։
Ստորեւ կը ներկայացնենք Սրբազան Հօր խօսքը, որ կը բովանդակէ տարուան 12 ամիսներուն վրայ երկարող օրացոյցի թեմաներուն ամբողջութիւնը։
Սիրելի՛ բարեպաշտ հաւատացեալներ,
Բացուող նոր տարուան հետ մեր առջեւ կը բացուին նոր մարտահրաւէրներ, որոնք դիմագրաւելու համար անհրաժեշտ է որ զինուինք մեր եկեղեցական, ազգային եւ հոգեմտաւոր արժէքներով: Այս տարուան օրացոյցին մէջ լուսարձակի տակ առինք մեր եկեղեցական-ազգային տօներէն եկող եւ մեր գոյութիւնը պահպանող հոգեմտաւոր արժէքներն ու ազդակները:
Ս. Ծնունդի եւ Աստուածայայտնութեան տօնը մեզի կը շնորհէ սիրոյ, ջերմութեան, գթասրտութեան, երկնային ուրախութեան զգացումներ, հոգու հանդարտութիւն, խաղաղութիւն ու բարութիւն։
Վարդանանց եւ Ղեւոնդեանց սուրբերու թափած թանկագին արիւնով հայ ժողովուրդը պահեց իր ինքնութիւնը եւ քրիստոնէական հաւատքը: Նոյն հաւատքով այսօր կոչուած ենք դիմադրելու մեր ազգային արժէքները վտանգող բոլոր հոսանքներուն:
Մեծ Պահոց քառասնօրեայ օրերուն հրաւիրուած ենք վերատեսութեան ենթարկելու եւ ճշմարիտ պատուիրանապահութեամբ սրբագրելու մեր կեանքի ընթացքը՝ աղօթքով ու բարի գործերով հաստատելու Տիրոջ սիրոյ, հաւատքի ու յոյսի ուսուցումները:
Հայոց Ցեղասպանութեան 109-րդ տարելիցը յիշատակելով ու ոճրագործին անպատժելիութեան դէմ բողոքի ու արդարութիւն պահանջող ցոյցեր կազմակերպելով ջատագովը կը դառնանք հայ դատին: Սուրբ Զատկուան եւ Քրիստոսի հրաշափառ Սուրբ Յարութեան տօնին խորհուրդը մեզ զգաստութեան կը հրաւիրէ արդարութեան ձայնին համար պայքարելու:
Անդրադառնալով մօր դերին, այսօր կոչուած ենք յարգելու մեր մայրերը եւ անոնց օրհնութիւնը ստանալու, ինչպէս նաեւ կառչած մնալու մեր մայր հայրենիքին եւ անոր սրբազան արժէքներուն:
Հայկական իրականութենէն ներս մեծ է դերը Հայ Վարժարանին, Շաբաթօրեայ եւ Կիրակնօրեայ դպրոցներուն: Հայ Դպրոցը կոչուած է մարդակերտութեան եւ հայակերտութեան վսեմ գործին: Հայ Դպրոցը կոչուած է մանուկն ու պատանին գիտակ դարձնելու մտաւոր եւ բարոյական զարգացման եւ առօրեայ կեանքի պայքարին պատրաստ ըլլալու կարեւորութեան:
Այլակերպութեան տօնը հրաւէր մըն է մաքրութեան եւ լուսաւորութեան։ Հետեւաբար, մօտենալով Քրիստոսի լուսաւորուինք Իր աստուածային լոյսով եւ մաքրուինք մեր մեղքերէն:
Աստուածամօր վերափոխման տօնը յիշատակելով բարեխօսութիւնը կը խնդրենք Աստուածամօր նաեւ բերքը կ’օրհնենք։ Հետեւաբար, անդաստանի արարողութիւն կատարելով, կ’օրհնենք մեր Հայրենիքը՝ Հայաստանը, Արցախը, եւ հայկական դաշտերուն բերքերը։
Այս տարի Ս. Էջմիածինի մայր տաճարին մէջ սրբալոյս Միւռոնի օրհնութիւն պիտի կատարուի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին ձեռամբ, նոր Միւռոնին միախառնելով Հայոց Լուսաւորիչ Առաքեալէն մնացած անուշաբոյր իւղը եւ աստուածային օրհնութիւն ստանալու:
Սրբոց Թարգմանչաց տօնը՝ Գիրերու գիւտի, հայերէնի թարգմանութիւններու, հայոց լեզուով ստեղծագործութիւններու, հայ դպրոցներու կառուցման ընդհանուր տօնն է: Հետեւաբար, Սրբ. Թարգմանչաց տօնը վառ պահելու ամէնէն ազդու ձեւը հայոց լեզուն պահպանելը, սորվիլն ու ծաղկեցնելն է:
Նոյեմբեր ամիսը ձօնելով Արեւմտեան Թեմի կրօնական հրատարակութիւններուն, լուսարձակի տակ կ’առնենք հայ գիրքին տեղն ու դերը որպէս անբաժան մասնիկը մեր ծառայութեան, ի խնդիր հաւատքի պահպանութեան եւ մեր արժէքներու ամրապնդման։
Վերջապէս, Ս. Ստեփանոս նախասարկաւագի տօնը կու գայ մեր մէջ արմատաւորելու առաքելութեան եւ ծառայութեան գաղափարները, որոնք ցայտուն կերպով կը տեսնենք Թեմի հոգեւորականաց դասուն եւ եկեղեցւոյ բոլոր սպասաւորներուն ծառայութեան մէջ:
Օրհնեալ ըլլաք բոլորդ:
Աղօթարար՝
Յովնան Արք. Տէրտէրեան
Առաջնորդ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի եւ Մեքսիքոյի