Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Միհրան Փափազեան», «Սարգիս Զէյթլեան» կոմիտէութիւններուն եւ «Արմէն Գարօ» Ուսանողական միութեան, Կիրակի, 28 Յունուար 2024-ին, երեկոյեան ժամը 7-ին, Սուրբ Յակոբ Ազգային վարժարանի «Բաստրմաճեան» սրահէն ներս տեղի ունեցաւ ՀՅԴ 133-ամեակին նուիրուած պաշտօնական հանդիսութիւն, ներկայութեամբ Գանատայի Հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տէր Բաբգէն Արք. Չարեանի, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Րաֆֆի Տօնապետեանի, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Խորէն Տիմիթեանի եւ անդամներուն, հոգեւորականաց դասուն, Քեպէգի խորհրդարանի անդամ Սոնա Լախոյեանի, Լաւալի քաղաքապետարանի անդամ Սեդա Թօփուզեանի, քաղաքական կուսակցութեանց ներկայացուցիչներու, քոյր միութիւններու եւ պատկան մարմիններու ներկայացուցչութեանց, ՀՅԴ մեծ ընտանիքի անդամներուն, համակիրներու եւ հոծ բազմութեան:
Ձեռնարկի բացումը կատարուեցաւ ՀՄԸՄ-ականներու կողմէ դրօշակներու մուտքով, փողերախումբին մասնակցութեամբ եւ Գանատայի, Հայաստանի ու Արցախի օրհներգներով, ապա հնչեց ՀՅԴ-ի քայլերգը, որմէ ետք ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգեցին մեր բոլոր նահատակներուն անմար յիշատակը: Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Արազ Տունկեան Տողրամաճեան, որ իր խօսքին մէջ յայտնեց. «Հայոց պատմութեան էջերը լի են անօրինակ սխրանքներով, նուիրական դէմքերով եւ դէպքերով: Մեր ժողովուրդը իր պատմական մեծարժէք սխրանքներուն ոգեկոչումով ոչ թէ հաղորդակից դարձած է իր պատմութեան, այլ պատմական ամբողջ աւանդը իրեն համար վերածած է արիւնի եւ ձեւակերպած՝ իր ազգային դիմագիծն ու մտածողութիւնը: Այս օրը սակայն պատմութեան անցած եղելութեան մը ոգեկոչումը չէ եւ ոչ ալ սոսկ տօնախմբութիւն: Այս օրը մեր ժողովուրդի ազգային ազնուագոյն զգացումներուն եւ անոնց իրականացման յաղթերգութիւնն է եւ յախուռն ու վճռական երթի իրապաշտ բացայայտումը: Մեր ժողովուրդէն ծնած եւ հաւատարմօրէն անոր ընկերային, տնտեսական, քաղաքական եւ ազգային ազատագրական պայքարը գլխաւորող մեծ կազմակերպութեան օրն է այսօր»:
Զոյգ կոմիտէութիւններուն անունով խօսք առաւ «Միհրան Փափազեան» կոմիտէութեան ատենապետ Արա Գաթարոյեան եւ ըսաւ. «Կասկած չկայ, որ այսօր Դաշնակցութեան հիմնադրութեան նշումը տօնական չէ։ Այսօր Արցախի կորուստն ու ամբողջական հայաթափումը կարծէք ստեղծած ըլլան 19-րդ դարու վերջաւորութեան եւ 20-րդ դարու սկիզիբի հայութեան իրավիճակը յիշեցնող նմանօրինակ պայմաններ՝ հսկայական կորուստներ, ըլլան անոնք մարդկային թէ հողային, քայքայուած բանակ, համատարած յուսալքում, զանգուածային գաղթ, սահմաններուն կանգնած թշնամի զօրքեր եւ այլն. բայց այս ճակատագրական կացութեան դիմաց մենք չենք կրնար, իրաւունքը չունինք անտարբեր կամ ձեռնածալ մնալու, թոյլ տալով որ թուրք-ազերիկան վարչամեքենան, Հայաստանի այսօրուան գործակալ իշխանութիւններու մեղսակցութեամբ, մեզի պարտադրեն խաղաղութեան կեղծ օրակարգ մը ընդունիլ, մեր պատմական հողերուն եւ իրաւունքներուն հաշւոյն։ Դաշնակցութիւնը եւ անոր շուրջ համախմբուած ողջ հայութիւնը պէտք է եւ պիտի գտնէ ներուժը, կամքն ու վճռակմութիւնը փլատակներուն տակէն վերստին ոտքի կանգնելու եւ առաջնորդելու մեր ազգը դէպի նորանոր յաղթանակներ։
Յուսհատիլ չկայ»:
Գեղարուեստական յայտագրով հանդէս եկան ԳԵՄ-ի անդամներ՝ «ՀՅԴ-ի ծնունդ» ներկայացումով, ապա ցուցադրուեցաւ «ՀՅԴ պատմութիւն» տեսերիզ մը, որ հակիրճ կերպով կը պարփակէր ՀՅԴ-ի գործունէութիւնը՝ կազմաւորուելէն մինչեւ մեր օրերը: Ապա կրկին խումբ մը ԳԵՄ-ականներ ներկայացուցին «ՀՅԴ կազմաւորում» բեմադրումը:
Ելոյթ ունեցան Ռուբինա Քիւբէլեան, ներկայացնելով Աւետիս Ահարոնեանի «Ազատութեան ճանապարհին» կտորը, ապա Նժդեհ Պոտրումեան՝ «Արծիւ սլացիր» եւ «Պատերազմ էք գնում» յեղափոխական երգերով: «Հերոս տղերք» երգ-տեսերիզի ցուցադրութիւն տեղի ունեցաւ, մասնակցութեամբ Պատանեկան միութեան եւ ԳԵՄ-ի անդամներուն:
Երիտասարդական շարքեր փոխանցուեցան խումբ մը պատանիներ, որուն ընթացքին ԳԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Թալիա Ճապրայեան խօսք առնելով ըսաւ. «Ձեր եռանդով ու խանդավառութեամբ նոր թափ պիտի տաք մեր աշխատանքներուն, ու ձեր նոր գաղափարներով զինուած առաջ պիտի տանինք մեր կազմակերպութիւնը: ՀՅԴ ԳԵՄ-ի շարքերէն ներս դրսեւորուած երիտասարդութիւնը կը մեծնայ ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի իտէալական տեսլականով, որ կ’ընդելուզուի մեր էութեան մէջ», ապա խօսքը փակեց ըսելով. «Միանալով Մոնթրէալի եւ Լաւալի «Լեւոն Շանթ» եւ «Բեկոր Աշոտ» մասնաճիւղերուն, մեր փափաքը պիտի ըլլայ, որ անսահման զոհաբերութեամբ մօտենաք ձեր միութենական աշխատանքներուն, ըլլաք տիպար դաշնակցականներ եւ ձեր անձնական օրինակով, վարակէք հայ երիտասարդութիւնը եւ առաջնորդէք զանոնք դէպի Հայ Դատի արդար լուծման պայքարի ճամբան», ապա տեղի ունեցաւ խոստումն ու փոխանցումը, որմէ ետք խումբ մը ԳԵՄ-ականներ կենդանի պատկերով մը ներկայացուցին ՀՅԴ-ի զինանշանը:
Օրուան պատգամաբերն էր Մհեր Գարագաշեան, որ ողջունելէ ետք ներկաները ըսաւ. «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադրութեան 134-րդ ամեակը կը թեւակոխենք՝ Արցախի անկումէն չորս ամիս ետք: Անցնող տարուան վերջին քառորդին, ազգովին կրկի՛ն անգամ ապրեցանք տեղահանութեան ու կորուստի ցաւը, կրկի՛ն անգամ ցեղասպանութեան ուրուականը մթագնեց հայոց աշխարհը, ու մեր ամրոց-Արցախը ինկաւ կարճ բայց հերոսական դիմադրութենէ մը ետք: Ինկաւ ներքին ու արտաքին դաւադրութեանց իբրեւ արդիւնք, ինկաւ մեր մէջ բոյն դրած անտարբերութեան, համակերպման ու պարտուողական վարակին իբրեւ հետեւանք, ինկաւ վերջապէս՝ փանթրքական ծաւալապաշտական նկրտումներուն իբրեւ թիրախ, անգամ մը եւս հայաթափելով մեր հայրենիքի բազմադարեան մէկ օճախը», ապա անդրադառնալով այս ճգնաժամէն անյապաղ դուրս գալու անհրաժեշտութեան յայտնեց. «Ընդգծենք, որ ճակատագրական այս փուլին էականը գահավէժ անկումը կանգնեցնե՛լն է, վերջին հինգ տարիներուն դիտումնաւոր սրուած ներազգային բեւեռացումի եւ պառակտման ճեղքերու վերացո՛ւմն է, մեր երկրէն ու մե՛ր իսկ մէջէն թրքական Տրովադայի ձին դուրս շպրտե՛լն է, ամէն տեսակի մակաբոյծներէ ու վարձկաններէ ձերբազատի՛լն է: Եթէ այս մէկը ոմանք պիտի մեկնաբանեն իբրեւ միասնականութեան դէմ կոչ, թող այդպէ՛ս ըլլայ: Արդէն ուշ են, արդէն կե՛ղծ է այդ բռնազբօսիկ «միասնականութիւն»ը ու կործանիչ: Կարելի չէ համատեղել ախտն ու մարմնի դիմադրողականութիւնը՝ ու միասնութիւն ձեւացնել: Այս բոլորին դիմաց՝ ազգային առողջ ուժերու միահամուռ եւ այս անգամ՝ արտակա՛րգ լարումով կրկին անգամ լծուիլ է պէտք մեր պետականութեան փրկութեան ու ազգային անվտանգութեան վերականգնման դժուարին բայց անյետաձգելի՛ գործընթացին»:
Եզրափակելով իր խօսքը Գարագաշեան ըսաւ. «Մեզի կը մնայ ոգի ի բռին, ձե՛ր աջակցութեամբ, պատռելո՛ւ ելլել այս քարտէսները, որովհետեւ Արցախը թէեւ ինկած է այս պահուս, բայց մեզի համար իր կորուստը վերջնական չէ՛, չի՛ կրնար ըլլալ ու պիտի չմնա՛յ այդպէս: Ու որպէսզի խօսքը չդառնայ մեռեալ, բոլորո՛վ պարտինք լծուիլ նպատակասլաց, յանդուգն ու անտեղիտալի՛ դաշնակցական գործի: Ուրեմն ի գո՛րծ, սիրելի՛ ընկերներ եւ համակիրներ, ի գո՛րծ՝ թէկուզ եւ երկարաշունչ ըլլայ մեր պայքարը, ի գո՛րծ՝ յանուն մէկ ու ամբողջական հայրենիքի, յանուն մէկ ու ամբողջական հայութեան»:
Հանդիսութիւնը աւարտեցաւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր սրտի խօսքով, որուն ընթացքին ան շեշտեց. «Միակամ եւ միասնակամ, Հայաստան թէ սփիւռք, նոր ռազմավարութեամբ մենք պէտք է շարունակենք մեր պայքարը: Պայքարը կը շարունակուի ու պէ՛տք է շարունակուի, յանուն մեր արժանապատուութեան, յանուն մեր հայրենիքի ամբողջականութեան, յանուն մեր ժողովուրդի յարատեւ գոյութեան»:
Նշենք, որ նախքան պաշտօնական ձեռնարկին սկսիլը, ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Խորէն Տիմիթեանի եւ ՀՅԴ «Լեւոն Շանթ-Բեկոր Աշոտ» մասնաճիւղերու վարչութեան ատենապետ Հրակ Գայայեանի ձեռամբ, տեղի ունեցաւ ԳԵՄ-ի կողմէ պատրաստուած արցախեան պատերազմներուն բոլոր նահատակներուն նուիրուած յուշատախտակի բացում, որուն ընթացքին նաեւ խօսք առաւ ԳԵՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Մոսիկ Արզումանեան եւ ըսաւ. «Հողը թեթեւ գայ ձեր վրայ անձնուրաց մարտիկններ, ննջեցէ՛ք հպարտ: Դուք որ ձեր զոհողութեամբ մարմնաւորեցիք դաշնակցականի մը անձնաւորութեան իտէալը, նոր սերունդին սորվեցուցիք կաղնիի մը նման ոտքի մնալ եւ արմատանալ հայրենի հողին մէջ, անբաժանելի մասը դառնալով այդ սուրբ հողին»։ Յիշենք, որ նշեալ յուշատախտակը պիտի տեղադրուի Մոնթրէալի Հայ կեդրոնի ԳԵՄ-ի «Լեւոն Շանթ-Բեկոր Աշոտ» մասնաճիւղերու հաւաքավայրին դիմաց:
Սոնա Թիթիզեան Կէտիկեան
Լուսանկարները՝ Մայք Թաշճեանի