Թալեաթի ահաբեկման 103-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ

Թալեաթի ահաբեկման 103-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Ս. Թեհլիրեան» կոմիտէին (Լիբանան), ուրբաթ, 3 մայիս 2024-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ արդարահատոյց Սողոմոն Թեհլիրեանի կողմէ Թալէաթի ահաբեկման 103-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ:

Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներու ունկնդրութենէն ետք կատարուեցաւ ձեռնարկին բացումը:

Կոմիտէին խօսքը արտասանեց Ռոպեր Էքշիեան, որ անդրադարձաւ ձեռնարկի նպատակին ու կարեւորութեան` շեշտելով, որ նման ձեռնարկները ինքնանպատակ չեն, այլ առիթ են, որ երիտասարդութիւնը իր ուխտը վերանորոգէ, ընկերները իրենց կատարած երդումը վերահաստատեն, իսկ համակիրները իրենց հայեցի հպարտութիւնը ապրին ու զգան:

Ան դիտել տուաւ, որ վերջին տարիներուն Հայաստանի մէջ ընթացող զարգացումներուն ի տես` սփիւռքահայն ու հայրենաբնակ հայը աւելի ու աւելի ծարաւը ունեցան հայեցի հպարտութեան ու ազգային արժանապատուութեան, նշելով, որ թէեւ մեր ազգին մէջ բացակայ չեն եղած թեհլիրեանները, սակայն այսօր բան մը կը պակսի:

«Եկէք` միասին վերանայինք ու վերականգնենք այն, ինչ որ կոտրուած է մեր մէջ, ուղղենք մեր մէջքը, բոլորս միասին կատարենք այն ուխտը, որ ինչ ալ ըլլան պայմանները, մենք չենք զիջիր, չենք յանձնուիր, կառչած կը մնանք` մեր աւանդական հայեցի նկարագիրին, կամքին, եկեղեցիին, մշակոյթին եւ ազգային բոլոր արժէքներուն: Վստահ ըլլանք ազգովին, որ ինչպէս անցեալին ծնան Թեհլիրեաններ, Շիրակեաններ, նոյնպէս ալ այսօր մեր մէջ կը ծնին Վաչէներ ու Մհերներ, եւ մենք կը շարունակենք ապրիլ ոչ իբրեւ մարդ, այլ` հա՛յ մարդ:

«Ինչպէս իր մահէն 62 տարի ետք չկայ Թեհլիրեանը, բայց կան թեհլիրեանականները, չկայ Սողոմոնը, բայց կայ Սողոմոն Թեհլիրեանի անունով կնքուած գործօն կոմիտէութիւնը:

«Եւ ճիշդ նոյնպէս պիտի շարունակուի հայոց պատմութիւնը, պիտի երթան վաստակաւորները անոնց տեղ պիտի գան նորերը` պատմական փորձառութեամբ օժտուած, այժմէականութեամբ զինուած, նախկիններու պատգամը կրող. կռիւը պիտի շարունակուի, եւ ինչպէս կ՛ըսէ Գարեգին Նժդեհ. «Պիտի յաղթէ ան, որ իր հոգուն մէջ պահած է յաղթանակ», եզրափակեց Ռոպեր Էքշիեան:

Ապա ներկայացուեցաւ «Դարերու վրէժը»-ը ասմունքը, ցուցադրուեցաւ վիտէօ-երիզ մը:

Օրուան պատգամաբերն էր Րաֆֆի Տեմիրճեան, որ նախ լուսարձակի տակ առաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան պատասխանատուները պատժելու «Նեմեսիս» գործողութեան ծնունդը, անոր մարմնաւորած խորհուրդը` շեշտելով, որ այդ վրիժառութեան գերագոյն գործողութիւնը հանդիսացաւ թուրք ջարդարար Թալէաթ փաշային ահաբեկումը` ձեռամբ հայ քաջարի բազուկին` արդարահատոյց Սողոմոն Թեհլիրեանին:

Ան անդրադարձաւ Թեհլիրեանի կենսագրական հիմնական գիծերուն, որոնց ընդմէջէն յստակ կ՛երեւի ազգային զօրաւոր նկարագիրի տէր անձին կազմաւորումը, խօսեցաւ Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած եւ իր ընտանիքին մեծամասնութիւնը կորսնցուցած Սողոմոն Թեհլիրեանին մասին, որ 1918 դեկտեմբերին կ՛անցնի Պոլիս: Տեմիրճեան նշեց, որ թուրք գլխաւոր ջարդարար Թալէաթ փաշայի դէմ Դաշնակցութեան որոշումէն առաջ երեք անգամ մահապատիժ սահմանուած է, բայց չէ գործադրուած: ՀՅԴ 9-րդ Ընդհանուր ժողովը 1919-ի սեպտեմբերին Երեւանի մէջ կ՛որոշէ թուրք ջարդարարներու մահապատիժը, որուն գործադրութիւնը կը վստահուի Ս. Թեհլիրեանին: Բանախօսը մանրամասն կերպով ներկայացուց ահաբեկման գործողութիւնն ու անոր յաջորդած Թեհլիրեանի դատավարութիւնը:

«Թեհլիրեանի արդարահատոյց գործողութիւնը ստանձնեց եւ իր լրումին հասցուց Հայ յեղափոխական Դաշնակցութինը, սակայն արարքը համայն հայութեան կը պատկանի, եւ Դաշնակցութիւնը ոչ մէկ ատեն իր գործողութիւններուն, այսպէս կոչուած, սեփականատէրը ըլլալու վիճակը չէ ստեղծած, որովհետեւ Դաշնակցութիւնը ոչ մէկ ատեն ինքնանպատակ գործողութիւններ կատարած է, այլ իր բոլոր կարելիութիւնները ի գործ դրած է ազգի պահպանման ու հայրենիքի ազատագրման ճիգերուն: Փաստօրէն օրին Թեհլիրեանի գործողութեան զօրակցեցան հայկական աւանդական կուսակցութիւնները», ըսաւ բանախօսը` շեշտելով, որ այսօր ալ պահանջուածը միասնականութեան եւ զօրակցութեան արտայայտութիւններն են, որոնք դժբախտաբար կը պակսին, թէեւ մենք դէմ յանդիման կանգնած ենք Արցախի մէջ գործադրուած ցեղասպանութեան:

«Վրիժառու Սողոմոնին միա՛յն մէկ փամփուշտը վերականգնեց հայ ժողովուրդին պատիւն ու արժանապատուութիւնը, իսկ անոր անպարտ արձակուիլը առաւել եւս յոյս ներշնչեց հայութեան: Ո՛չ «տրոն» կար, ո՛չ արդիական հրթիռ եւ ո՛չ ալ միլիոնաւոր տոլարներ արժող արհեստագիտական միջոցներ: Ատրճանակի մէկ գնդակ, եւ աշխարհը շարժեցաւ: Արդարութեան ձայնը այնքան լսելի դարձաւ, որ դատարանը Թալէաթը սպաննած ատրճանակը վերադարձուց Թեհլիրեանին:

«Այսօր պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ: Հայոց ցեղասպանութեան պատկերները կրկնուեցան Արցախին մէջ: Տեղահանութիւնները շարունակուեցան, եւ հայու ողբերգական էջերը տակաւին սեւ ու կարմիր գոյնով կը ծածկուին: Վերստին մեր հաւասարակշռութիւնը խախտած է: Արցախի յանձնումէն ետք հերթը եկած է Տաւուշին եւ Սիւնիքին: Վերստին հայրենազուրկ դառնալու շեմին ենք», ըսաւ Ր. Տեմիրճեան` շեշտելով, որ կարիք կայ ինքնաքննարկումի` ախտորոշելու, թէ այսօր ինչո՛ւ այս վիճակին մէջ ենք:

«Հոս հասանք, որովհետեւ հեռացանք մենք մեզմէ, մենք մեր արժէքներէն, մենք մեր կարգապահութենէն եւ կազմակերպուածութենէն: Հոս հասանք, որովհետեւ դարձանք կեղծ աշխարհի գերին ու ստրուկը: Թեհլիրեաններ, փափազեաններ, շիրակեաններ եւ գարոներ իրենց օրերու Ֆէյսպուքի վրայ լայքեր հաւաքելով հոգեկան գոհունակութիւնը չապրեցան բան մը ըրած ըլլալու, այլ գործի անցան: Հոս հասանք, որովհետեւ «Լաօ»-ին ձայնը չլսեցինք, չարթնցանք եւ նախընտրեցինք անտարբեր մնալ, հեռու մնալ: Հոս հասանք, որովհետեւ անհատական շահերը գերադասեցինք ազգայինէն, որովհետեւ մենք մեր բնակարաններուն դռները մեր սահմանները նկատեցինք, մինչ Շուշիին բերդն էր մեր իսկական ամրոցը: Հոս հասանք, որովհետեւ Ղազանչեցոցի զանգերուն չհետեւեցանք:

«Յստակ է, որ ե՛ւ Հայաստանի ե՛ւ սփիւռքի մէջ խնդիր գոյութիւն ունի, ամէն տեղ նահանջի երգը կը հնչէ, երբեմն` անձայն… Այս կացութեան մէջ տիրական է յանձնուողականութիւնը: Դարձած ենք կացութիւններու յարմարող էակներ: Զիջումը դարձած է առօրեայի մէկ մասնիկ: Հող տալը վերածուած է ընդունուած գործընթացի: Թշնամիին կողմէ անարգուիլը դարձած է սովորական ընթացք: Հերոսը կորսնցուցած է իր արժէքը: Զինուորն ու ֆետային դարձած են միայն զոհ: Հարկ է կասեցնել ողբերգական անիւը», շեշտեց բանախօսը:

Իր խօսքը եզրափակելով` Րաֆֆի Տեմիրճեան հաստատեց, թէ պէտք չէ թոյլատրենք, որ քանդուի պետականութիւնը, ժամանակն է, որ ժամացոյցի սլաքները կենան, այս բոլորին դիմաց իրաւունք չունինք յուսահատելու, այլ պէտք է զօրանանք եւ առաջնորդուինք թեհլիրեաններով: «Իրաւունք չունինք յանձնելու եւ ոչ ալ` յանձնուելու: Պէտք է կեցնել ձախողութիւններու եւ պարտութիւններու ողբերգական անիւը` ի գին բոլոր տեսակի զոհողութիւններու: Այսօր մենք մէկ եւ միակ առաջնահերթութիւն ունինք, այդ ալ հայրենիքի պահպանումն է: Դաշնակցութեան դպրոցէն` ՀՅԴ պատանեկան միութիւններու, ԼԵՄ-ի եւ ԶՈՄ-ի շարքերէն անցնողը ուրիշ բան չի կրնար ընել եւ պէտք չէ ընէ: Սթափի՛նք, ոտքի կանգնի՛նք եւ փրկե՛նք հայրենիքը, որպէսզի վաղը նոր մոմավառութիւններ եւ նոր հոգեհանգիստներ չկազմակերպենք», շեշտեց բանախօսը: (Խօսքին ամբողջութիւնը կը հրատարակենք հետագային):

Բանախօսութենէն ետք ՀՅԴ «Նաւասարդեան» պատանեկան միութիւնը ներկայացուց կենդանի պատկերներ, որոնցմէ առաջինը կը ցոլացնէր ոճրագործ Թալէաթի ահաբեկումը որոշող ժողովը, երկրորդը` ահաբեկման արարքը, իսկ երրորդը` դատարանին մէջ դատավարութիւնը:

Ապա ներկաները լսեցին Սան Ֆրանսիսքօ գտնուող Արա Թեհլիրեանին խօսքը` իբրեւ Սողոմոն Թեհլիրեանի եղբօր թոռ:

Համազգային «Քնար» պարախումբը հանդէս եկաւ ռազմական պարով:

Ձեռնարկը աւարտեցաւ հայրենիքէն ժամանած Արցախի ազատամարտիկ երգիչ Սամուէլ Երանեանի յեղափոխական երգերու մեկնաբանութեամբ:

Share