Տաւուշէն Երեւան ուղղուող մեր ժողովուրդը, իր տարբեր հատուածներով, Բագրատ Արքեպիսկոպոս Գալստանեանի առաջնորդութեամբ, հիմնականին մէջ կը պահանջէ մէկ բան՝ դադրեցնել միակողմանի զիջումները թշնամիին եւ ՈՉ ըսել պապենական հողերու յանձնումին:
Հեղինակազրկուած իշխանութիւնները ոչ մէկ իրաւական հիմք ունին սահմանազատման եւ սահմանագծման գործընթաց նախաձեռնելու՝ առանց հանրաքուէի դիմելու, իսկ մեր ժողովուրդը փաստօրէն դէմ է գործադրուող պարտուողական քաղաքականութեան: Փաստ՝ Տաւուշէն մինչեւ մայրաքաղաք ոտքի կանգնած գլխագիր Ազգը, որուն անվերապահ զօրավիգ է Սփիւռքը: Եւրոպայի տարբեր քաղաքներու մէջ կատարուող զօրակցական հաւաքները ա՛յդ կ’ապացուցեն, որոնց շարքին՝ Ֆրանսայի ինը քաղաքներ, ուր մեր ձայնը կը միացնենք պահանջատէր հայրենի մեր ժողովուրդին, որ արդարօրէն մտահոգ է պետական ու ազգային մեր անվտանգութեամբ, որուն ուղղուած լուրջ սպառնալիք է գործադրուող ներկայ ազգադաւ քաղաքականութիւնը:
Առ այդ, հրամայական է իշխանափոխութիւնը, առանց որուն պիտի շարունակուի նահանջը, զոր կը մերժենք կտրականապէս:
ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէ
8 Մայիս 2024
Փարիզ