Թամարա Պարսամեան

Թամարա Պարսամեան

ՑԱՒԱԿՑԱԿԱՆ

Ա.Մ.Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք Խաչերեան, Հոգեւորականաց դասը, Կրօնական ժողովն ու Ազգային վարչութիւնը կը գուժեն մահը Թամարա Պարսամեանի, որ պատահեցաւ յետ կարճատեւ հիւանդութեան:
Հանգուցեալը, իր ամուսնոյն՝ փրոֆ. Յարութ Պարսամեանի (Մահացած 20 Նոյեմբեր 2015-ին) հետ կատարած երկար տարիներու եկեղեցանուէր ու ազգանուէր ծառայութիւնն ու բարերարութիւնները շարունակած է Արեւմտեան Թեմէն ներս անոր մահէն ետք: Իրենց իշխանական նուիրատուութեանց կողքին, անոնք հիմնադիր բարերարներ են Օրէնճ Քաունթիի Յարութ Պարսամեան Հայ կեդրոնին, ինչպէս նաեւ Ազգ. Առաջնորդարանի մօտ հաստատուած Յարութ Պարսամեան կրթանպաստի հիմնադրամին. արժանացած են «Կիլիկեան Իշխան» շքանշանին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի ձեռամբ, 16 Հոկտեմբեր 2011 թուականին: 
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։
 ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
Share