Գոռը, Սիւնէն եւ Նիկոլի անյաջող փորձերը

Գոռը, Սիւնէն եւ Նիկոլի անյաջող փորձերը

Յովսէփ Տէր Գէորգեան
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ

2021 թուականին ՀՅԴ Երիտասարդական գրասենեակը նախաձեռնեց «Դէպի Սիւնիք» ծրագիրը:

Անցեալ ամիաներուն Սիւնեցի երիտասարդներուն դիմադրողական ոգին բարձր պահելու և ՀՅԴ Երիտասարդականի համաշխարհային ցանցի նեցուկը ապահովելու համար բազմաթիւ ծրագիրներ կազմակերպուեցան: Վերելք Սիւնիք, սփիւռքէն դէպի Կապան երիտասարդական գործուղումներ, պատանեկան ճամբարներ, Սիւնիքի հիմնախնդրի գծով ուսանողութեան նուիրուած խորհրդաժողովներ ու ուսումնասիրութեան մրցանքներ, ահա մի քանի օրինակներ այն մեծածաւալ աշխատանքին, որ իրագործուեցաւ և տակաւին կը շարունակուի:

Յստակ է, որ Ազերիներն ու անոնց ծառայող Նիկոլ Փաշինեանը մտահոգ են Արցախի և Սիւնիքի մէջ մեր երիտասարդներու տարած աշխատանքով, Ազերիները կը սպառնան և մեզ կը կոչեն Ռեւաշիստներ, իսկ Նիկոլը որպէս անոնց կամակատարը գործի կը լծուի խոչնդոտելու այս աշխատաքները:

Առաջին քայլը, ՀՅԴ Երիտասարդականի աշխատանքները համակարգելու համար Սիւնիք տեղափոխուած, ՀՅԴ ՀԵՄ-ի անդամ Գոռ Մաթէոսեանի կալանաւորումն էր: Երկրորդ քայլով՝ այսօր, Նիկոլը արգիլեց Սիւնէ Աբրահամեանին մուտք գործել Հայասատան: Ան պիտի մասնակցէր Կապանի մէջ կազմակերպուող ՀՅԴ պատանեկան ճամբարի մը:

ՀՅԴ Երիտասարդները Նիկոլի և իր վարչախումբին մղձաւանջը դարձած են:

Նիկոլին փորձերը անյաջող են, ան չարաչա՛ր կը սխալի ՀՅԴ Երիտասարդները սփիւռքի մէջ պիտի շարունակեն իր և իր ներկայացուցիչներուն դէմ իրենց կտրուկ ընդդիմութիւնը և առաւել աշխուժութեամբ պիտի ծաւալեն Սիւնիքի ու Արցախի մէջ իրենց աշխատանքները:

Նիկոլը իր այս քայլերով պիտի չի կարենայ սանթիմեթր մը իսկ մեզ շեղել մեր նպատակներէն: Արցախի, Սիւնիքի և ընդհանրապէս հայրենիքի ոեւէ հատուածի հետ ՀՅԴ աշխարհասփիւռ Երիտասարդութեան կապը Նիկոլի պառակտող փորձերէն և ՀՅԴ-ի դէմ անոր ատելութենէն շաատ աւելի հզօր է:

Share