Քլաար. «կարեւոր է, առանց սահմանափակումներու վերականգնուի ուժանիւթի մատակարարումը»

Քլաար. «կարեւոր է, առանց սահմանափակումներու վերականգնուի ուժանիւթի մատակարարումը»

Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար, արձագանգելով Արցախի կազամատակարարման` կարճ ժամանակով վերականգնման առնչուած կացութեան, «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ գրած է. «Խոստումնալի սկսած օրը կրկին աւարտեցաւ հիասթափութեամբ եւ յուսախաբութեամբ: Ինչպէս Եւրոպական Միութիւնը բազմիցս կրկնած է, շատ կարեւոր է, որ ուժանիւթի մատակարարումը վերականգնուի առանց սահմանափակումներու, ինչպէս նաեւ Լաչինի միջանցքով մարդոց եւ ապրանքներու տեղաշարժը»:

Շաբաթ երեկոյեան վերականգնուած էր Արցախ կազի մատակարարումը, սակայն կիրակի կէսօրին ազրպէյճանական կողմը դարձեալ մատակարարումը լրիւ դադրեցուցած էր:

Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչը կիրակի օր եւս «Թուիթըր»-ի վրայ գրառում կատարած էր` նշելով. «Պաքու-Ստեփանակերտ իրական երկխօսութիւն պէտք է սկսի` նպատակ ունենալով ապահովել այլընտրանքներ բռնութեան, ձեւաւորել այնչափ անհրաժեշտ վստահութիւն եւ երաշխաւորել արժանապատուութիւնը: Եւրոպական Միութիւնը անհամբեր կը սպասէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն հետ պրիւքսելեան եռակողմ հանդիպումին»:

Պրիւքսելի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին եւ Ազրպէյճանի նախագահին` Եւրոպական խորհուրդի նախագահին մասնակցութեամբ հանդիպումը նախատեսուած է 21 յուլիսին:

Share