Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը այլակերպելու միտող յայտարարութիւնները կը հարուածեն հայ ազգի արդար պահանջատիրութեան

Հայոց Ցեղասպանութեան իրողութիւնը այլակերպելու միտող յայտարարութիւնները կը հարուածեն հայ ազգի արդար պահանջատիրութեան

Անցնող օրերուն, Զուիցերիոյ հայ համայնքի խումբ մը անձերու հետ հանդիպման ընթացքին Նիկոլ Փաշինեանը Հայոց Ցեղասպանութեան առնչութեամբ անխոհական պնդումներով ելոյթ ունեցաւ եւ մօտաւոր չափանիշներով, Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը քննարկման օրակարգի եւ բանավէճի վերածելու գծով «խորհրդածելու» վտանգաւոր միտքը յառաջ մղեց։

Միջազգային ցեղասպանագիտական հաստատութիւններ, պետութիւններ եւ պատմաբաններ տասնամեակներու ընթացքին յստակօրէն հաստատած են Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական անսակարկելի ճշմարտութիւնը։ Ի հակադրութիւն այս իրողութեան՝ թրքական հանրապետութեան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ուրացումը՝ Օսմանեան կայսրութեան ուրացման քաղաքականութեան անմիջական շարունակութիւնն է, որ 19-րդ դարու վերջաւորութեան կը ժխտէր hայկական կոտորածները։ Հայաստանի Հանրապետութեան որեւէ ղեկավարի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերաքննարկման համազգային օրակարգի վերածելու քայլ համազօր է պատմական ճշմարտութիւնը քաղաքական որորգայթներու անդառնալի փորձութեան մատնելուն։

Հայաստանի Անկախութեան հռչակագրին մէջ ներառուած հետեւեալ ենթաբաժինը՝ «Հայաստանի Հանրապետութիւնը սատար է կանգնում 1915 թուականին Օսմանեան Թուրքիայում եւ Արեւմտեան Հայաստանում Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործին», վերահաստատում մըն է եւ հայ ազգի պատմական յիշողութիւնը վառ պահելու այն ապացոյցն է, որ Արեւմտեան Հայաստան կոչուող աշխարհագրական տարածքին վրայ ապրող եւ արարող ազգի մը ստուար հատուածը ծրագրուած բնաջնջման ենթարկուած է։

Պատմական արհաւիրքի իրողութիւնն ու ճշմարտացիութիւնը վերստին չափակշռման ենթարկելու փորձութիւնը պետական որեւէ ղեկավարի մը կողմէ դաւադիր հարուած է մեր ազգային շահերուն։ Հայ ժողովուրդի պահանջատիրութիւնը նսեմացնելու որեւէ քայլ հարուած կը հասցնէ հայութեան կողմէ ցեղասպանութեան ճանաչման երկարամեայ պայքարին, Միացեալ Նահանգներէն մինչեւ Եւրոպա, Աւստրալիայէն մինչեւ Միջին Արեւելք։

2020 թուականի Յուլիսին հրապարակուած ՀՀ Ազգային անվտանգութեան ռազմավարութան հայեցակարգի «Ցեղասպանութիւն եւ կանխարգիլում» ենթաբաժնի 5.17, 5.18, 5.19 կէտերուն մէջ յաջորդաբար արձանագրուած են.

– Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը եւ դատապարտումը մեծ աւանդ է ներդնում նոր ցեղասպանութիւնների կանխարգելման գործում:

– Թուրքիայի կողմից Հայաստանի եւ հայ ժողովրդի համապարակ անվտանգութիւնը յարգելը Հայոց ցեղասպանութեան զոհերի եւ նրանց ժառանգների իրաւունքների պաշտպանութեան մասն է կազմում:

– Թուրքիայի կողմից Հայոց ցեղասպանութեան, դրա զոհերի եւ նրանց ժառանգների իրաւունքների ճանաչումը կը ձեւաւորի նպաստաւոր պայմաններ Հայոց ցեղասպանութեան հետեւանքների յաղթահարման համար:

Հայաստանի Հանրապետութեան որեւէ ղեկավար իրաւունք չունի հայ ժողովուրդի պատմական յիշողութիւնը կամայականօրէն այլակերպելու եւ իմաստազուրկ եզրոյթներով ձեւաւորելու։ Նման ընթացք պարզապէս դաւադրութիւն է հայ ժողովուրդին եւ սփիւռքահայութեան հանդէպ։ Սփիւռքը հետեւանքն է 20-րդ դարու մարդկային առաջին եղեռնագործութեան՝ Հայոց Ցեղասպանութեան։ Պահանջատիրութիւնը աշխարհատարած հայութեան գոյութենական ինքնաճանաչութեան հիմնաքարն է։ Հրաժարի՛լ սեփական արդար իրաւունքներէն ու պահանջատիրութենէն՝ համազգային ինքնասպանութիւն է։

«Հորիզոն»ի խմբագրական

Share