«ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէ» ստորագրութեամբ յայտարարութիւն մը և մոլորեցնող լրատուութիւն

«ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէ» ստորագրութեամբ յայտարարութիւն մը և մոլորեցնող լրատուութիւն

Մամլոյ Հաղորդագրութիւն

Սոյն թուականի Հոկտեմբեր 10ին, Լոս Անճելըսի «Ասպարէզ» օրաթերթին մէջ հրապարակուեցաւ «ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէ» ստորագրութեամբ յայտարարութիւն մը, որուն հեղինակները վաղուց հեռացուած կամ արտաքսուած են մեր շարքերէն ու ոչ մէկ կապ ունին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հետ։ Աւելի քան տարի մը առաջ արդէն հրապարակաւ յայտարարած էինք նաեւ, որ «Ասպարէզ»ը, բռնազաւթուած ըլլալով ապօրինի խմբակի մը կողմէ, ոչ մէկ կապ ունի Հ.Յ.Դաշնակցութեան մամլոյ մեծ ընտանիքին հետ։

Այս կէտը կը յայտնենք բոլոր լրատուամիջոցներու եւ հանրութեան ուշադրութեան, մանաւանդ անոր համար, որ կարգ մը հարթակներ, գիտնալով հանդերձ այս իրողութիւնը, մոլորեցնող լրատուութիւն կը տարածեն։

Հայաստանի ու Արցախի շուրջ վերջին զարգացումներուն նկատմամբ Հ.Յ.Դաշնակցութեան կեցուածքները յստակ են ու դրսեւորուած՝  Բիւրոյի 8 Հոկտեմբեր 2022ին հրապարակած յայտարարութեամբ։

Հ.Յ.Դ. Արեւմտեան ԱՄՆ Կեդր. Կոմիտէ

Լոս Անճելըս, 13 Հոկտեմբեր 2022

Share