ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի (Ֆրանսա, Հոլանտա, Պելճիքա) 85-րդ Շրջանային ժողովը գումարուեցաւ 4-5-6 Ապրիլին, Փարիզի մէջ, մասնակցութեամբ ՀՅԴ Բիւրոյի, Հայ Դատի, Նոր Սերունդի եւ պատանեկան միութեան ներկայացուցիչներու, հրաւիրեալ ընկերներու եւ ինը կոմիտէութիւններու պատգամաւորներու:
Եռօրեայ նիստերու ընթացքին, խորքային քննարկումներ եղան կազմակերպական, քաղաքական, երիտասարդական, Հայ Դատի, քարոզչական, ուղեկից միութիւններու, համայնքի առնչուող հարցերու եւ տրուեցան համապատասխան որոշումներ:
Շրջանային ժողովը, ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի կառոյցի անվերապահ զօրակցութիւնը յայտնեց ՀՅԴ Հայաստանի կառոյցին՝ իբրեւ հայրենի գործող իշխանութիւններուն քաղաքական դաւադիր վարքագիծը մերժող ու անոր դէմ պայքարող ընդդիմադիր ուժ, ինչպէս նաեւ վերահաստատեց Արցախի ազատագրութեան եւ հայ ժողովուրդի պատմական իրաւունքներու վերատիրացման գծով իր մշտանորոգ յանձնառութիւնը:
Շրջանային Ժողովը երկարօրէն քննարկեց եւ համապատասխան որոշումներ տուաւ Ֆրանսայի 2026-ի քաղաքապետական ընտրութիւններուն կապուած հարցերու գծով, ինչպէս նաեւ ՝ 2027-ին կայանալիք նախագահական ընտրութեան օրակարգով:
Ժողովի աւարտին, յառաջիկայ երկու տարիներուն ընտրուեցաւ նոր Կեդրոնական Կոմիտէ, հետեւեալ կազմով.
Հրաչ Վարժապետեան,
Պերճ Քերթէշեան,
Նուպար Վարդանեան,
Անահիտ Յակոբեան,
Շահէ Մատէնեան,
Կարօ Խաչիկեան,
Վարանդ Ոսկիանեան,
Էդիկ Քոթանճեան,
Նոնիկ Օհաննէսեան:
Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչն է Հրաչ Վարժապետեան:
6 Ապրիլ 2025
Փարիզ