Անյետաձգելի պահանջ է հայրենիքի մէջ ազգային իշխանութեան ձեւաւորումը

Անյետաձգելի պահանջ է հայրենիքի մէջ ազգային իշխանութեան ձեւաւորումը

ՀՅԴ ԱՄՆ Արեւմտեան Շրջանի 59-րդ Արտակարգ Շրջանային Ժողովի Յայտարարութիւն

Վերջերս Ուաշինկթըն կատարած այցելութեան ընթացքին ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան իր ազգակործան քայլերու շղթային օղակ մը եւս աւելցուց, երբ անպատասխանատու յայտարարութիւններով կասկածի տակ առաւ Հայոց Ցեղասպանութեան պատմական փաստը: Աշխարհի բազմաթիւ երկիրներու եւ պատմագիտական հեղինակաւոր կառոյցներու կողմէ անժխտելի ճանաչումին արժանացած եւ արդար հատուցման սպասող Հայոց Ցեղասպանութեան փաստը կասկածի տակ կը դրուի մեր սեփական հայրենիքի իշխանութիւնը զաւթած վարչապետ կոչեցեալին կողմէ:

Միւս կողմէ, Պաքուի ցեղասպան ռեժիմին կողմէ բեմականացուած «դատարաններու» մէջ կը շարունակուի Արցախի ռազմա-քաղաքական ղեկավարութեան դատը, ՀՀ ներկայ իշխանութիւններու քար լռութեան ներքոյ:

Աւելին, Պաքուի ոճիրներուն դէմ դատական յայտերէն հրաժարելու պատրաստակամութիւն կը յայտնեն ՀՀ յանցաւոր իշխանութիւնները:

Թշնամի պետութեան քաղաքական օրակարգին ծառայող այս քայլերը չէին կրնար ցասումի ալիք չբարձրացնել Սփիւռքի եւ հայրենիքի մէջ: Այս հակազգային մօտեցումները ալեկոծած են Հայրենիքի և հայութեան իրաւունքները պահանջող բոլոր հայկական շրջանակները:

Ուստի, ՀՅԴ 35-րդ Ընդհանուր ժողովի նախօրեակին գումարուած ԱՄՆ Արեւմտեան շրջանի արտակարգ Շրջանային Ժողովը խստօրէն կը դատապարտէ հայ ժողովուրդի պահանջատիրութիւնը հարուածող եւ Թուրքիոյ ու Ատրպէյճանի ցեղասպանական ծրագիրներուն նպաստող այս հակազգային քաղաքականութիւնը, որուն հետեւանքով Հայաստան կանգնած է անվտանգային լրջագոյն սպառնալիքներու առջեւ։

ՀՀ իշխանութիւնները ոչ միայն ի վիճակի չեն դիմագրաւելու առկայ մարտահրաւէրները, այլ նաեւ իրենց «խաղաղութեան» կեղծ օրակարգով ու հայ ժողովուրդի անժամանցելի իրաւունքները ոտնակոխելով՝ աւելի կը խորացնեն եւ նորանոր վտանգներ կը ստեղծեն հայ ժողովրդին համար։

Հետեւաբար, Շրջանային Ժողովը համոզուած է, որ

  • Անյետաձգելի պահանջ է հայրենիքի մէջ ազգային իշխանութեան ձեւաւորումը:
  • Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ փոխհատուցման հարցը եւ Հայ Դատի հետապնդումը կը շարունակեն մնալ իբրեւ համազգային օրակարգ:
  • Շրջանիս կուռ կազմակերպումը եւ արդիականացումը լծակներ են միջազգային բեմերու վրայ հայութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան:
  • Հայ ինքնութեան պահպանութեան կողքին՝ յանձնառու կը մնանք հայրենիքի օժանդակութեան  և մեր կարողականութիւնը դէպի երկիր ուղղելուն:          

Առ այդ, կը վերահաստատենք աննկուն կամքով պայքարելու մեր վճռականութիւնը, յանուն Հայաստանի, Արցախի եւ բովանդակ հայ ժողովրդի անսակարկելի իրաւունքներու ձեռքբերման, Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման և հատուցման:

09 Փետրուար 2025

Share