Յայտարարութիւն ՀՅԴ 35-րդ Ընդհանուր ժողովի

Յայտարարութիւն ՀՅԴ 35-րդ Ընդհանուր ժողովի

ՀՅԴ 35-րդ Ընդհանուր Ժողովը գումարուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ամբողջ հայութեան համար աշխարհաքաղաքական եւ ներազգային լրջագոյն մարտահրաւէրներու, Արցախի Հանրապետութեան բռնագրաւման, Արցախի մէջ տեղի ունեցած ցեղասպանութեան, Հայոց պետականութեան դէմ ուղղուած գոյութենական սպառնալիքներու ժամանակահատուածի մը մէջ։

Պատերազմներով ընկերացող համաշխարհային վերադասաւորումները, միջազգային կառոյցներու (ինստիտուտներու) եւ միջազգային օրէնքի, ինչպէս նաեւ զսպումի արդիւնաւէտ մեքանիզմներու բացակայութիւնը անվտանգային մարտահրաւէրներ են Հայոց պետականութեան լինելիութեանն ու հայկական համայնքներու կենսունակութեան համար։

44-օրեայ պատերազմէն վերջ տարածաշրջանէն ներս խախտուած ռազմաքաղաքական հաւասարակշռութիւնը, Ատրպէյճանի շարունակական ռազմատենչ նկրտումներն ու ՀՀ իշխանութիւններու որդեգրած խաղաղութեան կեղծ օրակարգը անվտանգային նոր սպառնալիքներ կը ստեղծեն։

Թէ՛ թուրք-ատրպէյճանական առանցքի (տանդեմի), թէ՛ ալ ՀՀ վարչախումբին համար առաջնահերթ թիրախ են ազգային ինքնութենական արժէքներն ու ազգային գաղափարախօսութիւն դաւանող ուժերը։

Հայաստանի անվտանգային և կառավարման ճգնաժամը, ներազգային թշնամանք հրահրելու եւ Սփյուռքը պառակտելու իշխանութեան քայլերը կը խորացնեն հանրային յուսալքութիւնը։

Քննելով իրավիճակը, ՀՅԴ 35-րդ Ընդհանուր Ժողովը հաստատեց․

Մրցունակ, նոր որակի ազգային պետութեան կառուցումը եւ հայկական ինքնութեան պահպանումը ՀՅԴ-ն կը հռչակէ ռազմավարական նպատակ եւ կը հայտարարէ պայքարի վճռական հանգրուանի մասին։

Ըստ այնմ կը սահմանուին ռազմավարական հետեւեալ առաջնահերթութիւնները՝

• Հայոց անկախ պետականութեան հզօրացում, տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան վերականգնում, ժողովրդավարական, իրաւական, ընկերայի (սոցիալական) պետութեան կերտում՝ Անկախութեան հռչակագրի տառին ու ոգիին համապատասխան,
• Արցախի ազատագրման օրակարգին շուրջ համազգային համախմբում, միջազգային իրաւաքաղաքական երաշխիքներու գործադրումով՝ արցախահայութեան հաւաքական վերադարձի եւ հիմնարար միւս իրաւունքներու իրացում,
• Հայոց բանակի, պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան համակարգերու ամրապնդում,
• Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ հատուցման իրաւունքի հետապնդում,
• Ազգային եւ պետական շահերու վրայ կառուցուած, անվտանգային սպառնալիքները յաղթահարող արտաքին քաղաքականութեան որդեգրում,
• Սփիւռքի կազմակերպական հզօրացում, համահայկական օրակարգերու շուրջ ազգային եւ քաղաքական համախմբում։

Միաժամանակ, ՀՅԴ 35-րդ Ընդհանուր Ժողովը հաստատեց.

ՀՀ իշխանութիւններու որդեգրած ապազգային եւ ապապետական ընթացքը կասեցնելու, հայրենիքի անվտանգութիւնը երաշխաւորելու, կենսունակ հայկական պետութիւն ունենալու, ընկերային արդարութիւն հաստատելու, ներազգային համապարփակ ճգնաժամը յաղթահարելու եւ ՀՅԴ ռազմավարական նպատակները իրագործելու անհրաժեշտ պայմանը իշխանափոխութիւնն է:

ՀՅ Դաշնակցութիւնը լի է վճռականութեամբ եւ պատրաստակամ է պետականութեան եւ ազգային ինքնութեան պահպանման ու զարգացման օրակարգի շուրջ գոյացնել համազգային համախմբում։

Մարտ 6, 2025, Ծաղկաձոր

Share