ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէի յայտարարութիւնը

ՀՅԴ Քանատայի Կեդրոնական կոմիտէի յայտարարութիւնը

Տասնամեակներ շարունակ, 24 ապրիլի օրը, Գանատահայութիւնը հաւաքուած է Օթթաուա՝ Գանատայի քաղաքական պաշտօնատարներու հետ ոգեկոչելու Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ պահանջելու արդարութիւն ցեղասպան թուրք պետութենէն:
 Իբրեւ ուխտապահներ եւ ժառանգներ Հայոց Ցեղասպանութեան, Օթթաուայի մէջ պիտի շարունակենք մեր երթը՝ Հայ Դատի քաղաքական աշխատանքներով եւ երիտասարդ մեր փաղանգներու պահանջատիրական առաքելութիւններով։

Այս տարի, մեր մօտեցումը կը զարգացնենք՝ այնպէս մը, որ Օթթաուայի մէկ ընդհանրական հաւաքին եւ քայլարշաւին փոխարէն, ապակեդրոնացեալ համայնքային զօրաշարժով միջոցառումներ տեղի ունենան Գանատայի տարբեր քաղաքներու մէջ, ոգեկոչումի եւ արդարութեան մեր պատգամը աւելի լայն հասարակութեան հասցնելու եւ մեր քարոզչութիւնը յաւելեալ ծաւալելու նպատակով։

Այս զարգացումը մեր պայքարի ուժգնութեան արտացոլումն է։ Պահանջատիրական մեր շարժումը պիտի դարձնենք աւելի մատչելի, տեսանելի եւ ազդեցիկ։ Արդարութեան պահանջը մէկ վայրի հետ կապուած չէ. ան կը պատկանի իւրաքանչիւր հայու, ուր որ ալ գտնուի ան։

Կը քաջալերենք մեր համայնքի բոլոր անդամները որ հետեւին իրենց բնակած քաղաքներուն մէջ տեղի ունենալիք ձեռնարկներու մանրամասնութիւններուն եւ մասնակցին խիտ շարքերով։ Միասին, կը շարունակենք մեր անսասան պայքարը յանուն ճշմարտութեան եւ արդարութեան։

ՀՅԴ Գանատայի Կեդրոնական Կոմիտէ

Share