Առաջնորդ սրբազան հօր խօսքը Լիզպոնի հինգի նահատակութեան 40-ամեակին առիթով

Առաջնորդ սրբազան հօր խօսքը Լիզպոնի հինգի նահատակութեան 40-ամեակին առիթով

Յանուն Հայ Դատի արդար լուծման, ազգային պահանջատիրական մեր երթին ոսկեայ մէկ օղակը կը կազմէ՝ 1983-ին, Լիզպոնի մէջ, իրենց թարմ կեանքերը զոհած Արա, Վաչէ, Սարգիս, Սեդրակ, Սիմոն անուն հնգեակը: Հայ հինգ հերոսներ, որոնք իրենց անհատական կեանքէն վե՛ր դասեցին ազգ ու հայրենիք եւ ինքնազոհաբերական արարքով աշխարհին նետեցին նահատակութեան ձեռնոց, բոլորին առջեւ վերաշեշտելու համար, որ հայը նահատակուի՛լ գիտէ իբրեւ հայրենասէր, հայը իր անձը զոհե՛լ գիտէ պատմական արդարութեան հաստատման համար, հայը իր արեան գնո՛վ իսկ գիտէ տէր կանգնիլ հայ ազգի բռնագրաւուած հողերուն ու իրաւունքներուն:

Լիզպոնի Հինգի նահատակութեան 40-րդ տարելիցին առիթով, կը խոնարհեցնենք մեր գլուխները Լոյսին հասած մեր տղոց յիշատակին առջեւ՝ յուսալով եւ մաղթելով, որ քաջարի այս «խենթ»երուն հետապնդած նպատակները Երկնքի՛ միջամտութեամբ եւ հայութեան բռունցքով իրականութիւն դառնան ազգի ու հայրենեաց կեանքին մէջ, փրկուին Արցախն ու արցախցիները անհայրենիք մնալու մերօրեայ սպառնալիքներէն, Հայաստանի պետականութիւնը ամրանայ յաւիտենապէս, Հայ Եկեղեցին հաւատքի «նորափետուր» հանդերձանք հագնի, հայոց Ոսկեղնիկը վարարի ընտանեաց օճախներու եւ զաւակաց բոլոր օրերուն մէջ, հայկական-ազգային մշակոյթը վերանորոգ թափով շուրջպար բռնէ աշխարհի չորս ծագերուն, Կոմիտասի «հորովել»ը անխափան հնչէ գալիք բոլոր դարերուն, իսկ հայոց ցեղի հին ու նոր բոլոր նահատակները հայրենեաց երկինքը կամրջեն Վերին Երուսաղէմի յաղթականներուն:

Լիզպոնի Հինգը նաեւ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի յաւերժութեան կնիք կը կրեն: Թող աստուածային խաղաղութիւնը, սէրն ու օրհնութիւնը կամար կապեն համայն հայութեան եւ Հայաստանի կեանքին մէջ, փրկուին ազգ ու հայրենիք չարին որոգայթներէն եւ մեր ներկայ օրերու դառնաղի հարուածներէն:

Բի՜ւր պատիւ Լիզպոնի Հինգին եւ անոնց ընդմէջէն հայ ազգի բոլոր նահատակներուն:

Այս առիթով կը թելադրենք մեր հոգեւոր Հովիւներուն եւ Հոգաբարձական կազմերուն, որ Կիրակի, 30 Յուլիսին, յաւարտ Ս. եւ անմահ Պատարագի, հանդիսաւոր Հոգեհանգիստ կատարեն Լիզպոնի Հինգի քաջարի հոգւոց համար:

Թորգոմ Եպս. Տօնոյեան, Առաջնորդ

Ա.Մ.Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի

Share